Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ. «Մեր Ծնողները Պէտք Է Ընտանիքները Վերածեն Փոքր Եկեղեցիներու` Սրբազան Կառոյցներու» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21315_11Ուրբաթ, 13 փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով տեղի ունեցած նախատօնակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը լեցուած էր ծնողներով ու մանուկներով, որոնք եկած էին լուսաւորուելու Քրիստոսի լոյսով:

Արամ Ա. կաթողիկոս, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրով ուղղուեցաւ Մայր տաճար եւ հանդիսապետեց երեկոյեան ժամերգութեան ու նախագահեց նախատօնակին: Վեհափառ հայրապետը ներկայ ժողովուրդին խօսեցաւ Տեառնընդառաջի արարողութենէն բխող երկու պատգամներու մասին: Առաջին` անդրադարձաւ Քրիստոսի բերած լոյսին կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Աշխարհը խաւարին մէջ ընկղմած էր, որովհետեւ Աստուծմէ հեռու էր, Աստուծմէ հեռացած մարդկային կեանքը խաւար է. Քրիստոս եկաւ այդ խաւարը իր լոյսով լուսաւորելու, որ պայծառակերպեց մարդկային կեանքը եւ քրիստոնէական հասկացողութեամբ` ամբողջ տիեզերքը: Լոյսը Քրիստոս ինքն է, հետեւաբար, երբ մենք մօտենանք լոյսին` Քրիստոսին է, որ կը մօտենանք: Երբ լոյսը կ’առնենք եւ մեր տուները կը տանինք` Քրիստոս է, որ կը տանինք մեր տուները: Ուստի, մեր անհատական թէ ընտանեկան կեանքը պէտք է լեցնենք լոյս Քրիստոսով»: Երկրորդ` վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ մանուկներու եկեղեցւոյ ընծայման խորհուրդին մասին եւ պատգամեց. «Մեր մանուկները եկեղեցի բերելով Աստուծոյ կ’ընծայենք: Մեր մանուկները պէտք է Աստուծոյ տան մէջ մեծնան, ուռճանան, կազմաւորուին եւ մեր հոգեկան ու բարոյական արժէքներով սնանին: Այս գիտակցութեամբ, մեր ծնողները պէտք է նաեւ ընտանիքները վերածեն փոքր եկեղեցիներու` սրբազան կառոյցներու, ուր մեր զաւակները պիտի կազմաւորուին եւ դառնան ճշմարիտ քրիստոնեայ հայեր»:

Ապա, ծնողներու առաջնորդութեամբ մանուկները մօտեցան եկեղեցւոյ դասը եւ միաբան հայրերու կողմէ ընծայուեցան Ս. Խորանին:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, թափօրով առաջնորդուելով մայրավանքի շրջափակը վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Դպրեվանեցիներ հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին ներկաները: Ապա, հաւատացեալներ իրենց հետ վառած մոմերը տարին` Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու հոգիները եւ լուսաւորելու իրենց տուները:

 

 

Նախորդը

Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.