Գաղութային

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք

Շաբաթ, 14 փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: Վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ ու յատկապէս համահայկական հռչակագիրը եւ անոր ձգած դրական արձագանգը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:  

Մասնակցութեամբ «Թռչնոց  Բոյն»-ի  Սաներուն.  Բարեկենդանի Յատուկ Տօնակատարութիւն`  Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Մասնակցութեամբ «Թռչնոց Բոյն»-ի Սաներուն. Բարեկենդանի Յատուկ Տօնակատարութիւն` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, երէկ` կիրակի, 15 փետրուար 2015-ին յատուկ կերպով նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ աւանդական տօներէն Բարեկենդանը: Առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, հաւատացեալ ազգայիններ սկսած էին հասնիլ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ յատուկ ժամերգութիւն եւ պատարագ` հանդիսապետութեամբ շրջանի ծխատէր քահանաներ` Տէր Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանի, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի եւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանի:...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ.   «Մեր Ծնողները Պէտք Է Ընտանիքները  Վերածեն Փոքր Եկեղեցիներու`  Սրբազան Կառոյցներու»  Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ. «Մեր Ծնողները Պէտք Է Ընտանիքները Վերածեն Փոքր Եկեղեցիներու` Սրբազան Կառոյցներու» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 13 փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով տեղի ունեցած նախատօնակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը լեցուած էր ծնողներով ու մանուկներով, որոնք եկած էին լուսաւորուելու Քրիստոսի լոյսով: Արամ Ա. կաթողիկոս, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրով ուղղուեցաւ Մայր տաճար եւ հանդիսապետեց երեկոյեան ժամերգութեան ու նախագահեց նախատօնակին: Վեհափառ հայրապետը ներկայ ժողովուրդին խօսեցաւ Տեառնընդառաջի արարողութենէն բխող երկու պատգամներու մասին: Առաջին` անդրադարձաւ Քրիստոսի բերած լոյսին...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Բազմամարդ  Նշում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք` ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ բաժնել. ո՛չ սուրը եւ ո՛չ ալ հուրը», Վարդանանց այս խօսքերով սրբազանը սկսաւ  իր քարոզը: Ան...

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը»  Նիւթով Կլոր Սեղան

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Նիւթով Կլոր Սեղան

Ռոթարի-Քեսրուան ակումբի կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթով կլոր սեղանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի ինքնաշարժներու եւ զբօսաշրջութեան ակումբին` «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ի մէջ, ներկայութեամբ արաբ մտաւորականներու, դասախօսներու եւ հիւրերու: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռոթարի-Քեսրուան ակումբի տնօրէն Կապի Մզաննար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան համար, ապա անդրադարձաւ լիբանանեան մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի արծարծման կարեւորութեան` խօսելով հայ եւ արաբ...

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Նստավայրէն Կ’ողջունենք Ղարաբաղի  Արի Զաւակները` Նորօրեայ Վարդան Մամիկոնեանները»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նստավայրէն Կ’ողջունենք Ղարաբաղի Արի Զաւակները` Նորօրեայ Վարդան Մամիկոնեանները» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ` հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագիրին եւ հաւատքի ամրութեան ու յանուն արդարութեան պայքարի անհրաժեշտութեան: Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, միաբան հայրերը, դպրեվանքի...

Այնճարի Մէջ.  Վարդանանց Ճակատամարտին, Փետրուարեան  Ապստամբութեան Եւ Արցախեան  Պահանջատիրութեան Նուիրուած  Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Այնճարի Մէջ. Վարդանանց Ճակատամարտին, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց  հերոսներուն, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պահանջատիրութեան նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Խաժակ Հերկելեան արտասանեց ձեռնարկի բացման խօսքը: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Բազմամարդ  Նշում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Բազմամարդ Նշում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Բացատրեց, թէ մեր եկեղեցւոյ հայրապետները զոյգ առիթները` Քրիստոսի 40-օրեայ տաճար ընծայումը, նաեւ մեր ազգային սովորութեան համաձայն Տեառնընդառաջի տօնին առիթով լոյս տենջալու համար բարերարէն` խարոյկ վառելու արարողութիւնը իմաստուն...

«Լիբանան Եւ Ղազախստան  Հասարակաց Ուժեղ Կապեր Ունին»  Կ՛ըսէ Դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան

«Լիբանան Եւ Ղազախստան Հասարակաց Ուժեղ Կապեր Ունին» Կ՛ըսէ Դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան

Վազգէն Գաւլաքեան Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատկանող «Եուրէյժա էնտ Ուըրլտ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանան-Ղազախստան երկկողմանի յարաբերութեանց, կը նշէ, որ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը աւելի քան 1 միլիառ տոլար է: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) կրնայ շահաւէտ ըլլալ Լիբանանին, սակայն դեսպանը կը նախատեսէ դժուարութիւններ, որոնք առայժմ դժուար յաղթահարելի պիտի ըլլան: Ան...

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ  Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն.  Սրբոց Վարդանանց Տօնի  Հանդիսաւոր Նշում

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Սրբոց Վարդանանց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: Օրուան հաղորդավար Մարալ Հարպոյեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` թուելով յայտագիրին գլխաւոր մասերը: «Այսօր ալ Վարդանանց հերոսամարտը նոյնքան այժմէական է, ոչ այնքան իբրեւ պարտաւորութիւն, այլ` իբրեւ...

Յուղարկաւորութիւն` Ազգային  Բարերար Կարպիս Նազարեանի

Յուղարկաւորութիւն` Ազգային Բարերար Կարպիս Նազարեանի

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 փետրուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ներկայ էին լիբանանահայ գաղութի բոլոր շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, իսկ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Աղբերու  Վերաօգտագործման  Կարելիութիւնները» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Աղբերու Վերաօգտագործման Կարելիութիւնները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Աղբերու վերաօգտագործման կարելութիւնները» նիւթով, զոր ներկայացուց Պալամանտի համալսարանէն Պաշայեր Մատի: Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան դասախօսին ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք նշեց, որ բնութիւնը ստեղծուած է այնպիսի...

Սուրիահայութեան Առօրեայէն.  Դեսպան Արշակ Փոլատեան Հանդիպում  Ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի  Նախագահ Լահհամի Հետ

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Դեսպան Արշակ Փոլատեան Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Լահհամի Հետ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 10 փետրուարին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ ընդունած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-սուրիական միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման եւ յարաբերութիւններու աշխուժացման հետ կապուած հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է սուրիահայութեան վիճակին եւ զայն յուզող հարցերուն: Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է, որ հայ համայնքը թէ՛ անցեալին, թէ՛ ներկայիս կը գտնուի պետութեան...

Ազգային Բարերար  Կարպիս Լ. Նազարեան Ոչ Եւս Է

Ազգային Բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան Ոչ Եւս Է

Կիրակի օր իր մահկանացուն կնքեց Ազգային բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան: Նազարեան ծնած է Այնթէպ 24 ապրիլ 1915-ին: Սերած է Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիէն դէպի Ջուղա եւ ապա Այնթէպ գաղթած Նազարեան յայտնի գերդաստանէն: 17 յուլիս 1915-ին Նազարեանները կը տարագրուին Տարաա, Սուրիոյ Հորանի շրջան եւ ապա Դամասկոս: Երբ 15 մարտ 1921-ին ֆրանսական զօրքը կը լքէ Այնթէպը, քաղաքի հայ բնակչութիւնը կը հետեւի անոր եւ...

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ Ընդհանուր Ժողովը

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Երեքշաբթի, 10 փետրուար 2015-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ ընդհանուր ժողովը, ներկայութեամբ ԱՌԻ-ի բաժնետէր մեծաթիւ անդամներու եւ պատկան մարմիններու: Ժողովը բացուած յայտարարեց ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք յետադարձ ակնարկ մը նետեց անցնող 5 տարիներուն ընթացքին ԱՌԻ-ի տարած աշխատանքին, անոր արձագանգին եւ յաջողութեան արդիւնքներուն: Ան նշեց, որ ԱՌԻ-ի սրբազան նպատակն է...

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Երեքշաբթի, 10 փետրուար 2015-ին Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն: Պատարագը մատուցեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը բացատրեց, թէ այս տօնը միայն չի վերաբերիր...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը Միասնական  Ոգիով Ու Ամուր Վճռակամութեամբ  Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը Միասնական Ոգիով Ու Ամուր Վճռակամութեամբ Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Անցնող երեք օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը` մասնակցութեամբ յիշեալ մարմիններու Լիբանանի եւ արտասահմանի անդամներուն: Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովներուն յաջորդեց թեմակալ առաջնորդներու հանդիպումը յիշեալ մարմիններուն հետ: Վարչական, տնտեսական, յարաբերական եւ այլ բազմաթիւ հարցերու շարքին, ժողովական հանդիպումները յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան հետեւեալ նիւթերուն. 1) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի...

Բացման Հանդիսութիւն` Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն  Վարժարանի 4-րդ Նորաշէն Յարկին

Բացման Հանդիսութիւն` Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 4-րդ Նորաշէն Յարկին

Շաբաթ, 7 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 4-րդ նորակառոյց յարկի բացման հանդիսութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին: Բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն` ժապաւէնի հատումէն ետք, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի քայլերգները, ապա Սոնիկ Բամպուքեանի մեկնաբանութեամբ «Ծիծեռնակ» երգին ընթացքին վարժարանին  աշակերտները բեմական արտայայտութեամբ կառուցեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պատկերը:...

Հալէպի Զանազան Շրջանները, Ներառեալ Հայաբնակ Թաղամասերը Քանի Մը Տասնեակ Հրթիռներու Թիրախ Դարձան. Գօգօ Գըպըճեան Զոհուեցաւ

Հալէպի Զանազան Շրջանները, Ներառեալ Հայաբնակ Թաղամասերը Քանի Մը Տասնեակ Հրթիռներու Թիրախ Դարձան. Գօգօ Գըպըճեան Զոհուեցաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ ուրբաթ, 6 եւ, շաբաթ, 7 փետրուար 2015-ին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ենթարկուեցան հրթիռակոծման, այս պատճառով ալ միայն ուրբաթ օր վիրաւորուեցան 23 քաղաքացիներ, արձանագրուեցան նիւթական վնասներ: Հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանը եւս իր բաժինը ստացաւ վնասներէն, յատկապէս «Ուարշեթ Քուէյթ»-ի արհեստանոցին դիմացը: Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ շաբաթ օր եւս հրթիռակոծման ենթարկուեցան զանազան շրջաններ եւ թաղամասեր, որոնց...

Հայու Գոյատեւման Խորհրդանիշներու  Պահպանման Ծիրին Մէջ.  Շնորհահանդէս «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւնը» Հատորին

Հայու Գոյատեւման Խորհրդանիշներու Պահպանման Ծիրին Մէջ. Շնորհահանդէս «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւնը» Հատորին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, երէկ` ուրբաթ, 6 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ յատուկ շնորհահանդէս մը` «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը» հատորին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ...

Page 360 of 364 1 … 359 360 361 … 364

Արխիւներ