Շաբաթ, 7 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 4-րդ նորակառոյց յարկի բացման հանդիսութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն` ժապաւէնի հատումէն ետք, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի քայլերգները, ապա Սոնիկ Բամպուքեանի մեկնաբանութեամբ «Ծիծեռնակ» երգին ընթացքին վարժարանին աշակերտները բեմական արտայայտութեամբ կառուցեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պատկերը:
Բացման խօսքով Գէորգ Յակոբճեան ըսաւ, թէ «հարիւր տարի առաջ ծիծեռնակը բոյն կը շինէր, սակայն թուրքը փորձեց ոչնչացնել զայն: Հարիւր տարի անց, ծիծեռնակը դարձեալ բոյն կը շինէ: Ծիծեռնակը այսօր այցելած է Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան ու հայու անպարտելի կամքին դրսեւորումով պաշտօնական բացումը կը յայտարարէ մարդակերտումի այս դարբնոցին 4-րդ նորակառոյց յարկին»: Ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանին պատմական ու նորակերտ յարկին աշխատանքները ամփոփող տեսերիզ մը` Յովիկ Յակոբեանի պատրաստութեամբ:
Գեղարուեստական բաժինով, «Կիլիկիա» մաղթերգի նուագակցութիւնը կատարեցին երգեհոնի վրայ` Լիւսի Ղարիպեան, եւ ջութակ` Գէորգ Ներսէսեան: Անոր յաջորդեց ասմունք` «Վաղուան տունը», Մուշեղ Իշխանի համադրութեամբ, կատարողութեամբ Սարին Փօլատեանի: Յակոբ Փամպուքեան եւ Սերուժ Գուճանեան հրամցուցին երաժշտական կտոր մը կիթառի նուագակցութեամբ: «Բարի արագիլ» եւ «Հայաստան» երգերով ելոյթ ունեցան Կարօ Նագգաշեան, Սերժիօ Ահարոնեան եւ Սոնիկ Փամպուքեան:
Վարժարանի տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ շեշտեց, թէ գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ հայ դպրոցին անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է հայ դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, իսկ այդ յառաջապահութիւնը կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական անվերապահ զոհողութիւններու: Վարժարանի 4-րդ յարկի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը պատեհ առիթ նկատելով` Պոյաճեան մեծապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս հսկայական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ այս ծրագիրի յաջողութեան իր մեծածաւալ ներդրումը բերած բարերար Վարուժ Ներկիզեանին` համագործակցութեամբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Պանք օֆ Շարժա» եւ «Էմիրէյց Լեպանոն» դրամատուներուն:
4-րդ յարկի կառուցման ու արդի սարքաւորումներով կահաւորման աշխատանքներուն իր զօրակցութիւնն ու գնահատելի ներդրումը ունեցած Վարուժ Ներկիզեանի պարգեւատրումը կատարուեցաւ ձեռամբ հոգեւոր տիրոջ եւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի:
Ներկիզեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ որեւէ եկեղեցւոյ կամ դպրոցի շինութիւնը, թէկուզ այդ ըլլայ ժամանակաւոր, ունի իր կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ բոլոր հայերը դարերէ ի վեր եղած են ուսումնատենչ եւ յաջողակ անձեր, այդ պատճառով հայերէն ձերբազատիլ ցանկացող անձեր թիրախ ընտրած են դպրոցներն ու եկեղեցիները` հայերը ոչնչացնելու եւ ջլատելու համար: Հետեւաբար, Ներկիզեան մեծ պատիւ զգալով իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը մատուցած էր Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի 4-րդ յարկի կառուցման աշխատանքներուն:
Ապա, խօսք առաւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ ըսաւ, թէ այս տարի ձեռնարկեցին Ս. Խաչ-Հարպոյեան երկրորդական վարժարանին զարկ տալ, կառուցել եւ կահաւորել տալով վարժարանի շէնքին 4-րդ յարկը, նկատի առած ըլլալով անոր յարաճուն յաջողութիւնը եւ աշակերտութեան թիւին տարեկան աճը: Ան մաղթեց, որ վարժարանը շարունակէ գործել ի նպաստ հայ նորահաս սերունդներու լաւագոյն ուսումնառութեան` իրենց կրթական առաքելութեան զուգահեռ ապահովելով նաեւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութիւնը` քրիստոնէական, ազգային եւ մարդկային այն արժէքներով, որոնք զիրենք կ՛առաջնորդեն դէպի յուսատու եւ փայլուն ապագայ:
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:


