Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լէյլաւան-Ֆանարի Նահատակաց Յուշարձանին Շուրջ` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում

April 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ին Լէյլաւան-Ֆանարի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ սկիզբ առաւ ջահերթով եւ ծաղկեպսակներու զետեղումով, որմէ ետք պահ մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ բոլոր նահատակներուն անթառամ յիշատակը:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Պօղոսեան` նշելով. «Ապրիլ 24: Անմոռանալի թուական մը: Թուական մը, որ այլեւս սուգի օր չէ, այլ` պահանջատիրութեան, գոյատեւման եւ վերածաղկումի առիթ»: Ան ըսաւ, որ 1915-ին տեղահան եղած մեր նախահայրերը յաղթահարեցին բոլոր դժուարութիւնները եւ երբեք չուրացան իրենց հաւատքը եւ պահպանեցին հայ մշակոյթը, նկարագիրը եւ ազգային զգացումը:

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամ Լիլիթ Տեմիրճեան, իր կարգին, տպաւորիչ կերպով ասմունքեց «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» բանաստեղծութիւնը:

Լութֆիկ Այվազեան
Բալիկ Պօղոսեան
Լիլիթ Տեմիրճեան

Օրուան բանախօսն էր Լութֆիկ Այվազեան, որ ըսաւ, թէ ինք իր մանկութեան ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան իր մեծ հօրմէն, որ իր զաւակներուն եւ թոռներուն փոխանցեց հայրենասիրութեան եւ հաւատքի ջահը:

Ան դիտել տուաւ, որ կորսնցուցինք մեր հայրենիքը եւ արմատները, շարունակեցինք լսել այդ դառն պատմութիւնները, որոնք արմատացան մեր յիշողութեան եւ էութեան մէջ` վերածուելով հոգեկան անդադար արիւնող վէրքի մը, որ սակայն եղաւ ու  պիտի ըլլայ երաշխիքը յիշողութեան ջահը փոխանցելու սերունդէ սերունդ, այնքան ատեն որ աշխարհի վրայ հայ կայ:

Բանախօսը շեշտեց, որ հակառակ Ցեղասպանութեան եւ անոր փոխանցած ծանր լուծին` անհրաժեշտ պահուն հայութիւնը չէ վարանած դիմելու ինքնապաշտպանութեան եւ պահանջատիրութեան, եւ մենք շատ յաճախ մղած ենք անհաւասար կռիւներ, որոնց ընթացքին մեր հերոսները անհրաժեշտ պահուն չեն խնայած իրենց արիւնն ու կեանքը` վասն ազգին եւ հայրենիքին, երբեմն մէկ-մէկ, երբեմն հարիւրներով եւ նոյնիսկ հազարներով:

«Իսկապէս մարսելի չէ, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն ու մեր հայրենիքի կորուստէն մէկ դար ետք, ականատես ըլլանք արցախահայութեան ցեղասպանութեան եւ Արցախի կորուստին, դարձեալ լքուած, առանձին մնացած եւ դարձեալ աշխարհի անտարբերութեան եւս սոսկ խօսքը սահմաննեերուն մէջ մնացած դատապարտութիւններէն յուսախաբ:

«Մեր նահատակներուն թողած պատգամին դաւաճանած կ՛ըլլանք, եթէ ուրանանք անոնց յիշատակը, եւ եթէ սակարկութեան նիւթ դարձնենք Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Բոլոր անոնք, որոնք կը պատրուակեն, որ Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելը անխուսափելի է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն համար, պէտք է գիտնան, որ բնականոն յարաբերութիւնները կարելի է սկսիլ առանց նախապայմաններու: Այդ մէկը արդէն իսկ զիջում է հայ ժողովուրդին կողմէ», ընդգծեց բանախօսը:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն մասին խօսելով`  Լութֆիկ Այվազեան ըսաւ. «Մեր լեռը-ձեր լեռը, Հայաստան-սփիւռք, Հայոց պատմութիւն-Հայաստանի պատմութիւն, պատմական Հայաստան-իրական Հայաստան` հակասութիւններ ստեղծելուն հիմնական նպատակը, ներքին պառակտում սերմանելէն անդին, կը միտի շեղել ուշադրութիւնը ներկայ ապիկար իշխանութեան դաւադիր ընթացքէն: Բա՛ւ է պղծել ամէն սրբութիւն, որ հայկական պահանջատիրութիւն կը խորհրդանշէ»:

Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը հաստատեց. «Պէտք է վառ պահենք մեր պահանջատիրութեան յանձնառութիւնը հետապնդելու համար Հայ դատն ու անկէ բխող բոլոր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ վառ պահենք մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը մեր միտքերուն մէջ, Հայաստանի սէրը` մեր սրտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը` մեր հոգիներուն մէջ»:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նուագախումբը:

Նախորդը

Ճիւնիի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Նոր Դամբարաններու Կառուցում Եւ Նորակառոյց Մատրան Խաչքարի Օծում

Յաջորդը

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.