Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Մէջ Կլոր Սեղան` «Հայ Դատ» Նիւթով

Ապրիլ 29, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ,  երկուշաբթի, 22 ապրիլին առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած կլոր սեղան` «Հայ դատ» խորագիրով, մասնակցութեամբ` Վահրամ Էմմիեանի, Նորա Բարսեղեանի, Արազ Գոճայեանի եւ Գէորգ Եագուպեանի:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութեան եւ հայութեան վերապրումի կարեւորութեան:

Գէորգ Եագուպեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայերը եւ օսմանցիները դարեր շարունակ միասին ապրեցան համեմատաբար լաւ յարաբերութիւններու կարգավիճակով: Սակայն այդ բոլորը փոփոխութեան ենթարկուեցան, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը տկարացաւ, եւ հայերը դարձան վտանգ` կայսրութեան սահմաններու պահպանութեան համար: Հետեւաբար թուրքերը վախի կամ յաւելեալ կորուստներու զգացումներէն մղուած` զարգացուցին իրենց մէջ ազգայնամոլութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրի պատմական նշանակութիւնը այն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով յիշուեցաւ Հայաստան անուանումը: Աւելի ուշ, Պերլինի վեհաժողովին ընթացքին, 16-րդ յօդուածը փոխարինուեցաւ 61-րդով, որ ջնջեց Հայաստան բառը: Այս դարձաւ դիւանագիտական կարեւոր պարտութիւն մը հայ ժողովուրդին համար:

Եագուպեան նշեց, որ եւրոպական մեծ պետութիւնները` Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, ի հարկ է չէին կրնար անտարբեր մնալ Ռուսիոյ այս յառաջխաղացքին նկատմամբ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի մեծ իրաւունքներ եւ ազդեցութիւն ձեռք բերելը անոնց միջեւ մրցակցութեան հարց էր: Մտահոգ էր մանաւանդ Անգլիան, որ կը ջանար սահմանափակել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Հետեւաբար հայութիւնը զոհ դարձաւ այս հաշիւներուն:

Աւելի ուշ երիտասարդ թուրքերը եւս, ազատութեան եւ արդարութեան խոստումները դրժելով, փորձեցին գերազանցել Կարմիր սուլթանի ոճիրները եւ ծրագրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան հաստատեց, որ հետեւաբար կարելի է ըսել, թէ Հայ դատը Ցեղասպանութեամբ կամ Արեւելեան հարցով չէ, որ սկսաւ, այլ սկիզբ առաւ Անիի անկումով,  1045-ին:

Ապա խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ անդրադարձաւ Հայ դատի քաղաքական երեսին: Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մասին` ան յայտնեց, որ այդ հոլովոյթը սկզբնական շրջանին շատ դանդաղ կ՛ընթանար, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ գոյութիւն ունէր լռութեան միջազգային պատ մը, որ սակայն 1980-ական թուականներուն փուլ եկաւ` շնորհիւ զինեալ պայքարին, եւ հոլովոյթը արագացաւ:

Այդ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը, սակայն, առաւել եւս արագացաւ 1991-էն` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ու աշխարհասփիւռի Հայ դատի յանձնախումբերու գործակցութեան: Էմմիեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Երեւանի ներկայ իշխանութիւններուն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքէն հրաժարելու ուղղուածութիւնը վերստին դանդաղեցնէ ճանաչման կշռոյթը:

Էմմիեան նաեւ անդրադարձաւ Հայ դատի մէկ այլ օրակարգին` Արցախի հարցին, նշելով, որ մինչեւ արցախահայութեան իր պատմական հայրենիքէն բռնի տեղահանումը արցախեան օրակարգին գլխաւոր կէտը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքն էր, իսկ այսօր անոր փոխարէն` գլխաւոր կէտը վերադարձի իրաւունքը դարձած է:

