Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2024-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան հսկում:
Հսկումի ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ, ուր բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Լոռի Գաբրիէլեան: Ան նշեց, որ արդէն 109 տարի անցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ ակամայ գրուած այդ անմոռանալի եւ դաժան արհաւիրքէն, որուն ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը, բայց եւ այնպէս, այդ անմարդկային ցեղասպանութենէն վերապրողները յաջողեցան վերականգնիլ` հաստատելով զօրաւոր եւ անխախտ կառոյցներ համայն աշխարհի մէջ: «Շինեցին եկեղեցիներ, հաստատեցին դպրոցներ, հիմնեցին ակումբներ, յօրինեցին յեղափոխական եւ դաշնակցական երգեր, 109 տարի պահանջեցին ու կը պահանջեն իրենց բռնագրաւեալ հողերը, որուն մէկ փաստը այսօրուան մեր աննման, արծիւի պէս հպարտ կանգնած Այնճար գիւղն է: Կեցցէ՛ բազում չարչարանքներու ենթարկուած ու վերապրած անմահ ու աննման հայ ժողովուրդին անցեալի, ներկայի եւ ապագայի պահանջատէր սերունդը», ըսաւ ԼԵՄ-ականը:
Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայ աւետարանական վարժարանի երգչախումբը` «Դարեր անցան» երգով, «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամները` վերածնունդ եւ յաղթանակ խորհրդանշող կենդանի պատկերով, եւ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեանի վարժարանի պարախումբը` ներկայացնելով «Կարաւան» նազպարը:
Օրուան բանախօսն էր Աշոտ Բագրատունի, որ խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ ամէն տարի, ամէն ապրիլի կը հաւաքուինք, կը հսկենք մեր նահատակներու յիշատակին, կը վերանորոգենք մեր ուխտը` յիշելու, պահանջելու եւ պայքարելու, բայց եւ այնպէս, ան շեշտեց, որ խօսքերը բաւարար չեն` գնահատելու ժողովուրդ մը, որ յաղթահարած է այսքան դժուարութիւններ, յատկապէս` Մուսա Լերան ժողովուրդին նման հաւաքականութիւն մը, որ պայքարի եւ պահանջատիրութեան ընդմէջէն պահած է իր նկարագիրը եւ ազգային պատկանելիութիւնը, հակառակ անոր, որ ան ստիպուած եղած է նաւահանգիստէ նաւահանգիստ մեկնիլ, դիմանալ հիւանդութեան եւ օտարութեան, նոյնիսկ` քաղաքացիական պատերազմի կորուստները հանդուրժելու:
Աշոտ Բագրատունի ընդգծեց. «Ապրիլ մայիսներու յոյսով, այդ է մեր պարտականութիւնը, նոր ու հին ցեղասպանութիւններու վրէժի յոյսով, աշխատանքով նոր մայիսներ կերտելու պարտաւոր ենք, պարտաւոր ենք անզիջող ըլլալ` հողի, նպատակի եւ գաղափարի: Պարտաւոր ենք պարտադրել մեր տեսլականը, ուժը, ազգայինը, յաղթանակը: Փորձելու ժամը չէ, այլ` ընելու, գործելու, յաջողելու: Այլապէս մեր ապագայ սերունդները, մեր զաւակները պիտի չներեն մեզի, երբ մեր պատճառով իրենք եւս դառնան, մեր մեծ հայրերուն նման, անտուն, տանջուին հայրենիքի կարօտով»:
Բանախօսը շեշտեց, որ հայ ըլլալը, հայ մնալը, հայկականութիւնը պահելը դիւրին գործ չէ, եւ օտարութեամբ շրջապատուած, ամէն կողմէ վտանգուած գիւղ մը անառիկ պահելը անկարելի ձեռքբերում մըն է, որ միայն այնճարցին կրնայ ընել` իր յամառ կամքով ու աշխատանքով:
«Այնճարը ծով չունի, այո՛, բայց ալիքները տակաւին կը հարուածեն, բայց մենք ալ ժայռի ծնունդ ենք, գիտենք այդ ալիքներուն դէմ դնել, գիտենք լեռը ձեռնել, դաշտը ոռոգել, հարկ եղած ատեն ջուրով, եւ ի հարկին արիւնով… Վերանորոգենք մեր ուխտը 1,5 միլիոնին եւ Մուսա Լերան հերոսներու փառքով, չմոռնանք հաւատալ մեր գիւղին, գաղութին, ազգին…», եզրափակեց Աշոտ Բագրատունի:
Ձեռնարկը փակուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Լիլի Գապագեանի «Տլէ եաման»-ի երգեցողութեամբ:
Ապա ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ ջահերթ, որուն աւարտին աղօթք բարձրացուցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած բոլոր նահատակներուն յիշատակին: