ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Փոտքեսթ» յայտագիրին հիւրը:
Յ. Բագրատունի հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ընտանիքին` մեծ հօր ու նախահայրերուն կրած տառապանքներուն եւ իրենց կրած Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն` իբրեւ յաջորդող սերունդներ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ անձնաթուղթին մէջ ան ի՛նչ մականուն կը կրէ` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Բագրատունեան, եւ անիկա ունի իր պատմութիւնը: Նախահայրերս Տիգրանակերտէն են: Ցեղասպանութեան ընթացքին թուրքերը սպաննած են մեծ հայրս: Մեծ հայրս Տիգրանակերտի մէջ դպրոցի տնօրէն էր, եւ զայն սպաննելէ ետք անոր արիւնաթաթախ հագուստները բերած են ընտանիքին` պահանջելով նոր հագուստներ` գողութեան նպատակով: Ցեղասպանութենէն ետք հայրս, հօրաքոյրս եւ մեծ մայրս տեղահանուած են եւ Տէր Զօրի անապատներէն անցնելով հասած են Պէյրութ: 9 տարեկան հայրս ամօթխածութեամբ, գնած է ներկի սնտուկ մը եւ ուղղուած Պէյրութի նաւահանգիստ, որպէսզի մարդոց կօշիկները մաքրէ եւ ներկէ: Օր մը մայրաքաղաքի բնակիչներէն մէկը կը հանդիպի հօրս եւ կօշիկը մաքրելէ ետք ոտքով կը հարուածէ անոր ներկի տուփը եւ նախատական խօսքեր կ՛ուղղէ անոր` ըսելով, որ դուք հայերդ տեղահանուածներ էք, եկած էք եւ մեր ապրուստը կը գողնաք, ճամբաները կը գոցէք եւ այդ բոլոր «գեղեցիկ» բառերը, որ ցայսօր կը լսենք: Այս դէպքէն ետք հայրս կ՛որոշէ վերջ տալ իր աշխատանքին եւ երթալ աշխատիլ գործարանի մը մէջ ու ապա ունենալ իր անձնական վաճառատունը: Ան կ՛աշխատի Տանձիկեաններուն գործարանին մէջ եւ 19 տարեկանին Ժըմմէյզէի մէջ կ՛ունենայ իր անձնական վաճառատունը` նորոգելով օճախի եւ լիւքսի յատուկ գործիքներ: Այս միջոցին հայրս կ՛որոշէ մականունը Բագրատունիէն վերածել Բագրատունեանի, որպէսզի Պէյրութի եւ այլ շրջաններու բնակիչները իմանան, թէ հայը ուրիշին ապրուստը չէ, որ կը խլէ եւ ոչ ալ ճամբաները կը փակէ, այլ իր ճակտին քրտինքով կ՛աշխատի ու իր ապրուստը կը վաստկի: Ան շատ մօտ էր եկեղեցւոյ եւ աւելի ուշ սկսաւ նաեւ եկեղեցական իրեր վաճառել, եւ հետաքրքրական էր, որ Ֆրերներու դպրոցի աշակերտները անոր վաճառատան առջեւէն անցնելու պահուն կը խաչակնքէին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ անկարելի է Ցեղասպանութեան յիշատակը վառ չպահել, որովհետեւ անկարելի է ընդունիլ, որ ամբողջ ժողովուրդ մը իր հողերէն տեղահան ըլլայ եւ բնաջնջումի ենթարկուի: «Ինչո՞ւ ես մեծ հայրս լուսանկարով նոյնիսկ չեմ ճանչցած, եւ ինչո՞ւ մեծ մայրս տակաւին մինչեւ վաթսունական թուականները միշտ սեւազգեստ պէտք էր ըլլար: Ես մէկ օրինակն եմ, ինծի նման մէկուկէս միլիոն օրինակ կայ, մէկուկէս միլիոն մարդ` 400 հազար ընտանիքի մասին է խօսքը, այնպէս ինչպէս այսօր է Կազայի իրավիճակը: Եթէ մենք մեր հաւաքական յիշողութիւնը կորսնցնենք, ամէն ինչ կորսնցուցած կ՛ըլլանք: Այս դիտանկիւնէն, ինծի համար միշտ ալ զարմանալի եղած է այն իրականութիւնը, որ լիբանանցին կը մոռնայ Լեռնալիբանանի սովը: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդին սովամահ ըլլալու իրողութիւնը, երբ Էնվեր փաշա կը յայտարարէ, թէ ինք հայոց բնաջնջումը իրագործած է սուրով, իսկ լիբանանցիներուն բնաջնջումը` Լեռնալիբանանը սովի ենթարկելով: Ցաւ ի սիրտ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կարելի չեղաւ Լեռնալիբանանի սովին նուիրուած յիշատակի օր մը ճշդել: Օրին աշխատեցանք երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրի հետ, եւ կարելի չեղաւ այդ մէկը կատարել, իսկ այս իրողութեան մէջ ամէնէն ցաւալին այն է, որ այդ օրինագիծը քրիստոնեայ երեսփոխաններուն կողմէ մերժուեցաւ եւ մոռացութեան ենթարկուեցաւ: Հոս կու գայ նաեւ Լիբանանի Նահատակաց օրը Մայիս 6, որ վերածուեցաւ Մամլոյ նահատակներու յիշատակի օրուան: Այս մէկը պատմութեան նենգափոխում է, որովհետեւ Պէյրութի եւ Դամասկոսի հրապարակներուն վրայ կախաղաններ բարձրացողները իսլամ շէյխեր էին, քրիստոնեայ հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ լրագրողներ: 6 մայիսը խորհրդանշող այս պատմական ցաւալի դէպքին յիշատակը փոփոխութեան ենթարկեցին, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ նեղուած մարդ կար, կամ կային լիբանանցիներ, որոնք Թուրքիան գոհ կ՛ուզէին պահել: Այսպէս է, որ պատմութիւնը կը մոռցուի եւ կը նենգափոխուի, եւ երբ յիշողութիւնը կը ջնջուի, նո՛յն ոճիրները եւ նո՛յնպիսի ցեղասպանութիւններ կը կրկնուին», հաստատեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր կա՞ն հայեր, որոնք Թուրքիա կ՛երթան, առեւտուր կը կատարեն եւ թրքական արտադրութիւն կը վաճառեն, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Դժբախտաբար այո՛, այնպէս ինչպէս այն լիբանանցիները, որոնք Իսրայէլի հետ կը գործակցէին: Այս իրականութիւնը սակայն մեր յիշողութեան վրայ չ՛ազդեր, տակաւին վեց ամիս առաջ Արցախի մէջ մենք ապրեցանք այլ ցեղասպանութիւն: 9 ամսուան շրջափակումէ ետք բռնագրաւում, ոճիրներ եւ բռնագաղթ ու ցեղային զտում, որուն մասին միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ ըսաւ, որ ասիկա ցեղասպանութիւն է: 9 ամսուան շրջափակում, 120 հազար հայու տեղահանութիւն եւ աշխարհին կողմէ ոչ մէկ խօսք»:
Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց նաեւ, որ ինք խստիւ քննադատած է լիբանանեան քաղաքական ուժերը, յատկապէս ՀՅԴ-ի դաշնակիցիները, որոնք այս մասին դատապարտումի նուազագոյն կեցուածքով հանդէս չեն եկած:
Երեսփոխան Բագրատունի, մէջբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ազդեցիկ պատգամը, յայտնեց. «Ես ժառանգորդն եմ մեծ հօրս, որ սպաննուեցաւ, իսկ Էրտողան ժառանգորդն է ոճրագործին, որ սպաննեց: Հետեւաբար մեզի համար նախապայման է, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կատարէ նիւթական ու բարոյական հատուցումները եւ ապա նստի բանակցութեան սեղան: Հայաստանի իշխանութիւնները ունին իրենց սեփական հաշիւները, իսկ մեզի համար դատապարտելի է հայ ժողովուրդին իրաւունքներէն եւ հողերէն կատարուած ամէն զիջում»:
Պատանի տարիքէն ՀՅԴ-ին անդամակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական կեանքն ու քաղաքականութեան մարզը միշտ ալ հրապուրած է զինք` աւելցնելով, որ վաթսունական թուականներուն մթնոլորտը ամբողջ պայքարի մթնոլորտ էր:
