Գաղութային

Հարցազրոյց Թաթուլ  Յակոբեանի Հետ

Հարցազրոյց Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 6 փետրուար 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, այդ առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին եւ բաղդատական մը կատարուեցաւ վերջինիս ու ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն միջեւ: Խօսելով 100-ամեակին բաղդատմամբ այլ ամեակներու ներկայացուցած կարեւորութեան մասին`...

Երիտասարդներուն Հետ  Հոգեւոր Զրոյցներուն  Վեցերորդը Անդրադարձաւ  Յիսուսի «Լերան Քարոզ»-ին

Երիտասարդներուն Հետ Հոգեւոր Զրոյցներուն Վեցերորդը Անդրադարձաւ Յիսուսի «Լերան Քարոզ»-ին

Մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան ու ուսանողութեան եւ տնօրինումով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ուրբաթօրեայ Ս. պատարագի եւ երիտասարդներուն հետ զրոյցի շարքին վեցերորդը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 6 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին  եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագը մատուցեց եւ ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Շնորհք աբղյ. Աշըքեան, որ խօսեցաւ երանութեան մասին` մեկնելով «Լերան քարոզ»-ի...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire  De La Grande Famine Au Mont-Liban (1915-1918) Un Génocide Passé Sous Silence»  Գիրքի Ներկայացում

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire De La Grande Famine Au Mont-Liban (1915-1918) Un Génocide Passé Sous Silence» Գիրքի Ներկայացում

Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ` Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire de la Grande famine au Mont-Liban(1915-1918) Un génocide passé sous silence» գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակներու յիշատակը, ապա «Ֆայհա»...

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Կը Պարգեւատրէ  Գրիգոր Մահսէրէճեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Պարգեւատրէ Գրիգոր Մահսէրէճեանը

Չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Գրիգոր Մահսէրէճեանը: Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպանը, շրջանին մէջ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն պարգեւատրեալին բարեկամներն ու դասընկերները:...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

31 յունուարէն 1 փետրուար 2015-ին, Հայկազեան համալսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի միացեալ կազմակերպումով տեղի ունեցաւ գիտաժողով` «Ցեղասպանութիւն. հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով: Գիտաժողովը 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկներուն առաջինն էր, որ կոչուած էր հետագայ աշխատանքներուն հիմնական բովանդակութեան առանցքները ընդգծել: Այս առումով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Լիբանանէն եւ Թուրքիայէն գիտաժողովին հրաւիրուած իրաւագէտները, պատմաբանները, ազգագրագէտները, թրքագէտներն ու լրագրողները գիտական մակարդակի վրայ նախանշեցին ցեղասպանութեան հետեւանքներու...

Սուրիահայութեան Առօրեայէն.  Դամասկոսի Ռմբակոծման  Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Դամասկոսի Ռմբակոծման Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտ Դամասկոսի բոլոր թաղամասերը կրկին թիրախ դարձան ընդդիմադիր խմբաւորումներու հակակշիռին տակ գտնուող Արեւելեան Ղութայի շրջանէն արձակուած հրթիռակոծումի. սուրիական բանակի օդուժը յարձակումներ իրականացուց հրթիռները արձակող զինեալներուն կեդրոններուն վրայ: Հրթիռակոծումին իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան մէկ տասնեակ զոհեր եւ հինգ տասնեակ վիրաւորներ, որոնց շարքին հայեր չկան: Մայրաքաղաքի բնակիչները ստիպուած մնացին բնակարանները, իսկ աշակերտները վերադարձան տուն: Հալէպ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Դպրեվանքին Եւ Երեւանի Պետական  Համալսարանին Միջեւ Համաձայնագիր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Միջեւ Համաձայնագիր

Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, երեքշաբթի, 27 յունուար 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան դահլիճին մէջ, կրթական մարզին մէջ համաձայնագիր մը կնքուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ: Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէ. Ա) Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն: Բ) Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն կարելիութիւններ` իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:...

Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի  «Յետադարձ Հայեացք»  Ցուցահանդէսի Բացում

Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի «Յետադարձ Հայեացք» Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ժալ Էլ Տիպի «Սիւրֆաս Լիպր» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի «Յետադարձ հայեացք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ամբողջ սերունդի մը ապրած մղձաւանջը, տառապանքը, ցասումը, ցաւն ու ապրելու տենչը կ՛արտացոլայ: Տաղանդաւոր գեղանկարիչին այս գործերուն ճամբով հայուն ապրած անմարդկային ցաւն ու...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Մարմնամարզանքի  Ցուցմունքներ» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարմնամարզանքի Ցուցմունքներ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-մարմնամարզանք, յատուկ տարեցներու համար: Դասախօսութիւն-մարմնամարզանքը ներկայացուց Ցոլիկ Բատոյեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան նշեց, որ առողջ ապրելակերպ մը պայմանաւորուած է ֆիզիքական շարժման կեանք մը ունենալու անհրաժեշտութեամբ: Իսկ...

Մամլոյ 99-րդ Լսարան.  Դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան Ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան  Արդի Իրաւական Խնդիրները» Նիւթը

Մամլոյ 99-րդ Լսարան. Դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան Ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան Արդի Իրաւական Խնդիրները» Նիւթը

Երէկ՝ երկուշաբթի, 2 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ, համագործակցաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան միջեւ,  տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու շարքին 99-րդը՝ «Հայոց ցեղասպանութեան արդի իրաւական խնդիրները» նիւթով։ Զեկուցաբերն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի իրաւախորհրդատուական բաժնի վարչութեան պետ դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան։ Շահան Գանտահարեան Դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան Լսարանի բացման խօսքը...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Թեմակալ Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Թեմակալ Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պիտի գումարուին Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու հետ: Յիշեալ ժողովներուն կրօնական, դաստիարակչական, տնտեսական, վարչական, յարաբերական, միջեկեղեցական եւ այլ հարցերու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի քննուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներ եւ աշխատանքներ, թէ՛ կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ թեմական մակարդակներու վրայ:...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Երկօրեայ Գիտաժողով  «Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ Եւ Առաջադրանքներ» Նիւթով

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Երկօրեայ Գիտաժողով «Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ Եւ Առաջադրանքներ» Նիւթով

Պաշտօնական Բացում Հայկազեան hամալսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի կազմակերպութեամբ և հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան. հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով գիտաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 31 յունուար 2015-ին, Հայկազեան համալսարանի մէջ: Գիտաժողովին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ....

Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Ձեռնարկ`  ՀՅԴ Բիւրոյի Նախկին Ներկայացուցիչ  Բենօ Թոնդեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Ձեռնարկ` ՀՅԴ Բիւրոյի Նախկին Ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ եւ ազգային- հասարակական գործիչ Բենօ Թոնդեանի մահուան քառասունքին առիթով կիրակի, 1 փետրուար 2015-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յաւարտ սուրբ պատարագի` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու համար Բենօ Թոնդեանի յիշատակը: Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան:...

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս  Եկեղեցւոյ Մէջ.  Ս. Սարգիս Զօրավարի Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Սարգիս Զօրավարի Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Երէկ` կիրակի, 1 փետրուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Սարգիս զօրավարի անուանակոչութեան տօնին առիթով, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզով ներկայացուց Ս. Սարգիս զօրավարը` քաջ եւ առաքինի զինուորականը, որ Կապադովկիոյ Գամիրք գաւառէն էր: Ան Ս. Սարգիսի մասին մէջբերեց պատմիչ Փ. Բուզանդի խօսքը. «Նահատակուեցաւ իր որդին` Մարտիրոսը, նահատակուեցան ...

Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի  Հերթական Նիստը` Հայաստանի  Հանրապետութեան Սփիւռքի  Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի Հերթական Նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

30 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական նիստը, որ կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Նիստին կը մասնակցէին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթին գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան,...

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Կեանքին  Եւ Գործունէութեան Ներկայացում

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Կեանքին Եւ Գործունէութեան Ներկայացում

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կազմակերպութեամբ ուրբաթ, 30 յունուար 2015-ին, քոլեճի վարիչ տնօրէն Արմէն Ճենտերեճեան, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ ներկայացուց Ալեքսանտր Սպենդիարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Արմէն Ճենտերեճեան յայտնեց, որ Սպենդիարեանը կը նկատուի հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ իւրացնելով ժողովրդական երաժշտութեան օրինաչափութիւնները, դաստիարակուելով եւրոպական եւ ռուսական դասական երաժշտութեամբ, ընդարձակած է ազգային երաժշտութեան շրջանակները, հիմքը...

Էլիաս Ռահպանի Այցելեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»  Մարզամշակութային Համալիր Եւ Բարձր  Գնահատեց Հոն Տարուած Աշխատանքը

Էլիաս Ռահպանի Այցելեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիր Եւ Բարձր Գնահատեց Հոն Տարուած Աշխատանքը

Երէկ` ուրբաթ, 30 յունուարին, ընդառաջելով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին հրաւէրին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր այցելեցին արուեստագէտ, երաժիշտ եւ երգահան Էլիաս Ռահպանի, Մըզհերի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան եւ  Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեան: «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի անդամներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Էլիաս Ռահպանի դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայութեան, հայ մշակոյթին եւ լիբանանահայ տիպարին մասին: Ապա երաժիշտն ու հիւրերը շրջագայեցան կեդրոնին մէջ, ծանօթացան...

Հալէպի Ազիզիէ Շրջանը  Հրթիռակոծման Ենթարկուեցաւ Գէորգ Հալլաճեան Զոհուեցաւ

Հալէպի Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման Ենթարկուեցաւ Գէորգ Հալլաճեան Զոհուեցաւ

Գէորգ Հալլաճեան «Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ` ուրբաթ, 30 յունուար 2015-ի երեկոյեան, Հալէպի բնակչութեամբ հոծ «Ազիզիէ» շրջանի «Սինեմա Զահրաա» պողոտան եւ «Սելլում» հիւանդանոցի շրջանը հրթիռակոծման ենթարկուեցան: Զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ: Պայթումը պատճառ դարձաւ նաեւ նիւթական մեծ վնասներու եւ հրդեհի մը բռնկման: Ազիզիէ շրջանի «Սինեմա Զահրաա» պողոտայի հրթիռակոծման պատճառով վիրաւորուեցան հալէպահայ Գէորգ Հալլաճեանն ու անոր երկու...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Վերաբերող  Մամլոյ Ասուլիս.  Դոկտ. Յովհաննէս Թասլաքեան.  «Հիմնականը Հայկական  Գրաւեալ Հողերու Հատուցումն Է»

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Վերաբերող Մամլոյ Ասուլիս. Դոկտ. Յովհաննէս Թասլաքեան. «Հիմնականը Հայկական Գրաւեալ Հողերու Հատուցումն Է»

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը Լիբանանի Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնին մէջ, Ժալ էլ Տիպ` ներկայութեամբ հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հայ կաթողիկէ պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած այս ասուլիսին խօսք առին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան: Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան...

Համազգայինի «Լիւսի  Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  «Դէպի Ապագայ» Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Դէպի Ապագայ» Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի երիտասարդ գեղանկարիչներ Գայ Ղազանչեանի, Արփի Վարդանեանի եւ Ժորա Գասպարեանի «Դէպի ապագայ» թեմայով ցուցահանդէսին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան անձնակազմէն ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի...

Page 361 of 364 1 … 360 361 362 … 364

Արխիւներ