Գաղութային

Ընդառաջելով Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Կոչին` Լիբանանահայութիւնը Համաժողովրդային Քայլարշաւ-Ջահերթով Վերահաստատեց Իր Պահանջատիրութիւնը

Ընդառաջելով Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Կոչին` Լիբանանահայութիւնը Համաժողովրդային Քայլարշաւ-Ջահերթով Վերահաստատեց Իր Պահանջատիրութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պարո՛ն Էրտողան, Մի՛ Փորձեր Սփիւռքը Հակադրել Հայաստանին. Հայաստան Եւ Սփիւռք Մէ՛կ Ամբողջութիւն Են, Մենք Մէ՛կ Ազգ Ենք, Մէ՛կ Պահանջատիրութեամբ» 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ լիբանանահայութիւնը ընդառաջեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի կոչին` խուռներամ շարքերով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւ-ջահերթին եւ ապա Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, որուն ընթացքին երեք քաղաքական...

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց՝ Տէր Կանգնելու Իր Պատասխանատուութեան

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւն

Հայ ժողովուրդը այս տարի կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հարիւրամեայ անպատժելիութեան եւ անհատոյց մնալու փաստը կը շարունակէ իր բացասական անդրադարձը ունենալ համայն մարդկութեան վրայ: Եթէ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկուած ըլլար, չէին ըլլար Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները, յատկապէս 21-րդ դարուն ընթացքին տեղի չէր ունենար Արցախի բնիկ ժողովուրդի տեղահանութիւնը իր պատմական հայրենիքէն, Արցախի ցեղային զտումը, բռնազաւթումը, ինչպէս...

Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբերուն  Նուիրուած Ս. Պատարագ  Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբերուն Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը նշենք ա՛լ աւելի ծանր մարտահրաւէրներու ներքոյ, սակայն` առանց կորսնցնելու փրկութեան մեր հաւատքն ու արդարութեան տիրանալու մեր պայքարի ոգին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ի սկզբանէ ըլլալով ճակատագրակից իր ժողովուրդին, նաե՛ւ պայքարակից է անոր դատին: Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ի առաւօտուն մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակը

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով, կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներ, խմբապետական կազմեր, երէց-պարմանուհի փաղանգներ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը համախմբուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչում: Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան յուշակոթող ու ծաղկեպսակ զետեղեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` առ ի յարգանք նահատակներու անթառամ յիշատակին: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով.   ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ներկայացուցիչները Իրենց Կեցուածքները Ներկայացուցին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի Մէջ Ներկայացուցիչ Էտուարտ Պէյկպետըրին

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ներկայացուցիչները Իրենց Կեցուածքները Ներկայացուցին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի Մէջ Ներկայացուցիչ Էտուարտ Պէյկպետըրին

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 8:45-ին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն պատուիրակութիւն մը այցելեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցչութեան հետ` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Էտուարտ Պէյկպէտըրի: Հանդիպումի սկզբնաւորութեան Պէյկպետըր բարի գալուստ մաղթեց պատանիներուն ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կեդրոնատեղիին մէջ` շեշտելով, որ կառոյցին դռները միշտ բաց են: Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւններէն է, եւ...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին  Նախագահութեամբ Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ  Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Նախագահութեամբ Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին

Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին յարակից Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջափակին մէջ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին պատարագեց եւ հայրենասիրական շունչով քարոզեց Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան` ընդհանուր փոխանորդ Պէյրութի պատրիարքական թեմին: Ս. պատարագին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին կը...

Միացեալ Պաշտամունք` Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով

Միացեալ Պաշտամունք` Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Պէյրութի եկեղեցիներու հովիւներուն, 24 ապրիլի առաւօտեան, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պաշտամունք`  նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին: Օրուան պատգամաբերն էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն պատուելի Ճօ Կարապետեան: Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ժիրայր Ղազարեան պաշտամունքը սկսաւ 54-րդ սաղմոսի խօսքերով, եւ փոխասացաբար ժողովուրդը առաջնորդեց «Հաւատքի յաղթութիւնը» (Եբր. 11) ընթերցուածով եւ աղօթեց:...

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Վարժարաններուն` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Աշակերտական Հաւաք

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Վարժարաններուն` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Աշակերտական Հաւաք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի  աշակերտներու, երկուշաբթի, 22 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած աշակերտական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Լիզա Պաստաճեանի, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ մասնակից վարժարաններու...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան.  «Ու Մունք… Մենք Ենք» Կարգախօսով Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Մշակոյթով Գոյատեւելու Պատգամ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. «Ու Մունք… Մենք Ենք» Կարգախօսով Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Մշակոյթով Գոյատեւելու Պատգամ

Միասնականութեան առաջնորդող «Ու մունք... մենք ենք» կարգախօսով, մեծաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ աւելի քան հազար հայորդիներու ներկայութեամբ, գեղարուեստի միաւորներու ու խումբերու մշակութային բարձրորակ ներկայացումով, բեմական կատարումներուն 230 մասնակիցներով եւ վերապրելու կամք ու շունչ փոխանցող մեծաշուք հանդիսութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը արժանավայել կերպով նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը, որ կազմակերպչական, բեմական եւ գեղարուեստական առումով բարձրորակ էր, այլազան եւ խորհրդաւոր: Առ այդ հովանաւորութեամբ Լիբանանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամով Սկիզբ Առաւ  «Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Քաղաքականութեան» Համագումարը

Համագումար՝ Ի Նպաստ Արցախի Իրաւունքներու Միջազգայնացման

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրով միջազգային համագումարը։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով համագումարին ներկայ էին նաեւ Միջազգային Քրէական...

«Մարկօ Պապիկեան» Մրցանքը Երաժշտութեան Աշակերտներուն Յոյսի Եւ Քաջալերանքի Առիթ Է»  Հաստատեց Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆ

«Մարկօ Պապիկեան» Մրցանքը Երաժշտութեան Աշակերտներուն Յոյսի Եւ Քաջալերանքի Առիթ Է» Հաստատեց Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆ

Մօտէն ծանօթանալու համար «Մարկօ Պապիկեան» մրցանքին, «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ մրցանքի նախաձեռնող եւ համակարգող Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆին հետ` ստանալու համար յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ այս տարուան մրցանքին մասին տեղեկութիւններ: «ԱԶԴԱԿ»- Առաջին հերթին կը խնդրենք, որ ներկայացնէք Մարկօ Պապիկեանը... ՔՐԻՍՏԻՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ԱՍԱՖ.-  Մօրս առօրեայի կարեւոր մասն էր դասական երաժշտութիւնը, եւ երաժշտական ունկնդրութիւնը իր մեծագոյն հաճոյքներէն մէկն էր: Երաժշտասէր իր կնոջ` Մարկօ Պապիկեանի վաղաժամ մահէն...

«Ոճիրին Նկատմամբ Լուռ Մնալը Ոճիրին  Մեղսակցիլ Է. Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցիներուն  Մասնակցելու Ջահերթին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ոճիրին Նկատմամբ Լուռ Մնալը Ոճիրին Մեղսակցիլ Է. Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցիներուն Մասնակցելու Ջահերթին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լուպնան հըր» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին եւ լիբանանահայութեան կողմէ զայն ոգեկոչելու ձեռնարկներուն: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան եւ շրջանային տիրող պայմաններուն պատճառով Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը ոգեկոչելու ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկուած են անոնց պատշաճեցուելով: «Այսօր` 23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ...

Գիտաժողովը Շարունակեց Գումարել Իր Յաջորդական Նիստերը Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ

Գիտաժողովը Շարունակեց Գումարել Իր Յաջորդական Նիստերը Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջի օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով: Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային խեղաթիւրման քաղաքականութեան: Ապա, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախը Մեզի Համար  Անցեալ Չէ Եւ Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Օրակարգին Վրայ Առաջնահերթութիւն Է»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախը Մեզի Համար Անցեալ Չէ Եւ Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Օրակարգին Վրայ Առաջնահերթութիւն Է»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական պատգամ յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին` հիմնականօրէն անդրադառնալով արցախահայութեան տագնապին գծով լուծումներ որոնելու եւ արցախահայութեան տուն վերադառնալու իրաւունքը հաստատելու պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ առած քայլերուն: Կոմիտաս արք. Օհանեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. պատարագին, հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին այս օրերուն կաթողիկոսարանին մէջ օրերս...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամով Սկիզբ Առաւ  «Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Քաղաքականութեան» Համագումարը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամով Սկիզբ Առաւ «Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» Համագումարը

«Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ին, ընթացք առաւ շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ` ներկայութեամբ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփոյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի եւ մասնակցութեամբ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն հրաւիրուած...

«Հրէշը Լուսնի Վրայ» Թատերախաղի Զոյգ Ներկայացումներ Լիբանանի Մէջ

«Հրէշը Լուսնի Վրայ» Թատերախաղի Զոյգ Ներկայացումներ Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին, Արցախի Վ. Փափազեանի անուան Դրամաթիքական թատրոնի խումբը հինգշաբթի, 18 եւ ուրբաթ, 19 ապրիլին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Վահան Խաչատրեանի: Ներկայացումը արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող իր նիւթով, դերասաններու տպաւորիչ խաղարկութեամբ, ազդեցիկ եւ յուզիչ մթնոլորտով: Ձեռնարկի աւարտին ՋԱՀ-ի ատենապետ Նարէ Գալեմքէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց թատերախումբին, կատարուեցաւ յուշանուէրներու...

Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» (2008-2018) Եռահատորի Շնորհահանդէս

Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» (2008-2018) Եռահատորի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինին, «Թէքէեան» ու «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւններուն եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ին, երկուշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին (2008-2018)»  եռահատորին շնորհահանդէսը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ փրոֆ. Հրանուշ Յակոբեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը: Հանդիսութեան առաջին խօսք առնողը եղաւ Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան լուսարձակի տակ...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը` գումարուած Երեւան, մայիս 2022-ին, 2022-2026 քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան վրայ պարտք դրած էր միութիւնը օժտել դրօշակով, նշանաբանով (բնաբանով) եւ քայլերգով: Դրօշակի ձեւաւորումը իրագործուեցաւ եւ անոր օրհնութիւնը կատարուեցաւ սեպտեմբեր 2023-ին ու այնուհետեւ գործածութեան դրուեցաւ: Ինչ կը վերաբերի միութեան նոր բնաբանին կամ նշանաբանին, Կեդրոնական վարչութիւնը բաւական ժամանակ տրամադրեց եւ դիմեց իր շրջաններուն ու անոնց շարքերէն ներս գործող վաստակաշատ համազգայնական...

Հայ Ազգային Բուժարանի Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Հայ Ազգային Բուժարանի Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 12 ապրիլին, Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինին (ԱՏՕՄ) Հայ ազգային բուժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` հովանաւորութեամբ բուժարանի խնամակալութեան եւ նախագահութեամբ Ճէյն Այանեանին: Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական անորոշութեան եւ ապահովական խախուտ պայմաններուն` մեծ էր թիւը ներկաներուն, որոնք հաւատալով իրենց առաքելութեան կարեւորութեան` անվարան ընդառաջած էին Տըպպայէի «Լա Մարինա» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած ընկերային հաւաքին: Օրուան նախագահին կողքին, ներկայ...

Արագածի «Դրօ» Ակումբին Մէջ.  Հրայր Դժոխքի Ծննդեան 160-Ամեակի Եւ Նահատակութեան 120-Ամեակի Յիշատակում

Արագածի «Դրօ» Ակումբին Մէջ. Հրայր Դժոխքի Ծննդեան 160-Ամեակի Եւ Նահատակութեան 120-Ամեակի Յիշատակում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 13 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Արագածի «Դրօ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր Դժոխքի ծննդեան 160-ամեակին եւ նահատակութեան 120-ամեակին յիշատակումը, ներկայութեամբ մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հայորդիներու, ծնողներու ու պատանիներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան անդամ Քլարիթա Մելքոնեան, որ նշեց, թէ ժողովուրդէն ծնած եւ իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրած բացառիկ...

Page 66 of 365 1 … 65 66 67 … 365

Արխիւներ