Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը եւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:
Վեհափառ հայրապետին եւ պապական նուիրակին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանի կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը: