Ուրբաթ, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Բացատրեց, թէ մեր եկեղեցւոյ հայրապետները զոյգ առիթները` Քրիստոսի 40-օրեայ տաճար ընծայումը, նաեւ մեր ազգային սովորութեան համաձայն Տեառնընդառաջի տօնին առիթով լոյս տենջալու համար բարերարէն` խարոյկ վառելու արարողութիւնը իմաստուն կերպով իրարու հետ միաւորած են, որպէսզի զգանք եւ անդրադառնանք, թէ լոյսը մեր կեանքին մէջ կը խորհրդանշէ այն, ինչ որ Աստուծոյ կողմէ կու գայ: Լոյսին մէջ Աստուած կը յայտնուի, եւ երբ այդ լոյսը մեր մէջ ծագի, մեզ ալ կը լուսաւորէ` մեր կեանքէն վանելով այն բոլոր մտահոգութիւնները, կեանքի անստուգութիւնները, մտատանջութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան:
«Պէտք է ունենանք լուսաւոր այն աչքերը, որոնք աշխարհի այս մշուշին մէջէն կրնան թափանցել եւ տեսնել մեր փրկիչը, որ ամէն օր իր Աւետարանի լոյսով եւ իր պատգամներով մեզի կու գայ, որպէսզի մենք զինք տեսնելով ու զգալով եւ իր խօսքերը լսելով` կերպարանափոխուինք եւ դառնանք նոր արարածներ` ընդունակ Աստուծոյ շնորհին, դառնանք նոր էակներ որոնց մէջ Աստուծոյ յոյսը հանգչած է», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, որ մեր նախահայրերուն օրինակով եւ դարաւոր աւանդութեան մը հետեւողութեամբ մենք ալ պիտի վառենք խարոյկը` նշելով, որ կրակը մաքրիչ, զտիչ յատկութիւն ունեցող իրականութիւն է այս աշխարհին մէջ: «Մեր նախահայրերը իրենց գոյութեան ընթացքին յոյս փնտռած են: Փնտռած են նաեւ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ այդ մաքրիչ կրակի բոցերուն ընդմէջէն զգացած են, թէ լոյսն է, որ կը մաքրէ, կը զտէ եւ կը նորոգէ մարդը», շեշտեց սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ առկայծ խարոյկը լուսաւորէ մեր կեանքը, յոյս եւ շնորհ բերէ մեր տուներուն եւ իր օրհնութիւնը առատացնէ մեր հաւաքականութեան վրայ:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: