Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Վարդանանց Ճակատամարտին, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Փետրուար 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21315_Ainjar1Հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց  հերոսներուն, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պահանջատիրութեան նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Խաժակ Հերկելեան արտասանեց ձեռնարկի բացման խօսքը: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը հայ նահատակներուն: Հերկելեան ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պահանջատիրութեան  կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ասոնք իրադարձութիւններ են, որոնց ընթացքին հայը պահանջած է եւ տէր կանգնած է իր իրաւունքներուն, նոյնիսկ նահատակութեան գնով` անաղարտ պահելու համար հայ ժողովուրդի դարաւոր արժէքները եւ ամրացնելու հայրենիքի սահմանները:

Բացման խօսքէն ետք Այնճարի Հայ քոյրերու վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» ասմունքը:

Պատ. Յակոբ Ագպաշարեան
Պատ. Յակոբ Ագպաշարեան

Օրուան առաջին բանախօսը` պատ. Յակոբ Ագպաշարեան, խօսելով Վարդանանց ճակատամարտի հերոսներուն մասին, ըսաւ, թէ անոնց որոշումին ետին կային աստուածային 3 սկզբունքներ. հաւատք` Աստուծոյ նկատմամբ, յոյս` յարատեւելու, համբերելու եւ դիմանալու կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն եւ սէր` Քրիստոսի եւ ազգին նկատմամբ:

Ան շարունակեց հարց տալով. «Այսօր` 12 փետրուար 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 1ՕՕ-ամեակին առիթով, երբ մեր անձերը կը գտնենք յիշելու եւ պահանջելու ընթացքին մէջ, ճիշդ ի՞նչ կը յիշենք, արդեօք միայն ցա՞ւը կը յիշենք, տառապա՞նքը, չարչարա՞նքը, թէ՞ նաեւ կը յիշենք հայուն հաւատքը, յոյսը եւ սէրը»:

Պատ. Ագպաշարեան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ մենք` իբրեւ Վարդանի յաջորդներ, պէտք է լեցուինք  Աստուծոյ հաւատքով, քաջալերուինք յոյսով եւ մղուինք Քրիստոսի եւ հայրենիքի սիրով, որպէսզի կարենանք տիրանալ մեր բոլոր իրաւունքներուն:

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Վահագն Դաւթեանի «Իմ հարեւաններին» ասմունքը եւ «Ղարաբաղ» երգը` ընկերակցութեամբ վարժարանի աշակերտական նուագախումբին:

Ապա Ազգային «Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան ազգային-հայրենասիրական  3 երգերով, խմբավարութեամբ` Նայիրի Հապեշեանի:

Դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան
Դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան

Օրուան երկրորդ բանախօսը` դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան պատմական ակնարկով մը ներկայացուց քաղաքական եւ ապահովական այն պայմանները, որոնց պատճառով ծնունդ առին Փետրուարեան ապստամբութիւնն ու Արցախեան պահանջատիրութիւնը: Ան խօսեցաւ ժամանակակից հայոց պատմութեան ընթացքին  ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրած յաղթանակներուն մասին, որոնք կերտեցին հայ ազգի պատմութիւնը եւ նկարագիրը:

Ան անդրադառնալով հայ ազգի դիմագրաւած ձուլման վտանգին` խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն եւ ըսաւ. «Մենք բոլորս` ծնողք, ուսուցիչներ, կուսակցութիւն եւ հոգեւոր հայրեր, պարտաւոր ենք մեր պատանիները այնպէս դաստիարակել, որ անոնք մեր ժողովուրդի պատմութիւնը ոչ թէ ամբարեն իրենց ենթագիտակցութեան ու առօրեայ յիշողութեան մէջ, այլ փորագրեն զայն: Այս է մեր հիմնական պատասխանատուութիւնը եւ ազգային բարձրագոյն պարտականութիւնը»:

Դոկտ. Փիլաւճեան նաեւ նշեց, «Որպէսզի հայ ժողովուրդին ու Դաշնակցութեան յաղթանակներն ու պատմութիւնը մոռացութեան չենթարկուին, յաղթանակներուն ջահը պէտք է փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ հայ ծինը մնայ մաքրամաքուր, մեր միակ ճամբան ու փրկութիւնը հայրենիքն է` ՀՅ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ եւ ծրագրաւորմամբ»:

Այնուհետեւ Ազգային-Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան  ազգագրական պարով մը` պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ հոգեւոր հայրերու պահպանիչով:

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Բազմամարդ Նշում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նստավայրէն Կ’ողջունենք Ղարաբաղի Արի Զաւակները` Նորօրեայ Վարդան Մամիկոնեանները» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լրագրութեան Մէջ Լուսանկարին Դերակատարութեան
Գաղութային

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լրագրութեան Մէջ Լուսանկարին Դերակատարութեան

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Անդրանիկ Ժողովի Գումարման 100-Ամեակին Առիթով.  Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ Պատանեկան Միութիւններու Դիւաններու Խորհրդանշական Ժողով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Անդրանիկ Ժողովի Գումարման 100-Ամեակին Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ Պատանեկան Միութիւններու Դիւաններու Խորհրդանշական Ժողով

Ապրիլ 1, 2023
Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In