Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ «Թռչնոց Բոյն»-ի Սաներուն. Բարեկենդանի Յատուկ Տօնակատարութիւն` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Փետրուար 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10914941_1547225395555328_Հովանաւորութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, երէկ` կիրակի, 15 փետրուար 2015-ին յատուկ կերպով նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ աւանդական տօներէն Բարեկենդանը: Առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, հաւատացեալ ազգայիններ սկսած էին հասնիլ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ յատուկ ժամերգութիւն եւ պատարագ` հանդիսապետութեամբ շրջանի ծխատէր քահանաներ` Տէր Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանի, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի եւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանի:

Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին վաղորդայնէն մինչեւ  Մեծ պահքի նախօրեակը երկարող երկշաբաթեայ այս աւանդական տօնախմբութիւնը կը յատկանշուի հարազատներու եւ բարեկամներու միջեւ փոխադարձ այցելութեամբ, տօնական կերուխումով, խաղերով ու նուէրներու մատուցումով: Այս ծիրին մէջ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի շուրջ քառասուն սաներ` ընկերակցութեամբ իրենց պատասխանատուներուն, երէկ այցելեցին  Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան եւ հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ շրջանի մանուկներուն կողմէ: Արդարեւ, պատարագի աւարտին բոլորը` «Թռչնոց Բոյն»-ի սաները, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, դպրաց դասը, տիկնանց յանձնախումբը, շրջանի մանուկներն ու ծխատէր քահանաները, բարձրացան եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահ, ուր աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ ճաշակեցին դպրաց դասին կազմակերպած հացկերոյթի համեղ ճաշերն ու քաղցրեղէնները:

Այս առիթով Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` վեր առնելով Բարեկենդանի տօնին իմաստն ու առնչութիւնը հայ եկեղեցւոյ տօնական խորհուրդներուն հետ: Իր կարգին, թաղական խորհուրդի ատենապետ Սէմ Սիմոնեան բարձր գնահատեց այս տօնախմբութեան կազմակերպումը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին անոր յաջողութեան: Սիմոնեան շեշտեց ազգային եւ եկեղեցական աւանդական տօներու նշման կարեւորութիւնը հայապահպանման առաքելութեան մէջ` մաղթելով յաճախակիօրէն կրկնել նման ձեռնարկներ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ստեղծուած ուրախ մթնոլորտին գծով:

Ապա շարունակուեցաւ տօնախմբութիւնը եւ «Թռչնոց Բոյն»-ի սաները խաղցան յատուկ այս առիթով եկած շրջանի մանուկներուն հետ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց համար կազմակերպուած` եւ ցուցաբերուած այս հիւրընկալութեան համար: Աւարտին իւրաքանչիւր մանուկ ստացաւ յատուկ նուէր մը, տրամադրուած` թաղական խորհուրդին եւ Վարուժան Համբարձումեանի կողմէ: Քաղցրեղէնները տրամադրուած էին «Սի Սուիթ» անուշավաճառի Ժունիէի մասնաճիւղին կողմէ: Իսկ սրահի մուտքին մանուկներու հիւրասիրութիւնը տրամադրուած էր Պուրճ Համուտի «Քէօշկերեան» հաստատութեան սեփականատէր Ուիլսըն Քէօշկերեանի կողմէ:

 

 

Նախորդը

Փրոֆ. Օրոն Խստօրէն Քննադատեց Իսրայէլի Նախագահը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ջարդ Անուանելուն Համար

Յաջորդը

Անդրադարձ. Դերերու Բաշխո՞ւմ, Թէ՞ Սրբագրում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025
Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան
Գաղութային

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան

Մայիս 12, 2025
Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?