Ի՞նչ կ՛ըսէք այն յայտարարութիւններուն, որ ինչպէս հայերը լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացան, նոյնպէս այլ սուրիացի տեղահանուածներուն թող տրուի լիբանանեան քաղաքացիութիւնը: Նշեալ հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ չի փափաքիր պատասխանել այս հարցումին` սկսելով 2000 տարի առաջ Մեծն Տիգրանի Լիբանան հասնելուն օրերէն, սակայն կարելի է 300 տարի առաջ երթալ եւ տեսնել հայութեան ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ: 275 տարի առաջ Զմմառու վանքը, իսկ Պէյրութի սիրտին վրայ 1850-ին կառուցուած Ս. Նշան եկեղեցին պատահականութիւններ չեն: Բոլորը պէտք է իմանան, որ լիբանանցիները բոլորն ալ տեղահանուածներ են ու Օսմանեան կայսրութեան բնակիչներ եւ բոլորը իրենց լիբանանեան ինքնութիւնը ստացած են հաւասարապէս եւ նոյն ժամանակաշրջանին, ուրեմն անոնք պէտք է վերջ տան յաւելաբանութիւններուն:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը կրկնուող ցեղասպանութիւն է` ընդգծելով, որ կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր տակառ մը նաւթը շատ աւելի կարեւոր է հազարաւոր նահատակներէն:
Ներքին լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, յատկապէս նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երբ պաշտօնապէս նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստ ճշդուի եւ թեկնածուներուն անունները յայտարարուին, հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ մեր քուէն, որովհետեւ ան պիտի ըլլայ համախոհութեամբ ընտրուող թեկնածուն:
«Ոչ ոք թող մտածէ, որ առանց համախոհութեան եւ առանց ընդարձակ համաձայնութեան նախագահական ընտրութիւն կարելի է կատարել: Համաձայնութիւնը պիտի ըլլայ փաթեթային, այնպէս ինչպէս էր Թաէֆի եւ Տոհայի մէջ», շեշտեց ան:
Սուրիացի տեղահանուածներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համոզուած է անոնց տունդարձի իրաւունքին:
Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմի բռնկումին մասին ան շեշտեց, որ պատերազմին դրդապատճառները միշտ ալ մոռացութեան կ՛ենթարկուին` հաստատելով, որ անոր պատճառը իսրայէլեան բռնագրաւումն է:
«Անշուշտ մենք պատերազմի երկրպագուներ չենք, եւ չեմ հաւատար, որ կան մարդիկ, որոնք նահատակուելու համար կ՛ապրին, սակայն պատերազմը մեր վրայ պարտադրուած է, եւ կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւրը իր ձեւով կը դիմադրէ», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի ճակատը Կազային օժանդակելու ճակատ է, եւ բախման կանոնները կը յարգուին:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն նուազ հայկական քուէներու իրականութիւնը քաղաքական որոշումներու եւ կեցուածքներու պատճառով չէ` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն քուէները նուազած են:
Անկեղծ հարցազրոյց մը ունեցողի գոհունակութեամբ հաղորդավարին երախտագիտական խօսքերուն պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք նոյն կեցուածքները նոյն անկեղծութեամբ կ՛արտայայտէ ուր որ է` պետական անձնաւորութիւններուն, իշխանութեան պետերուն, դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն, ժողովուրդին թէ դռնփակ հանդիպումներու ու հարցազրոյցներու ընթացքին:


