Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ Ընդհանուր Ժողովը

February 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_ari-4Երեքշաբթի, 10 փետրուար 2015-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ ընդհանուր ժողովը, ներկայութեամբ ԱՌԻ-ի բաժնետէր մեծաթիւ անդամներու եւ պատկան մարմիններու:

Ժողովը բացուած յայտարարեց ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք յետադարձ ակնարկ մը նետեց անցնող 5 տարիներուն ընթացքին ԱՌԻ-ի տարած աշխատանքին, անոր արձագանգին եւ յաջողութեան արդիւնքներուն: Ան նշեց, որ ԱՌԻ-ի սրբազան նպատակն է վերաբնակեցնել Արցախի ազատագրուած հողերէն Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջանները, որոնք ռազմավարական նշանակութիւն ունին: Սարգիսեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ի նպատակները իրականացնելու համար որդեգրուած գործելաձեւը կատարեալ է եւ ճիշդ ձեւով կ՛ընթանայ: Ըստ Ակրոֆոնտի վիճակագրական տեղեկութիւններուն, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի բնակչութիւնը աճ արձանագրած է 24 տոկոսով: Ան յայտարարեց նաեւ, որ 2014 թուականը ԱՌԻ-ին համար յաջող եղած է. 2013-ին ծրագրուած Առիաւանի շինութեան աշխատանքները սկսած են 2014-ին, եւ քանի մը ամիսէն 50 բնակարան պատրաստ կ՛ըլլայ բնակեցման: Պէտք է նշել, որ Առիաւան գիւղաքաղաքի կենսական ենթակառոյցները եւ ճամբաներու շինութիւնները կ՛իրականացուին պետութեան կողմէ:

Ստեփան ՏԷր Պետրոսեան
Ստեփան ՏԷր Պետրոսեան
Սուրէն Սարգիսեան
Սուրէն Սարգիսեան

Սարգիսեան յիշեց, որ բաժնետէրերէն 75 հոգի առիթ ունեցած են այցելելու Շահումեան եւ Քաշաթաղ` անձամբ տեսնելու ու վայելելու իրենց ներդրումին արդիւնքները:

Ան յայտնեց նաեւ, որ ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդը կը միտի Լիբանանէն դուրս գալ եւ ծանօթացնել զայն այլ բաժնետէրերու` շահաբեր ներդրում կատարելու նպատակով եւ բացառապէս հայրենասիրական սկզբունքէն մեկնելով:

Սարգիսեան ըսաւ, որ ԱՌԻ-ն կը պատրաստուի ծոցի երկիրներուն մէջ անդրանիկ հանդիպում մը ունենալու, որուն պիտի մասնակցին Արցախէն պատուիրակութիւն մը եւ ԱՌԻ-ի ներկայացուցիչները:

Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ ԱՌԻ-ն կը հետապնդէ ազգանպաստ նպատակ մը, որ է ցիր ու ցան եղած հայ ժողովուրդի զաւակները մէկտեղել միացեալ մէկ ու հզօր հայրենիքի մէջ:

Ապա համապատասխան լուսանկարներու ու տեսանիւթերու զուգընթաց Ստեփան Տէր Պետրոսեան ներկայացուց ԱՌԻ-ի գործունէութեան ամբողջ ընթացքը: Ան անդրադարձաւ, թէ 17 բաժնետէրերով սկսած ծրագիրը այսօր իր շուրջ կը համախմբէ 150 բաժնետէրեր, որոնց մէջ կան հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Ան նկատել տուաւ, որ անցնող տարուան կարեւոր նուաճումներէն մէկը եղած է Արցախի պետութեան նեցուկը, որ թէեւ սկիզբէն ալ գոյութիւն ունեցած է, բայց անցնող տարի խորացան յարաբերութիւնները եւ ԱՌԻ-ն ձեռք բերաւ համարձակ ու խիզախ ներդրում:

Վահան Գասարճեան
Վահան Գասարճեան
Մասիս Ալեքսանտրեան
Մասիս Ալեքսանտրեան

Ապա Մասիս Ալեքսանտրեան ներկայացուց ԱՌԻ-ի ելեւմտական- տնտեսական պատկերը: Ան յայտնեց, որ նիւթապէս փայլուն էին անցնող տարիները, եւ կ՛ակնկալուի մեծ աճ ու բարգաւաճում յառաջիկայ տարիներուն:

Իսկ Վահան Գասարճեան անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի ներկայ եւ գալիք ծրագիրներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 2014 թուականին առաւել ուշադրութեան կեդրոն հանդիսացաւ եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ ԱՌԻ-ն, որուն մասին հաղորդեցին տարբեր լրատուամիջոցներ` տարբեր լեզուներով: Ան շեշտեց, որ յառաջիկային ծրագիրներ պիտի մշակուին, որպէսզի այլ երկիրներէ ալ բաժնետէրեր կարելի ըլլայ ունենալ: Ան յիշեց, որ ԱՌԻ-ի ներդրումէն օգտուած է 200 գիւղ եւ  4000 անձ: Գասարճեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ԱՌԻ-ն ծրագրած է աւարտին հասցնել 100 տուն Առիաւանի մէջ: Յառաջիկային ԱՌԻ-ն կը ծրագրէ նաեւ արդիւնաբերական փոքր հաստատութիւններ կառուցել կամ շահութաբեր ձեռնարկութիւններ հաստատել:

Նիստը վաւերացուց ԱՌԻ-ի 2013 տարեշրջանի հաշուեփակը, որմէ ետք յայտարարուեցաւ ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի կազմը. 18 հոգի հաշուող կազմին թիւը բարձրացաւ 24-ի:

Նիստի աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն, ապա գնահատական եւ քաջալերական խօսքերով փակեցին նիստը:

 

Նախորդը

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ  Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները  Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

January 16, 2026
Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն  Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին  Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

January 16, 2026
Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ  Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ  Զինուորական Ներկայութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.