Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին Քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող կառատան մէջ տեղի ունեցաւ «Յաւերժական մասունքներ» խորագիրը կրող Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամ Յովսէփ Ասատուրեան, որ ըսաւ, թէ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատճառով տիրող կացութիւնը օգտագործելով` որոշեց բնաջնջել ամբողջ ազգ մը, իրականացնելու համար իր մեծագոյն երազը` Մեծն Թուրանի կերտումը: Սակայն հայ ազգը ոչ միայն մահը յաղթահարելով յարութիւն առաւ եւ գոյատեւեց, այլ նաեւ իր ուժին վստահելով` մեծ յաղթանակներ կերտեց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերով:
Ասատուրեան հաստատեց, որ ԼԵՄ-ականը ամէն գնով պիտի պայքարի ձեռք ձգելու համար արդար հատուցում, պիտի պայքարի գրիչով եւ իրեն տրամադրուած բոլոր պայմաններով, եթէ հարկ ըլլայ ԼԵՄ-ականը պատրաստ է պայքարելու սուրով` առանց յուսահատելու, թուլնալու:
Եզրափակելով` ան հաստատեց. «Այսօր ԼԵՄ-ականը կը մերժէ պարտուողական ոգիի որդեգրումը` իբրեւ հայու հաստատ նկարագրային գիծ: ԼԵՄ-ականը կը մերժէ 21-րդ դարը որակել իբրեւ հայութեան վերջնական բնաջնջման դար: ԼԵՄ-ականը իր ազգային դաստիարակութեամբ եւ դաշնակցականի մտքով, կամքով ու խղճով կը դատապարտէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան յաջողեցան գրաւել մեր պապենական հողերը: Այսօր, այս ձեռնարկով, ձեր բոլորին ներկայութեամբ, մենք իբրեւ երիտասարդութիւն` կու գանք հաստատելու, որ մենք պիտի չզիջինք մեր հողերէն, մշակոյթէն, պատմութենէն եւ մեր նահատակներու վրէժը լուծելու վճռական մեր ընտրանքէն»:
ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութեան անդամ Մեղրի Սալպաշեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկ»-ը:
Օրուան բանախօսն էր Գրիգոր Էքմէքճեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ «Նեմեսիս» գործողութեան էջերէն Թալէաթի ահաբեկման` ընդգծելով, որ այդ ահաբեկումը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մէկն է:
«Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի այս օրերուն եւ մանաւանդ մեր ազգին ապրած վերջին հարուածէն, մեր հայրենիքի սիրելի հատուածներէն Արցախի դաւադրաբար կորուստէն ետք, մեր բոլորին մտքերը կեդրոնացած են (կամ պէտք է որ կեդրոնացած ըլլան) վրէժխնդրութեան ու արդարահատուցման վրայ, եւ մեր սրտերը կը բաբախեն վրէժխնդրութիւն եւ արդարահատուցում», ըսաւ ան` հարց տալով, թէ այսօր 2024 թուականին, երբ կ՛ապրինք 21-րդ դարու մեր ազգին ամէնէն մութ օրերը, երբ դաւադրաբար կորսնցուցած ենք Արցախը, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները հլու հնազանդ կամակատարներն են թշնամիին, ինչպիսի՞ զէնքեր պիտի օգտագործենք մեր վրէժխնդրութիւնը ճիշդ, նպատակաուղղուած եւ դիպուկ դարձնելու համար:
Նորօրեայ հզօրագոյն զէնքերուն մասին խօսելով` Գրիգոր Էքմէքճեան հաստատեց, որ նոր սերունդը պարտի յաղթահարել յուսահատութիւնը, յարատեւ պայքարի միտքն ու ոգին վերականգնել եւ սերմանել, պահպանել հայ լեզուն ու մշակոյթը, աւելցնելով, որ տան դաստիարակութեան զուգահեռ, հայ վարժարանին դերը եւս կարեւոր է այս բոլոր զէնքերը երիտասարդութեան շնորհելու:
Իր խօսքը եզրափակելով` Գրիգոր Էքմէքճեան շեշտեց. «Յոգնած ենք զոհ դառնալէ, այո՛, բայց յոգնած չենք պայքարելէ, իրաւունք չունինք յոգնելու, որովհետեւ պայքարէն յոգնածն է, որ պիտի մահանայ: Այո՛, պայքարէն յոգնածն է, որ պիտի մահանայ, եւ ինչպէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի միտքը, Զաւարեանի խիղճն ու Ռոստոմի կամքը չյոգնեցան, եւ կ՛ապրին ու կը բաբախեն մինչեւ օրս մեր սրտերուն մէջ, մենք ալ պիտի չյոգնինք եւ նոր կրակ ու նոր թափ տալով մեր աշխատանքներուն` պիտի շարունակենք վրէժխնդիր ըլլալ, պիտի շարունակենք հարուածել ամէն տեղ, խօսքով եւ բռունցքով, մինչեւ այս անգամ փուլ գայ ոչ թէ լռութեան պատը, այլ անվերադարձ պատռտուի պարտութեան էջը: Այլ բան ընելու իրաւունք չունինք»:
Ցուցադրուեցաւ անցնող 109 տարիներուն ընթացքին հայութեան բռնի տեղահանումներուն մասին վաւերագրական տեսերիզ մը, որմէ ետք ԼԵՄ-ական ընկերուհիներ ներկայացուցին պար մը:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նուագախումբը: