Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միասնաբար Քալենք Դէպի Անթիլիաս» Խորագիրով Քայլարշաւ

April 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործակցութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներուն, շեփորախումբին, մարզական դպրոցներուն, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութեան եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 20 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք:

Ներկայ էին` Պուրճ Համուտի, Մզհերի, Անթիլիասի, Պսալիմի քաղաքապետները, պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ԿԿ-ի անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ` Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:

Ապա խմբապետական կազմին անունով Հրակ Մեսրոպեան խօսք առնելով`  ըսաւ, որ մենք հաւաքուած ենք ոչ միայն յիշելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակները, այլ նաեւ` աշխարհին յիշեցնելու թուրքերու եւ ազերիներու վայրագութիւններուն մասին, որոնք չդադրեցան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր:

Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի վերջին իրադարձութիւնները մեզի կը յիշեցնեն, որ անպատիժ յանցագործը վերստին կրնայ կրկնել իր ոճրագործութիւնը, աւելցնելով սակայն, որ աշխարհի մեծ ուժերը կուրօրէն կը շարունակեն մէկ կողմ դնել Հայկական հարցը` հետապնդելու համար իրենց քաղաքական շահերը:

Սակայն մենք կը շարունակենք փաստել մինչեւ այսօր, որ Ցեղասպանութեան աղէտէն մէկ դար ետք մենք կանք ու պիտի շարունակենք պայքարիլ աշխարհի անարդարութեան դէմ` պահպանելու համար հայ ազգն ու հայկական ոգին: Ան հաստատեց, որ նման մեր նախնիներուն, որոնք գաղթական դարձած նոր ու փոքր Հայաստաններ կերտեցին աշխարհի չորս կողմը, մենք ալ պիտի շարունակենք` սերունդներ ձուլումէ հեռու պահել, զանազան ճիւղերու եւ մասնագիտութիւններու մէջ յաջողութիւններ արձանագրել, մեր մշակոյթն ու լեզուն պահպանել ու միութենական կեանքը վառ պահել:

Մեսրոպեան յորդորեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի սկաուտները` իբրեւ պատասխանատու անհատներ, շարունակելու իրենց աշխատանքը` ամրապնդելու մեր պայքարն ու պատրաստելու սերունդներ` տիպար հայեր, որոնք պիտի պաշտպանեն Հայ դատը միջազգային գետնի վրայ: Ան ըսաւ, որ պէտք է յիշենք եւ յիշեցնենք հայոց դէմ գործուած անարդարութեան մասին եւ շարունակենք մեր յարատեւ պայքարը:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` Լիլիթ Տէմիրճեան ասմունքեց, Նարին Խըտրեան եւ Հեղնար Պրունսուզեան նուագեցին` ջութակ եւ ֆլութ:

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում սկաուտներու կողմէ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի քայլերգով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Յաջորդը

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւիթեան Հասաւ Ողիմպիական

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.