Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Եւ Ղազախստան Հասարակաց Ուժեղ Կապեր Ունին» Կ՛ըսէ Դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան

February 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
21115_Kavlakian
Վազգէն Գաւլաքեան

Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատկանող «Եուրէյժա էնտ Ուըրլտ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանան-Ղազախստան երկկողմանի յարաբերութեանց, կը նշէ, որ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը աւելի քան 1 միլիառ տոլար է:

Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) կրնայ շահաւէտ ըլլալ Լիբանանին, սակայն դեսպանը կը նախատեսէ դժուարութիւններ, որոնք առայժմ դժուար յաղթահարելի պիտի ըլլան: Ան կը նշէ, որ Լիբանանի նման փոքր երկրի մը համար ԵՏՄ-ի նման մեծ շուկայ մը մուտք գործելը շահաւէտ է, սակայն գոյութիւն ունին գումակային դժուարութիւններ, որոնք կապուած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան, բան մը, որ Լիբանանի կը ստիպէ ծովու ճամբան օգտագործել, ինչ որ ծախսերը կ՛աճեցնէ: «Սակայն անգամ մը, որ շրջանի կացութիւնը հանդարտի, երկիրը անշուշտ պիտի մտածէ ԵՏՄ-ի հետ գործակցելու մասին», կը նշէ Գաւլաքեան:

Ներկայիս շուրջ 400 լիբանանցիներ եւ լիբանանեան ճամբորդական փաստաթուղթեր ունեցող պաղեստինցիներ կը բնակին Ասթանայի մէջ, շուրջ 200 լիբանանցիներ ալ կը բնակին Ալմաթիի մէջ, իսկ ուրիշներ` Պայքոնուրի եւ կարգ մը այլ քաղաքներու մէջ: Անոնք բոլորն ալ առեւտրական տարբեր գործունէութիւններով կը զբաղին:

Դեսպանը հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Լիբանանի 6000- ամեայ պատմութեան մասին: Պարբերաթերթը կը նշէ, որ Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպանը հայ է:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ Խմբաւորումը Կը Փորձէ Քիմիական Զէնք Ունենալ

Յաջորդը

«Նախագահները Իրենք Պիտի Որոշեն Կալիփոլիի Ձեռնարկներուն Մասնակցիլ, Թէ Ոչ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.