Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Էլ. Այ. Եու. Համալսարանին Մէջ

May 3, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Էլ. Այ. Եու. (LIU) համալսարանի Լեռնալիբանանի բաժինի Հայկական ակումբին, երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2024-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապրիլեան ցեղասպանութիւն եւ Արցախի կորուստ» խորագիրով Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի նշում:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Էլ. Այ. Եու.  համալսարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի Հայկական ակումբի ներկայացուցիչ Սթեֆանի Փափազեան: Ողջունելէ ետք ներկաները, ան շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք առիթը տուին համալսարանին մէջ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը: Ս. Փափազեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կարողացաւ ցնցել համայն աշխարհը, սակայն չկարողացաւ մարել հայկական ոգին. արդարեւ, հայուն կամքին շնորհիւ պահպանուեցաւ եւ ծաղկեցաւ հայկական մշակոյթը: «Մենք կ՛որոշենք յոյսն ու ուժը, որոնք միջոց դարձան մեր մշակոյթի յառաջդիմութեան: Թող որ մեր նախահայրերուն ոգին մեզ լուսաւորէ դէպի տարբեր աշխարհ մը, ուր այսպիսի վատ գործողութիւններ տարբեր արձագանգ մը պիտի ունենան այդ աշխարհի պատմութեան մէջ», ըսաւ ան:

Բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ Էլ. Այ. Եու.  համալսարանի Լեռնալիբանանի բաժինի տնօրէն տոքթ. Կեպի Խուրի: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն, ոգեկոչման կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ անցան 109 տարիներ Հայոց ցեղասպանութենէն, սակայն մինչեւ այսօր զարմանալի է, թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած է մտածել, ծրագրել եւ գործադրել այսպիսի ոճիր մը մարդկութեան դէմ»:

«1910-ին Երիտասարդ թուրքերու ընդհանուր ժողովին որոշուեցաւ նախաձեռնել Հայոց ցեղասպանութեան, որով պիտի ջարդուէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր հայերը: 24 ապրիլ 1915-ին սկիզբ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութիւնը, զոր կատարողները կոչեցին օրինակելի գործ մը: Սակայն` ի՞նչ օրինակելի գործ մը: Պատմաբաններ կը վկայեն, որ այս գործողութիւնը ցեղասպանութիւն մըն է, որ ո՛չ սէր կը ճանչնայ, ո՛չ ալ ներում», ըսաւ ան:

Տոքթ. Կ. Խուրի նկարագրելով հայերուն դէմ Թուրքիոյ ցեղասպանական գործողութիւնը` ըսաւ. «Ամօ՛թ բոլոր այն ազգերուն, որոնք տակաւին չեն ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ չեն մեղադրեր Թուրքիոյ ոճրագործութիւնը, հակառակ անոր որ գոյութիւն ունին տարբեր փաստեր, ըլլան անոնք նամակագրութիւններ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի եւ Հալէպի վալիին միջեւ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Զինուորական դատարանին մէջ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք 1919-ին խոստովանեցաւ, որ ոճիր կատարած է հայերուն դէմ, որ` Օսմանեան կայսրութեան զինուորներ ջարդեցին, հրկիզեցին մանուկներ, ինչպէս նաեւ բաժնեցին զանոնք իրենց ընտանիքէն ու տեղահանեցին` քշելով զանոնք դէպի անապատներ:

«Մենք իբրեւ կրթական հաստատութիւն, կը պաշտպանենք մարդկային իրաւունքը եւ կը մեղադրենք ոճրագործները, որպէսզի դարձեալ նման բան մը չպատահի պատմութեան մէջ: Դժբախտաբար ներկայ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը` «նոր օսմանցիները», կը շարունակեն նոյն ոճրագործութիւնը Արցախի եւ Պաղեստինի մէջ: Սակայն օրը պիտի գայ, ու պիտի պատժուի այս պետութիւնը:

