Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Պըսթան Քըլափի Շրջանը Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Սագօ Գարակիւլլէեան Եւ Յարութ Ագսանեան Զոհուեցան, Կան Նաեւ Հայ Վիրաւորներ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Քըլափ վաճառախանութներու շրջանը քանի մը օրէ ի վեր հրթիռակոծման թիրախ դարձած է: Շաբաթ, 21 փետրուար 2015-ին շարունակուեցաւ հրթիռակոծումը զինեալ խմբաւորումներու կողմէ: Թէեւ հրթիռներէն քանի մը հատը չպայթեցաւ յատկապէս Թիլել շրջանի մուտքին (Պապ Ֆարաճի կողմէ), սակայն կէսօրուան Պըսթան Քըլափի շրջանի «Սանոսեաններու կառատունի տարածք»-ը դարձաւ հրթիռներու պայթումին թատերաբեմը: Պայթումին պատճառով զոհուեցան 1970-ի ծնունդ...



















