Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

February 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_ghevoԵրեքշաբթի, 10 փետրուար 2015-ին Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն: Պատարագը մատուցեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան:

Հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը բացատրեց, թէ այս տօնը միայն չի վերաբերիր Ղեւոնդ Երէցի, այլ նաեւ կը վերաբերի ամբողջ սերունդի մը, որ «վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց» պատմութեան ճակատագրական մէկ պահուն, արի կեցուածքով ինքզինք արտայայտեց: Վարդանի եւ իր ընկերներուն նահատակութեան պատճառով փրկուեցաւ հայրենիքը, փրկուեցաւ քրիստոնէութիւնը:

«Այս տօնը կը վերաբերի նաեւ շարք մը հոգեւորականներու, որոնք 5-րդ դարուն հաւատքի վկայութիւն տուին մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ եւ ամբողջ մարդկութեան ի խնդիր», յայտնեց սրբազանը` աւելցնելով, որ անոնք ոչ միայն չուրացան հայրենիքը, այլ այդ սկզբունքներով առաջնորդեցին հայկական բանակը եւ նախընտրեցին ի գին արեան եւ նահատակութեան մարտնչիլ, որպէսզի հայ ժողովուրդը կարենայ աշխարհին ապացուցել, թէ ինք արժանի է հայրենիքին, հաւատքի անկախութեան եւ ազատութեան:

«Ո՞ւր ենք մենք Սրբոց Ղեւոնդեանց սերունդին արի կեցուածքին դիմաց: Որքանո՞վ մենք տէրն ենք մեզի վստահուած առաքելութեան: Ժողովուրդի կեանքին մէջ ի՞նչ տեսակ հաւատքի սերմեր կը ցանենք եւ ի՞նչ տեսակ բարոյական սկզբունքներ կը տարածենք», հարց տուաւ սրբազանը ներկայ հոգեւորականներուն` աւելցնելով, որ մեզ նախորդող բոլոր սերունդները յիշեցուցած են մեզի, որ Վարդանանց պատերազմը մեր հաւաքական կեանքին մէջ մէկ անգամ պատահած դէպք չէ, այլ զայն կ՛ապրինք ամէն օր: Անիկա շարունակուող ընթացք է անոնց համար, որոնք իրենց հաւատքի պաշտպանութեան եւ հայրենական արժէքներու պահպանման համար կը հաւատան, թէ իրենք ընելիք ունին: «Վարդանանց պատերազմը փորձաքար մըն է իւրաքանչիւրիս համար, նաեւ մեր ամբողջ հաւաքականութեան համար», հաստատեց սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը շեշտեց, որ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող սրբութիւններուն եւ նուիրական արժէքներուն պաշտպանութեան համար պէտք  է պայքարիլ:

 

 

Նախորդը

«Բարոյականութեան Պակաս». Մեղաւոր Ենք Բոլորս Զրոյց Գրող, Հրապարակախօս Ռուբէն Յովսէփեանի Հետ

Յաջորդը

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ Ընդհանուր Ժողովը

RelatedPosts

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

March 7, 2026
Համահայկական Հրատապ Իրադարձութիւններու Քննարկում «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.