Կիրակի, 28 ապրիլի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, Պուրճ Համուտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ եւ աւանդական ծաղկեպսակի զետեղում:
«Սարդարապատ» ակումբէն, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` դէպի խաչքար, մասնակցութեամբ շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան եւ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին:
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները: Բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մահսէրէճեան, որ դիտել տուաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներուն կողմէ յաջորդող սերունդներուն փոխանցուած ապրումներն ու պատմութիւնները լոկ պատմութիւն չմնացին, որովհետեւ այսօր մենք մեր սեփական աչքերով ականատես կը դառնանք նոյնինքն Թուրքիոյ ծրագրած եւ Ազրպէյճանի գործադրած երկրորդ ցեղասպանութեան, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէ թուրքին ախորժակներուն ոչ միայն նոյնը մնալը, այլ` անոնց սրիլը: «Վառ օրինակը` 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի դէմ շղթայազերծուած յարձակումն ու հայաթափումը, իսկ հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու` Տաւուշի մարզի միակողմանի զիջումով 4 գիւղերու յանձնումի գործընթացը, որ կ՛իրականանայ նոյնինքն Հայաստանի իշխանութեան կողմէ», ըսաւ ան:
Մարալ Մահսէրէճեան դիտել տուաւ, որ հակառակ այս բոլորին` հայութիւնը եւ յատկապէս սփիւռքահայութիւնը չեն նահանջեր ու չեն ընկրկիր, այլ աւելի կը զօրանայ եւ կ՛ամրանայ անոնց պայքարի ոգին: Ան շեշտեց, որ մենք ու ներկայ սերունդը շատ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ պէտք է մօտենանք Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն եւ սատար հանդիսանանք` վերականգնելու կորսուածը եւ չընդունելու Հայաստանի ներկայի իշխանութիւններուն յանձնուողական քաղաքականութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» պողոտային վրայ կայացած այդ հաւաքով կը վերանորոգուի հայութեան ուխտը` 1915 թուականի մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ անոնց յաջորդող Հայ դատի եւ արցախեան պահանջատիրութեան ճամբուն ինկած բազմահազար նահատակներուն առջեւ, որ լիբանանահայութիւնը ամուր կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն եւ արժանիքներուն` շարունակելու արդար Դատի պահանջատիրական աշխատանքները:
Ապա ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն Սէրլի Ճենանեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»-ը, իսկ նոյն մասնաճիւղէն Լոռի Յովսէփեան նուագեց սրինգի վրայ` «Երազ իմ երկիր հայրենի» եւ «Թռչէի մտքով տուն»:
Օրուան պատգամը յղեց Տիգրան Ճինպաշեան, որ ըսաւ, թէ Ցեղասպանութենէն 109 տարի ետք, այսօր ալ կայ ցեղասպանութիւն, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը գործադրուի:
«Ցեղասպանութիւնը Արցախի կռիւներով սկսաւ, Արցախի կռիւներով շարունակուեցաւ եւ վերջ ի վերջոյ քանի մը տարի ետք, երբ որ յանգեցաւ Արցախի պարպումին, միջազգային կազմակերպութիւններ նաեւ ըսին, որ սա ցեղասպանութիւն է», ըսաւ ան:
Պատգամաբերը յիշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրէն առաջ կը գործածուէր Մեծ եղեռնը, երբ գաղթական ժողովուրդը հաւաքուած աշխարհով մէկ, զանազան տեղեր, ամէն տարի կ՛ոգեկոչէր ապրիլ 24-ը եկեղեցիներուն մէջ յատկապէս, ուր կ՛ըլլային նաեւ վերապրողները, որոնք երբեմն կու լային, կար յուզում եւ գաղթականութեան ծանր պայմաններ: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը վերապրումի կամքով ոտքի կանգնեցաւ, բարելաւեց իր վիճակն ու պայմանները, եւ 1965 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին, յանկարծ ժողովուրդը պոռթկաց, մէկդի դրաւ ողբը եւ իբրեւ պահանջատէր ներկայացաւ ոչ միայն սփիւռքի մէջ, այլ նոյնիսկ` Հայաստանի:
Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ, որ այդպիսով վիճակը փոխուեցաւ, ցեղասպանութիւնը դարձաւ միջազգային օրէնքի նիւթ եւ սահմանում, միջազգային քանի մը կազմակերպութիւններ իրենց փաստաթուղթերուն մէջ գրեցին, որ եղածը թերեւս պատմական առաջին ցեղասպանութիւնն է: «Այն ատեն Ցեղասպանութիւնը մեզի համար դարձաւ կենսակէտ, դարձաւ պահանջատիրութիւն, աշխատանք ու կեանք»:
Ան ըսաւ, որ պահանջատիրութիւնը դարձաւ հայութեան կենսակերպը, սկսան պահանջատիրական հաւաքները, հայ ժողովուրդը հասկցաւ, թէ խորքին մէջ այդ ճամբով կարելի պիտի չըլլայ Ցեղասպանութեան փաստը բոլորին կողմէ ընդունելի դարձնել ու նաեւ իրաւունք ստանալ, պահանջներուն գոհացում ստանալ, այլ պէտք է այլ ձեւերու դիմել: Պատգամախօսը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»-ին հաւատացողներու եւ այդ ճամբով գործողներուն կատարած արարքներուն, որոնք միջազգային մակարդակի վրայ լուսարձակ բացին Հայ դատին վրայ:
Ան դիտել տուաւ, որ այս բոլորին կատարողը, բոլորին տէրը սփիւռքն էր, Հայաստան ուղղակի մասնակից չէր, բայց եւ այնպէս, Ծիծեռնակաբերդը ստեղծուեցաւ, մտաւորականութիւնը ձայն բարձրացուց, եւ ժողովուրդին մէջ տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ, մինչեւ հասանք Հայաստանի անկախութիւն: Ան յիշեց, որ 1990 թուականին` անկախութենէն առաջ, վերջին Գերագոյն խորհուրդին մէջ քննուեցաւ անկախութեան հռչակագիր գրելու հարցը, այդ հռչակագիրին մէջ Ղարաբաղի հարցը` Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու խնդիրը, ներառուեցաւ, եւ բաւական դժուարութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նշում եղաւ, բայց եւ այնպէս, Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Ցեղասպանութեան համար պայքարը դարձաւ պետութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը, թէեւ միայն արձանագրուեցաւ, որ Հայաստանի կազմուելիք անկախ պետութիւնը կը նպաստէ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին:
«Բայց այսօր, ահաւասիկ կը գտնուինք կացութեան մը առջեւ, ուր Հայաստանի մէջ` մեր իսկ հայրենիքին մէջ, ձայներ կը բարձրանան` ժխտելով այդ նպաստելու բաժինն ալ: Եթէ նպաստելն ալ կը ժխտուի Հայաստանի մէջ, կը նշանակէ, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է: 109 տարիներէ ի վեր կը շարունակուի եւ այսօր ալ տակաւին ցեղասպանութիւն կայ: Մեր կեանքին մէջ կայ, մեր կեանքին մաս կը կազմէ», ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան եւ անդրադարձաւ մեր ընելիքներուն. «Նախ` պիտի յիշենք եւ գիտակից ըլլանք կատարուածին եւ յիշելու համար այսպիսի կոթողներ պիտի կանգնեցնենք: Յիշելէն ետք պիտի յիշեցնենք գործնական աշխատանքով: Մեր պահանջատիրութեան մէջ անշեղ պիտի մնանք, այնքան ատեն որ այս անժամանցելի պայքարը շարունակելու հնարաւորութիւն ունինք, այդ պայքարը պիտի շարունակենք, մինչեւ որ օրին մէկը հասնինք վերջնական յաղթանակին, մինչեւ որ ոչ թէ Ցեղասպանութիւնը ընդունուի այլ նաեւ Հայաստանը դառնայ իրապէս ազատ, իրապէս անկախ, իրապէս հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն եւ բոլոր բաղձանքներուն արտայայտիչ պետութիւն: Դառնայ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ», եզրափակեց պատգամաբերը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի բարեխօսութեան աղօթքով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: