Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Ծանօթացում` Թարգմանական Աշխատանքին

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` Թարգմանական Աշխատանքին

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին ծիրին մէջ, ուրբաթ, 17 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի անձնակազմի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան հանդիպում մը ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն հետ: Հանդիպումին նպատակն էր ծանօթանալ թարգմանական աշխատանքին: Ն. Գալեմքէրեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց թարգմանութեան աշխատանքի գործընթացը` բացատրելով ճշգրիտ թարգմանութիւն կատարելու ձեւերը: Ան թելադրեց նախքան թարգմանութեան սկսիլը կատարել նախապատրաստական աշխատանք...

Հայկազեան Համալսարան.  Մետաղաշերտերու Վրայ Հայկական Զարդանախշեր Դրոշմելու Դասընթացք

Հայկազեան Համալսարան. Մետաղաշերտերու Վրայ Հայկական Զարդանախշեր Դրոշմելու Դասընթացք

13 մայիս 2024-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին նախաձեռնած մետաղաշերտերու վրայ հայկական զարդանախշեր դրոշմելու դասընթացքը: Ծրագիրը արդիւնքն է Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան  ժողովրդական արուեստներու թանգարանի հետ Հայկազեան համալսարանի հաստատած գործակցութեան: Դասընթացքը կ՛իրականացնեն գիւմրեցի ծանօթ դարբին Յովհաննէս Մընոյեանը եւ թանգարանի փոխտնօրէն  Գայիանէ Ասլանեանը: Աշխատանոցը պիտի տեւէ 10 օր, որուն ընթացքին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ ձեռք պիտի բերեն մետաղի վրայ...

Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կիրակի, 12 մայիս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Շուշիի նահատակ Վիգէն Զաքարեանի հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա անոր յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամ Վիգէն Յարութիւնեանը, որ ըսաւ, թէ 8 մայիս 1992-ը թուական մըն է, որ հպարտութեամբ կը լեցնէ մեր բոլորին սրտերը:  Օր մը,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններու Նամակներ Յղեց

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Սպանիոյ եւ Մալթայի դեսպաններուն յղեց նամակ մը` անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթին: Յանձնախումբը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ ներկայ հոլովոյթը կը հակասէ միջազգային արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն, ներառեալ այն սկզբունքը, թէ ուժի կիրարկման սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկման միջոցով գոյացած որեւէ միջազգային համաձայնագիր...

Վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի Կողմէ Թալէաթի Ահաբեկման 103-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի Կողմէ Թալէաթի Ահաբեկման 103-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին, ուրբաթ, 3 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթի ահաբեկման 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կատարուեցաւ ձեռնարկին բացումը: Կոմիտէին խօսքը արտասանեց Ռոպեր Էքշիեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին ու կարեւորութեան` շեշտելով, որ նման ձեռնարկները ինքնանպատակ չեն, այլ առիթ են, որ երիտասարդութիւնը...

Այնճարի Մէջ «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներուն» Խորագիրով Ձեռնարկ

Այնճարի Մէջ «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներուն» Խորագիրով Ձեռնարկ

Լիբանան գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի  պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան այցելեց Այնճար եւ  Հայաստանի ներկայ կացութեան վերաբերող զեկուցական հանդիպում մը  ունեցաւ Այնճարի հայութեան հետ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ: Ան ներկայացուց Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները` լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ հայ ժողովուրդին համբերութիւնը սպառած է, եւ հիմնական փոփոխութիւններ կ՛ակնկալուին: Մինասեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերջին տարիներուն իշխող ապազգային  վարչակազմի...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Միջմասնաճիւղային Սեմինար

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Միջմասնաճիւղային Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 28 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խորհուրդներու միջմասնաճիւղային սեմինար: Սոյն սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտի մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու անդամները, որոնք մօտէն ծանօթացան իրարու եւ, այսպէս, մտերմիկ մթնոլորտ մը անցուցին միասին` զրուցելով ներկայ դժուարութիւններուն մասին եւ առաջարկներ ընելով անոնց լուծումներուն...

ԼՕԽ-ի Մէջ «Առողջ Միտք, Առողջ Մարմին» Նիւթով Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի Մէջ «Առողջ Միտք, Առողջ Մարմին» Նիւթով Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կազմակերպած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` իբրեւ նիւթ ունենալով  «Առողջ միտք, առողջ մարմին»: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, որ մարդը մտքով եւ մարմնով «միասնութիւն» մը կը...

Արամ Ա., Թաուատրոս Բ.  Եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր Պետերու  Հանդիպումը Գահիրէի Մէջ

Արամ Ա., Թաուատրոս Բ. Եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը Գահիրէի Մէջ

Ուրբաթ, 10 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Թաուատրոս Բ. ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը եւ Աֆրամ Բ. ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը միօրեայ հանդիպում մը ունեցան ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս: Յիշեալ հանդիպումը մաս կը կազմէ երեք հոգեւոր պետերու միջեւ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող աշխատանքային հանդիպումներու շարքին: Երեք եկեղեցիներու գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1996-ին` վեհափառ հայրապետին...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Ծանօթացում` Հայկական Լուրերու Աղբիւրներուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` Հայկական Լուրերու Աղբիւրներուն

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ծանօթացան հայկական լուրերու պատրաստութեան հոլովոյթին եւ անոնց աղբիւրներուն: Ուրբաթ, 10 մայիս 2024-ին, «Ապագայ լրագրողներ»-ը «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան ընդհանուր տեղեկութիւններ ներկայացուց հայկական եւ ընդհանրապէս հայրենի լրատուադաշտին մասին: Ժագ Յակոբեան ընդգծեց, որ հայրենի լուրերու պատրաստութեան եւ...

