Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Պահանջատիրական Քայլարշաւով Կ՛ուխտեն Զինուորները Դառնալ Իրենց Պապերուն Սրբազան Դատին

Ապրիլ 30, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի,  23 ապրիլ 2024-ը խորհրդանշական եւ անմոռանալի օր մը եղաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտներուն համար, որոնք այս անգամ առիթը ունեցան եզակի քայլարշաւով մը բարձրացնելու իրենց պահանջատիրական ձայնը. անոնք հաստատեցին, որ ժառանգորդներն են նահատակներուն եւ թուրքէն պահանջեցին իրենց մարդկային թէ հողային իրաւունքները:

Ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեան, քայլարշաւը սկիզբ առաւ վարժարանէն, ուղղուելու դէպի Պուրճ Համուտ` Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող:

Պահանջատէրը այս անգամ հայ աշակերտութիւնն էր, այսօրուան հայ մանուկն ու հայ պատանին` Հայոց ցեղասպանութեան հինգերորդ սերունդը. ան, որ հայ դպրոցին մէջ սորված է, թէ ազգային գերագոյն սրբութիւններէն մէկը հայրենի հողն է, ուրեմն ան պատրա՛ստ է բարձրաղաղակ եւ անտեղիտալի մարտական կամքով պահանջելու հայկական բռնագրաւուած հողերուն վերադարձը իր իրաւական տիրոջ` հայ ժողովուրդին:

Դրօշակիրներուն ետեւէն յառաջացող խումբը իր ձեռքերուն մէջ ունէր մանիշակագոյն շուշաններ եւ կը պատկերէր «Անմոռուկ ծաղիկ»-ը` իր խորհրդանշական գոյներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքները:

«Պայքար, պայքա՛ր մինչեւ մահ», կամ` «Կը յիշենք, կը պահանջենք», «Իրաւունքը ուժն է միայն», «Կը պայքարիմ, ուրեմն կա՛մ» աշակերտական կանչերով անոնք անգամ մը եւս յիշեցուցին համայն մարդկութեան, որ տակաւին անպատասխան մնացած Հայ դատը անկորնչելի է:

Իրօք, եռագոյններով «զինուած» հայկական բանակի մը պէս ու պահանջատէրի ինքնավստահ քայլերով աշակերտութիւնը յառաջացաւ դէպի ապրիլեան նահատակաց յուշակոթողին մօտ:

Այս առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանը, ինչպէս նաեւ` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զ. կարգէն Նուշիկ Էլէյճեանը, որ անդրադարձաւ ցեղասպան թուրքին գործած անմարդկային ոճիրին ու անոր հետեւանքներուն.

«… Արմատախիլ ըրին մեր ծիլերն ու հասկերը, տեղահան ըրին իրենց հարազատ տուներէն ու հողէն, աքսորեցին օտար վայրեր, գլխատեցին ու սպաննեցին… եւ այսպէս ցիրուցան հայը ստեղծեց սփիւռքն ու շարունակեց հայօրէն ապրելու իր պայքարը»:

Ան շեշտը դրաւ սփիւռքի մէջ կառուցուած հայ եկեղեցիներուն, դպրոցներուն ու ակումբներուն կարեւորագոյն դերին ու առաքելութեան` հայը հա՛յ պահելու ի խնդիր:

Ապա աւելցուց, որ 109 տարիներ ետք տակաւին հաւատարիմ ենք մեր նահատակներու կտակին ու միշտ վառ կը պահենք ազատօրէն ապրելու հայու կամքն ու հայու ոգին:

Աւարտին ան կոչ ուղղեց հայ աշակերտներուն, որ տէր կանգնին ազգային արժէքներուն, սիրեն իրենց մայրենի լեզուն ու հայոց պատմութիւնը եւ պահպանեն զայն:

Վերջապէս, ան եզրափակեց խօսքը` ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմութիւն չէ, այլ` իրականութիւն. մեր արդար Դատին լուծումը կը պահանջենք, մեր պահանջը արդար է ու իրաւացի: Պիտի պայքարինք մինչեւ մեր վերջին շունչը` վերատիրանալու մեր հողերուն, հասնելու մինչեւ Անի, Վան, Մուշ, Սասուն ու Արտահան, կերտելով ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան»:

Բացման խօսքէն ետք, դարձեալ Զ. կարգէն,  Տեսիլ Տեմիրճեան յուզումնախառն ապրումով ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»-էն փունջ մը: Ապա Է. դասարանէն Շիրազ Բենենեան սրինգով ներկայացուց «Առաքել Մուշեղը»: Յայտագիրը փակուեցաւ տարրական Գ. դասարանի կատարողութեամբ` «Զարթի՛ր, լաօ» եւ «Հայորդիք» ազգային ու հայրենասիրական երգերով:

Քայլարշաւի աւարտին աշակերտները կարգապահ ու երկիւղած շարքերով  մօտեցան ապրիլեան յուշակոթողին եւ զետեղեցին իրենց բերած յարգանքի ծաղիկներն ու բաժնուեցան` վերահաստատելով իրենց կամքը` աննահանջ շարունակելու մեր իրաւունքներու վերատիրացման պայքարը:

Նախորդը

Փաշինեան Արդեօք Ի՞նչ Պիտի Ընէ Յաջորդին. Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարա՞նը Պիտի Քանդէ

Յաջորդը

«Յաւերժական Մասունքներ» Խորագիրով Ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?