Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Դեսպան Արշակ Փոլատեան Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Լահհամի Հետ

February 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21115_polad«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 10 փետրուարին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ ընդունած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-սուրիական միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման եւ յարաբերութիւններու աշխուժացման հետ կապուած հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է սուրիահայութեան վիճակին եւ զայն յուզող հարցերուն: Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է, որ հայ համայնքը թէ՛ անցեալին, թէ՛ ներկայիս կը գտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ ներքաղաքական ճգնաժամին` Լահհամ կարեւոր նկատած է Միջին Արեւելքի մէջ ահագնացող ահաբեկչութեան դէմ պայքարը` նշելով, որ այդ չարիքը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ շրջանի բոլոր երկիրներուն համար:

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին խնդրանքով դեսպան Փոլատեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ նախատեսուող ձեռնարկներու ծրագիրը: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային կարեւորութեան շարք մը հարցերու:

Հալէպի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Ձեռնարկները Համակարգող Մարմինի Առաջին Նիստ

21115_100amyagՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինին հրաւէրով, երկուշաբթի, 9 փետրուար 2015-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմինին առաջին նիստը` նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի, մասնակցութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին հրատարակած Հայոց ցեղասպանութեան Համահայկական հռչակագիրին եւ շեշտեց Հայ դատի եւ պահանջատիրական հոլովոյթի աշխատանքներուն մէջ սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը, հակառակ Սուրիոյ պատերազմական բարդ կացութեան:

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ մակարդակով տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները:

Այնուհետեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն թելադրուեցաւ ապրիլեան ձեռնարկներու ընթացքին անմոռուկ ծաղիկը որդեգրել` իբրեւ պաշտօնական նշանակ:

Աւարտին, սրբազան հօր եւ վերապատուելիին ներկայութեամբ ընտրուեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմինին դիւանը, հետեւեալ ձեւով.

Ատենապետներ Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Հրանդ Աթթարեան
Ատենադպրուհիներ Լարա Տիրարեան եւ Վարդուկ Պարտագճեան

 

Նախորդը

«Եոհան». Իսկական Փոթորիկ Մը, Որուն Պիտի Յաջորդէ Սաստիկ Ցուրտը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Աղբերու Վերաօգտագործման Կարելիութիւնները» Նիւթով

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.