Լիբանանահայ Պատանիները, Երիտասարդներն Ու Ուսանողները «Յանուն Հայրենիքի» Խորագիրով Ինքնաշարժերով Զօրակցական Երթ Կատարեցին

Լիբանանահայ Պատանիները, Երիտասարդներն Ու Ուսանողները «Յանուն Հայրենիքի» Խորագիրով Ինքնաշարժերով Զօրակցական Երթ Կատարեցին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ Լիբանանահայ պատանեկան միութիւններուն, հինգշաբթի, 9 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ «Յանուն հայրենիքի» ինքնաշարժերով զօրակցական երթ` լիբանանահայ պատանիներուն, երիտասարդներուն ու ուսանողներուն նեցուկը արտայայտելով Տաւուշի յանձնումին դէմ կատարուող շարժումին, որ Երեւան հասաւ նոյն թուականին: Ինքնաշարժերով երթը սկիզբ առաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն, կանգ առաւ Անթիլիասի մայրավանք, ուր Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան երիտասարդներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին...

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը

Հինգշաբթի, 9 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի: Հանդիպման նպատակը եւ քննարկումներուն առանցքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին եւ յատկապէս Երեւանի մէջ երէկ կայացած ժողովրդային հաւաքը: Այս...

Դաշնակցական Ուսանողներու, Երիտասարդներու  Եւ Պատանիներու Ինքնաշարժներով Երթը`  Ի Զօրակցութիւն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին

Դաշնակցական Ուսանողներու, Երիտասարդներու Եւ Պատանիներու Ինքնաշարժներով Երթը` Ի Զօրակցութիւն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին

Երէկ` հինգշաբթի, 9 մայիսի երեկոյեան, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ Անթիլիասէն մինչեւ Պուրճ Համուտի ու Պէյրութի հայահոծ թաղամասեր ինքնաշարժներով երթ կատարեցին` ի զօրակցութիւն Երեւանի մէջ բազմահազար հայորդիներ համախմբած ընդվզումի համահայկական շարժումին: Աւարտին ինքնաշարժներով երթին մեծաթիւ մասնակիցները համախմբուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ, ուր անոնք արձակեցին «Տաւուշը մերն է» եւ «Պայքար, պայքար մինչեւ մահ» կարգախօսները: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ...

Լիբանանահայութիւնը Ժողովրդային Հաւաքով Միասնական Ո՛չ Ըսաւ Հողային Զիջումներու Եւ Ողջունեց Հայաստանի Մէջ Պայքարողները

Լիբանանահայութիւնը Ժողովրդային Հաւաքով Միասնական Ո՛չ Ըսաւ Հողային Զիջումներու Եւ Ողջունեց Հայաստանի Մէջ Պայքարողները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով ժողովրդային հաւաքով լիբանանահայութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց  Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին: Բացման խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան: Ան ըսաւ, որ երբ վտանգը կը սպառնայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյութեան, իր ըսելիքը ունի Դաշնակցութիւնը... 2009-ի...

Ժողովրդային Հաւաք`  «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու»  Կարգախօսով

Ժողովրդային Հաւաք` «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» Կարգախօսով

Առ ի զօրակցութիւն Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք` «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով: Բացման խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան: Հաւաքին խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ...

Մայիս 6-ի Նահատակաց Տօնի Ոգեկոչումի Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

Մայիս 6-ի Նահատակաց Տօնի Ոգեկոչումի Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երկուշաբթի, 6 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ Մայիս 6-ի նահատակաց տօնի ոգեկոչում, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, կոմիտէներու եւ լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու: Ոգեկոչման հաւաքը սկիզբ առաւ Լիբանանի քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Արազ Էլէյճեան, որ ըսաւ, թէ նահատակը այն անձն է, որ իր երդումին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Երեք Կուսակցութեանց Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեք Կուսակցութեանց Ներկայացուցիչները

Երկուշաբթի, 6 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տագէսեանը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը եւ կարեւորութեամբ շեշտեց զայն աւելի ծաւալելու հրամայականը: Ներկաները, իրենց կարգին, դարձեալ յանձնառու եղան...

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Դիմաց Նստացոյց՝ «Ո՛չ Յանձնուողական Քաղաքականութեան» Խորագիրով

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Դիմաց Նստացոյց՝ «Ո՛չ Յանձնուողական Քաղաքականութեան» Խորագիրով

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, շաբաթ, 4 մայիս 2024-ին՝ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ նստացոյց՝ «Ո՛չ յանձնուողական քաղաքականութեան» խորագիրով։ Ասոր զուգահեռ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Հայաստանի դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեանին հետ, յանձնելու նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի...

Page 64 of 365 1 … 63 64 65 … 365

Արխիւներ