«Լիբանանահայութիւնը հաւատարիմ մնալով իրեն հիւրընկալ երկրին` կատարեց իր բոլոր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները երկրին հանդէպ եւ հանդիսացաւ Լիբանանի անբաժան եւ օրինակելի մէկ մասնիկը», հաստատեց տոքթ. Կ. Խուրի:

Իր ցաւակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնելէ ետք տոքթ. Խուրի ըսաւ. «Մենք միշտ ձեր կողքին ենք ու մենք բոլորս ալ հայ ենք: Բոլորս ալ  այսպիսի ոճիրի, ատելութեան եւ ցեղասպանութեան դէմ ենք»:

Օրուան բանախօսն էր Աշոտ Բագրատունի, որ իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ այդ ձեռնարկին նպատակն է յիշել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութիւնը` մարդկային իրաւունքին դէմ, հաւատալով, որ նմանօրինակ արարք մը պիտի չկատարուի ապագային:

Ան դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութիւնը սկիզբ չառաւ 24 ապրիլ 1915-ին, այլ Հայոց ցեղասպանութիւնը հետեւանքն էր հարիւրաւոր տարիներու անպատիժ մնացած ոճիրներու եւ կոտորածներու, որոնք գործադրուեցան սելճուկներու, մոնկոլներու եւ թաթարներու կողմէ: Սակայն կը յիշենք ապրիլ 24-ը, որովհետեւ Թալէաթ, Ճեմալն ու Էնվերը նոր ծրագիրներ ունէին հայերուն դէմ:  Արդարեւ, ոճրագործները իրենց տուներէն բռնի տեղահանեցին հայերը, զանոնք աքսորեցին, իսկ վերապրողները քալեցին անապատներէն` հասնելով մինչեւ Սուրիա եւ Լիբանան: Բազմաթիւ հայ մանուկներ տեղաւորուեցան օսմանական որբանոցներ` Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, որոնցմէ է Այնթուրայի որբանոցը,  ուր փորձեցին թրքացնել հայ մանուկներն ու ստիպեցին Սարգիսը, Յակոբն ու Յովսէփը դառնան Մուսթաֆա, Քեմալ եւ Ճեմալ` պատժելով զանոնք, երբ հայերէն խօսէին:

«Շատեր կ’ըսեն, որ  պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն հայոց պատմութեան մէջ պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ: Պատմութիւնը կը շարունակուի: Այս անպատիժ ցեղասպանութիւնը ծնունդ տուաւ նոր ցեղասպանութեան` մշակութային ցեղասպանութեան, որուն իբրեւ հետեւանք` քանդուեցան եկեղեցիներ ու դպրոցներ», ըսաւ ան:

Ա. Բագրատունի ընդգծեց. «Այսօր կը դիմագրաւենք նոր ցեղասպանութիւն մը Արցախի մէջ: Տակաւին 2020 թուականին սպաննուեցան 5000 հայեր, բռնաբարեցին կիներ ու չարչարեցին մանուկներ: 2023-ին Արցախի շրջափակումով բռնի տեղահանեցին 120.000 հայեր, քանդեցին եկեղեցիներ, յուշակոթողներ եւ մշակութային արժէքներ, եւ դարձեալ աշխարհը լուռ մնաց»:

Եզրափակելով իր խօսքը` բանախօսը հաստատեց. «Անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւնը քաջալերուած ցեղասպանութիւն է, ու մենք հայերս վերապրող փաստ մըն ենք համայն աշխարհին: Միացէ՛ք մեզի, արդար դատի եւ մարդկային արժէքներու հետապնդման համար ոչ միայն ապրիլ 24-ին, այլեւ` ամէն օր: Պատմութիւնը այսպէս պիտի չընթանայ»:

Բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ հարցումներու բաժին, որուն ընթացքին ներկաները տարբեր հարցումներ ուղղելով դասախօսին` աւելի ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ անարդար ոճիրը:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` պատրաստուած LIU համալսարանի Հայկական ակումբին կողմէ:

 

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Շրջանային Եւ Միջազգային Պայքարի Մէջ» Խորագիրով Սեմինար Զահլէի Մէջ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.