Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայու Գոյատեւման Խորհրդանիշներու Պահպանման Ծիրին Մէջ. Շնորհահանդէս «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւնը» Հատորին

Փետրուար 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_Ourfa5Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, երէկ` ուրբաթ, 6 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ յատուկ շնորհահանդէս մը` «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը» հատորին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր բաժիններն ու օրուան զեկուցաբերները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, որ ստանձնեց սոյն ձեռնարկին կազմակերպումը, Տեմիրճեան ըսաւ. «Հատորը` իբրեւ մշակութային, հոգեւոր եւ ազգային արժէք, կու գայ մասունք մը եւս աւելցնելու հայ ժողովուրդի բազմադարեան արժէքներուն վրայ»: «Այս հատորը ունի նաեւ իրաւական արժէք, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու ճամբով կ՛ապացուցէ ցեղասպանութեան ենթարկուած հաւաքականութեանց մէկ հատուածին` ուրֆացիներու գոյութիւնն ու ներկայութիւնը», ընդգծեց Տեմիրճեան:

Նազելի Աւագեան
Նազելի Աւագեան
Ժիրայր Դանիէլեան
Ժիրայր Դանիէլեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով խօսք առաւ Նազելի Աւագեան, որ վեր առաւ հայուհիի ստեղծագործական փափկասուն հմտութիւնները` ընդգծելով, որ հայրենի հողէն հեռու ըլլալն ու հայու գոյատեւման ծանր պայմանները արգելք չեղան ընդհատելու հայ արուեստի փոխանցումը: «Հայ մամիկէն հարսին ու թորան փոխանցուած հայկական ասեղնագործութեան տարբեր ոճերը նուրբ եւ ազնուական յատկութիւն ունին», ըսաւ Աւագեան` նշելով, որ հայրենի հողէն հեռու ըլլալը արգելք չեղաւ խափանելու հայու ստեղծագործ միտքը` յուսալով, որ այս քայլը օրինակ կը ծառայէ նաեւ հայրենակցական միւս միութիւններուն` նման նախաձեռնութեանց ձեռնարկելու: Աւագեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւորներ` Լիբանանի եւ Բերիոյ հայոց թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն եւ օրուան նախագահ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն:

Ապա խօսք առաւ լիբանանահայ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը» գիրքին հրատարակման պայմանները: Ան խորապէս գնահատեց գիրքը հազար օրինակով տպելու քայլը, որ ուշագրաւ է յատկապէս ներկայիս: 294 էջերէ բաղկացած հատորը կ՛ընդգրկէ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի յառաջաբանը, որուն կը յաջորդէ հեղինակին` Հրազդան Թոքմաճեանի ներածականը: Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով հեղինակին կենսագրականը` Դանիէլեան անդրադարձաւ հատորի սկզբնաւորութեան յիշուած Պրունօ Էքարթին, որուն զոյգ ալպոմներուն նկարները օգտագործուած են այս գիրքին մէջ: Արհեստով գեղանկարիչ արուեստագէտ Պրունօ Էքարթ զոյգ հատորներու մէջ ամփոփած էր Ուրֆայի ասեղնագործութեան մասին իր նկարները: Խօսելով «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը» հատորին ընդգրկած նիւթերուն մասին` Դանիէլեան յայտնեց, որ անիկա կ՛ընդգրկէ երեք գլխաւոր մասեր` Շահան սրբազանի յառաջաբանէն ետք հեղինակին ներածականը եւ վերլուծական արժեւորում` Ուրֆայի ասեղնագործութիւններուն եւ զարդանախշերուն մասին: Ան յայտնեց նաեւ, թէ նիւթերու ճոխութեան բերումով երկրորդ հատոր մըն ալ պիտի յատկացուի Ուրֆայի ասեղնագործութեան: Դանիէլեան հանգամանօրէն խօսեցաւ այս գիրքին էջերը զարդարած ու անոր խթան հանդիսացած զոյգ ալպոմներուն պահպանման պայմաններուն մասին, երբ արուեստագէտ Պրունօ Էքարթ, որ նաեւ գերմանական բանակի սպայ էր, պատերազմի ընթացքին նախքան ճակատ մեկնիլը կը թելադրէ իր հայ ազգի կնոջ` Սաթենիկ Նշան Թահմեզեանին, որ այդ հատորները պահէ ամէն գնով` շեշտելով անոր բովանդակութեան խիստ կարեւորութիւնը:

«Ցարդ Ուրֆան` պատմական Եդեսիան, մեզի ծանօթ է Արամ Սահակեանի «Ուրֆայի հերոսամարտը» հատորին ընդմէջէն, իսկ այսօր Հրազդան Թոքմաճեանի «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը» խորագրեալ այս հատորով մենք կ՛ապրինք Ուրֆայի երկրորդ հերոսամարտը` արուեստի պատմութեան ներկայացման ճամբով, երկուքն ալ` մեզ յաւերժութեան առաջնորդող», ընդգծեց Ժիրայր Դանիէլեան:

 

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահան արք. Սարգիսեան
Շահան արք. Սարգիսեան
Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան
Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան անդրադարձաւ «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը» գիրքին մէջ պատկերուած զարդանախշերուն` արուեստի դիտանկիւնէն: Սահիկներու օգնութեամբ ան բացատրեց իւրաքանչիւր զարդանախշի պատմական ծագումն ու ազգային աւանդի խորհրդանիշը հայութեան մօտ, ինչպէս` արեւը, նուռը, սկիհը եւ այլ խորհրդանիշներ, որոնք զարդանախշերու ասեղնագործութեամբ կը ցոլացնեն հայու պատմական, մինչեւ նախաքրիստոնէական շրջանի հաւատալիքներն ու սրբութիւնները:

Թուելով իւրաքանչիւր խորհրդանշական զարդանախշի պատմական հայկակա՛ն ստեղծագործութիւն ըլլալու հիմնաւորեալ հանգամանքը` Հերկելեան ցաւ յայտնեց, որ անոնք կը ներկայացուին իբրեւ ոչ հայկական, յատկապէս` թրքական ու ազրպէյճանական այսպէս կոչուած արուեստի գործեր:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ  Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ իր խոր գնահատանքը յայտնեց հատորի հեղինակին, որ այժմ կը գտնուի Երեւան եւ որ լծուած է Այնթէպի ասեղնագործութեան մասին աշխատանքին եւ արդէն իսկ ամբողջացուցած է Ուրֆայի ասեղնագործութեան մասին իր երկրորդ հատորը: Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահին, խօսք առնողներուն եւ հեղինակին` մէջբերելով անոր խօսքը, թէ` «ռումբերուն տակ Հալէպի մէջ գրուած այս գիրքին շնորհահանդէսը ազգային մեր մշակոյթի քաղաքականութեան խնդիրն է»:

20615_Ourfa2Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հրաւիրեց օրուան նախագահն ու խօսք առնողները` Շահան արք. Սարգիսեանին հետ կատարելու համար հատորին գինեձօնը:

Աւարտին եղաւ հիւրասիրութիւն եւ հատորին մակագրութիւնը:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?