Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նստավայրէն Կ’ողջունենք Ղարաբաղի Արի Զաւակները` Նորօրեայ Վարդան Մամիկոնեանները» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21315_1Հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ` հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագիրին եւ հաւատքի ամրութեան ու յանուն արդարութեան պայքարի անհրաժեշտութեան:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, միաբան հայրերը, դպրեվանքի սաներն ու ժողովուրդը թափօր կազմած ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանքի սաները Վարդանանց նուիրուած երգերով ոգեկոչեցին հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագիրը ամրապնդող ու ինքնութիւնը կերտող պատմական պատերազմը:

Վեհափառ հայրապետը այս առիթով արտասանած իր ճառին մէջ նշեց. «Ռազմական հասկացողութեամբ Վարդանանց պատերազմը փոքր ճակատամարտ մըն էր: Սակայն մեր պատմութեան ենթահողին վրայ դիտուած այդ ճակատամարտը ազգային, քաղաքական, կրօնական ու գաղափարախօսական ճակատագրական եւ յատկանշական նշանակութիւն ունեցող դէպք մըն էր»: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այն բոլոր փորձերուն դիմաց, որոնք կու գան մեր հայրենիքը գերելու, մեր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը յափշտակելու. փուճ է մեր կեանքը, երբ մենք կ՛ապրինք մեր անձերուն համար, մենք հայրենիքին համար պատրաստ պիտի ըլլանք մեր արիւնը թափելու: Այսօր Վարդանի հոգիով եւ հաւատքով, հայրենիքին ու հաւատքին համար արիւն թափելու պատրաստակամութիւնը եւ քաջութիւնը մենք կը տեսնենք Ղարաբաղի մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մեր զինուորներուն մօտ, որոնք գիշեր ու ցերեկ` փոթորիկին, բուքին ու տաքին պատրաստ են իրենց արիւնը թափելու հայրենիքի պաշտպանութեան, արդարութեան ու ազատութեան համար: Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայրէն կ՛ողջունենք Ղարաբաղի արի զաւակները` նոր օրերու Վարդան Մամիկոնեանները, որոնք իրենց քաջ կեցուածքով պատրաստ են իրենց արիւնը թափելու վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց»:

Ոգեկոչման հանդիսութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը պահպանիչով օրհնեց ժողովուրդը, ապա հնչեցին «Կիլիկիա»-ն եւ Հայրապետական մաղթերգը:

 

 

 

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Վարդանանց Ճակատամարտին, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Նիւթով Կլոր Սեղան

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.