Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Նիւթով Կլոր Սեղան

Փետրուար 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21315_matar1Ռոթարի-Քեսրուան ակումբի կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթով կլոր սեղանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի ինքնաշարժներու եւ զբօսաշրջութեան ակումբին` «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ի մէջ, ներկայութեամբ արաբ մտաւորականներու, դասախօսներու եւ հիւրերու:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռոթարի-Քեսրուան ակումբի տնօրէն Կապի Մզաննար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան համար, ապա անդրադարձաւ լիբանանեան մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի արծարծման կարեւորութեան` խօսելով հայ եւ արաբ ժողովուրդներու փոխադարձ յարաբերութեան եւ սերտ կապին մասին, ապա հրաւիրեց հիւր դասախօս` «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի մշակութային յարաբերութիւններու փոխնախագահ դոկտ. Սուհել Մաթարը, որպէսզի «Ցեղասպանութեան 100-ամեակը» խորագիրով նիւթը ներկայացնէ:

21315_matarԴոկտ. Սուհել Մաթար ըսաւ, որ 100 տարի անցաւ եւ տակաւին կը յիշենք… ցաւոտ յիշատակները սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին. ժողովուրդի մը կրած արհաւիրքը ասպարէզ կը կարդայ մոռացութեան, բայց յամառօրէն կը շարունակենք յիշել: Ան նշեց, որ այս հաւաքը միայն յիշելու համար չէ, որ կազմակերպուած է, այլեւ քննարկելու, ուսումնասիրելու, մտածելու եւ զգացումէն անցնելու բանականին: Ան շարք մը հարցադրումներով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրողութեան, հայ ժողովուրդի պատմական անցեալին, Հայկական հարցին:

Դոկտ. Մաթար նախ յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան դատապարտման ուխտը որդեգրուած է ՄԱԿ-ի 1946-ի Ընդհանուր ժողովի թիւ 96/1 բանաձեւով, ապա յիշեց 20-րդ դարուն կատարուած ցեղասպանութիւնները, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմները, չինացիներու ցեղասպանութիւնը, Քամպոտիոյ, Ալճերիոյ, Քոնկոյի, Ռուանտայի, Պաղեստինի եւ Սուրիոյ պարագաները: Ան հարց տուաւ, թէ կրօնները խաղաղութեա՞ն կը նպաստեն, թէ՞ պատերազմի, ապա աւելցուց` միթէ՞ պատմութիւնը վրէժ կը սերմանէ:

Դոկտ. Մաթար արագ ակնարկ մը նետեց Հայաստանի պատմական ու ներկայ աշխարհագրական տուեալներուն վրայ, ապա ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան կատարած ջարդերը` 1880-էն սկսեալ մինչեւ 1922, յիշելով Երիտթուրքերու, ապա Աթաթուրքի վարած քաղաքականութիւնը:

Դոկտ. Սուհել Մաթար Հայաստանի հին ու նոր աշխարհագրական տուեալները ներկայացուց հիմնուելով լիբանանցի մտաւորական դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինի հրատարակած մէկ աշխատութեան մէջ լոյս տեսած քարտէսին վրայ: Այստեղ միջամտեց Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու անդամ Սարգիս Պուտաքեան` նշելով, որ քարտէսը ճշգրիտ կերպով չի ներկայացներ Պատմական Հայաստանը եւ հայկական պատմական տարածքները, որոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ Հայկական Կիլիկիան: Պուտաքեան նշեց, որ եղած է Հայ ճեմարանի աշակերտ, եւ կրթական այդ հաստատութեան մէջ միշտ ալ առաջնահերթութիւնը տրուած է հայոց լեզուին ու պատմութեան: Ան վերակենդանացնելով Հայ ճեմարանի ուսուցիչներուն յուշը` կլոր սեղանին մասնակիցներուն ներկայացուց հայոց պատմութեան զանազան հանգրուանները` սկսելով 301 թուականին քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն մինչեւ 451-ին Վարդանանց պատերազմը, 1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ անկումը, 1880-ականներէն ետք հայ քաղաքական զարթօնքը եւ կուսակցութիւններու ստեղծումը, ազգային-ազատագրական պայքարը եւ 1918 հայկական պետականութեան վերականգնումը: Սարգիս Պուտաքեան յատուկ անդրադարձաւ նաեւ 1988-ին բռնկած Ղարաբաղեան շարժումին եւ հայ-ազրպէյճանական տագնապին: Պուտաքեան եզրափակեց իր միջամտութիւնը իր հայկականութեան կողքին յանձնառութիւն յայտնելով նաեւ իր լիբանանցիութեան նկատմամբ:

Դոկտ. Մաթար նաեւ խօսեցաւ հայութեան բնաջնջման ծրագիրին գործադրութեան մէջ քիւրտերու, չերքեզներու եւ Համիտիէ գունդերու մասնակցութեան մասին:

Դոկտ. Մաթար անդրադարձաւ նաեւ հայ ազգային- ազատագրական շարժման, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի կատարած դերին, ապա` վրէժխնդրութեան, թէ ինչպէ՛ս հայ վրիժառուները վրէժ լուծեցին ու պատժեցին հայ ժողովուրդի ջարդարարները` Թալէաթը, Պէհաէտտին Շաքիրը, Ճեմալ փաշան եւ ուրիշներ: Ան շարունակեց հարց տալով. «Ի՞նչ է ՄԱԿ-ի դերը այսօր` ցեղասպանութեան իրականութիւնը բացայայտելու գործին մէջ: Հայոց ցեղասպանութիւնը արժանի չէ՞ համաշխարհային դատապարտման. ի՞նչ է միջազգային դատական ատեանի դիրքորոշումը»:

Ան եզրափակեց իր խօսքը անպատասխան մնացած հարցով մը. ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ցեղասպանութեան չենթարկուէր հայ ազգը` աւելցնելով. «100-ամեակը թող նոր դուռ մը բանայ հայ ազգին առջեւ` դէպի խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ իրաւունք»:

Դասախօսութեան աւարտին ուղղուեցան լուսաբանական հարցումներ, արծարծուած հարցադրումներուն շուրջ տեղի ունեցաւ լայն քննարկում, կարծիքներու եւ տեսակէտներու փոխանակում, հայ իրականութեան վերաբերող բացատրութիւն եւ ծանօթացում:

Նախորդը

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նստավայրէն Կ’ողջունենք Ղարաբաղի Արի Զաւակները` Նորօրեայ Վարդան Մամիկոնեանները» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

Մեր Կորուստները
Գաղութային

Մեր Կորուստները

Նոյեմբեր 13, 2025
Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?