Նորա Բարսեղեան իր խօսքին սկիզբը դիտել տուաւ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան ու մեր նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումը տարբեր է անցած բոլոր տարիներէն, տարբեր տարողութիւն ու յաւելեալ ծանրութիւն ունի, որովհետեւ մենք նախորդ տարի ականատես եղանք մեր ազգի երկրորդ ցեղասպանութեան, երբ Արցախի մէջ տարիներէ ի վեր ազնիւ ու վեհ գոյապայքար մղած, իրենց զաւակներուն կեանքին գնով հայրենի հողը պահած արցախցի մեր քոյր-եղբայրները, երկարատեւ շրջափակման մէջ ապրելէ, իրենց առօրեայ հացէն իսկ զրկուելէ ետք, բռնի կերպով  տեղահանուեցան իրենց տուներէն ու հարազատ հողէն:

Ան իր խօսքին առանցքը դարձուց հայութեան վերապրումն ու անոր հաւաքական ազգային յիշողութիւնը, որ ինքնին դաստիարակիչ եւ հայապահպանման հիմնական աղբիւր է: Ն. Բարսեղեան շեշտեց, որ հայը իր հայրենիքէն դուրս քշուեցաւ, բռնեց տարագրութեան ուղին, ականատես եղաւ իր հարազատներուն սպանդին, ենթարկուեցաւ աննկարագրելի չարչարանքի եւ հոգեկան ու ֆիզիքական տառապանքի, սակայն ան դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ, ուղղեց իր մէջքը եւ շարունակեց քալել, հասաւ տարբեր երկիրներ, ուր իր տան կողքին հիմնեց եկեղեցի ու դպրոց` քաջաբար պահպանելով իր ինքնութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ վերապրողներուն պատմածները իբրեւ պատգամ` փոխանցուեցան սերունդէ սերունդ, իբրեւ գիտակցութիւն` մեր նախնիներուն ապրածին: Իւրաքանչիւր սերունդ Ցեղասպանութեան յիշողութիւն ստեղծեց յաջորդ սերունդին համար: Ինչ որ վերապրողները իբրեւ անձնական պատմութիւն եւ բնազդական ինքնագիտակցութիւն` փոխանցեցին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, ի վերջոյ բոլորը մէկտեղուեցան` կազմելով մեր հաւաքական յիշողութիւնը, որուն կարեւորութիւնը հսկայական եղաւ ու տակաւին է հայութեան գոյերթի շարունակութեան համար: Ասկէ մեկնած` Նորա Բարսեղեան շեշտեց, որ այսօր, երբ վերապրողները մեզի հետ չեն այլեւս, մեր, նաեւ ԼՕԽ-ականներուն պարտքն է հայութեան դատը, հայկական արժէքները վառ պահելու սերունդներուն մէջ, նահատակներու կտակը ապրեցնելու եւ ժառանգելու յառաջիկայ սերունդներուն:

Արազ Գոճայեան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ուզեց նշել` կեանքի կոչելով հայկական ազգային պարի մշակոյթն ու արուեստը: Ան ըսաւ, որ հողերու կորուստով կորսնցուցած ենք նաեւ պատմական մեր հողերուն տակ արմատ նետած մեր մշակութային աննիւթական ժառանգութիւնը, անոնց շարքին` հայկական պարերը, որոնք սկսած են որպէս ծիսակատարութիւն, ապա անցած են կենցաղին մէջ, եւ ներկայիս անոնք դարձած են մշակոյթի պահպանման ազդակ: Ան ըսաւ, որ գէթ անոնց մասին իմանալն ու սերունդներուն փոխանցելը ինքնին յանուն հայապահպանման եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութեան դէմ պայքար է: Սահիկներու ցուցադրութեան ճամբով Գոճայեան համապարփակ ակնարկ մը նետեց հայկական ազգային պարերուն յատկութիւններուն եւ տեսակներուն վրայ. նշեց կարգ մը օրինակներ եւ ցուցադրեց կարգ մը պարեր` ցոյց տալու համար յատկանիշները:

Աւարտին «Տուն իմ հայրենի» եւ «Աղբերս ու ես» երգերը մեկնաբանեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտ Անթոնի Օպէյտ:

Ազնիւ Միքայէլեան
Անթոնի Օպէյտ
Նախորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայոց Ցեղասպանութենէն 109 Տարի Ետք` Հայրենազրկում Կանխելու Գրաւականը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Աշխատանքներ

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?