Գաղութային

Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» Եւ «Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել» Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» Եւ «Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել» Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

Երէկ` չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» եւ «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» գիրքերուն շնորհահանդէսը` «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ: Ձեռնարկը սկսաւ ցուցադրութեամբը ժապաւէնի մը, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ազգային հասարակական գործիչ Վահան Յովհաննիսեան կը խօսէր «Մանտիլիոն» գիրքի նախաձեռնութեան մասին: Յակոբ Հաւաթեան Կարինէ...

Հարցազրոյց` Հայաստանի Մէջ Ելեկտրական Հոսանքի Գինի Բարձրացման Դէմ Շարժումին Մասին

Հարցազրոյց` Հայաստանի Մէջ Ելեկտրական Հոսանքի Գինի Բարձրացման Դէմ Շարժումին Մասին

1 յուլիս 2015-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հայրենի գրող, հրապարակախօս եւ «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» գիրքի խմբագիր Յարութիւն Յարութիւնեանի հետ: Հայաստանի մէջ ելեկտրական հոսանքի գինի բարձրացման դէմ շարժումին վերաբերող հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով ընդհանրապէս քաղաքացիական շարժումներու եւ մասնաւորաբար Հայաստանի համար այդ շարժումներուն կարեւորութեան մասին` Յարութիւնեան յայտնեց, որ նշեալ շարժումները անհրաժեշտութիւն...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն.  Գարակէօզեան Ամառնային Դպրոց 2015-ի Հանդիսաւոր Բացում

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Գարակէօզեան Ամառնային Դպրոց 2015-ի Հանդիսաւոր Բացում

Առօրեայ դպրոցներու աշխատանքի աւարտին եւ ամառնային արձակուրդի սեմին «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութիւնը հայ մանուկները առողջ միջավայրի մէջ պահելու եւ ուրախ ժամեր տրամադրելու միտումով 9-րդ տարին ըլլալով կազմակերպեց ամառնային դպրոցի ծրագիր` երեքէն մինչեւ տասներեք տարեկան փոքրիկներու համար: Ծրագիրին բացումը կատարուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 1 յուլիս   2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր առաւօտեան կանուխ ժամերէն տօնական մթնոլորտ կը...

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Թաղման Կարգը Եւ Յուղարկաւորութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Թաղման Կարգը Եւ Յուղարկաւորութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ի Տէր հանգեաւ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ին` սուգի մատնելով հայ կաթողիկէ համայնքը մասնաւորապէս եւ լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս: Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ` պատրիարքական կառավարիչ Գրիգոր եպս. Կապրոյեանի եւ մասնակցութեամբ արհիապատիւ եպիսկոպոսներուն, գերապայծառ,...

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակին.  Փրոֆ. Թաներ Աքչամ Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթին Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներն Ու Հիմնահարցերը

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակին. Փրոֆ. Թաներ Աքչամ Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթին Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներն Ու Հիմնահարցերը

«Հայոց ցեղասպանութեան Ճանաչումն ու հատուցումը նոր հորիզոններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց» ընդհանուր խորագիրին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակի կազմակերպած նախաձեռնութեան առաջին քայլը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 30 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ` բարձր  հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հիմնականին մէջ «Սիսի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումները» գլխաւոր խորագիրով ընթացող այս քայլերուն առաջինը հրապարակային դասախօսութիւն մըն էր,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Երեքշաբթի, 30 յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Թաղման Կարգը

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Թաղման Կարգը

Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի կ՛ունենայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա հանգուցեալ հայրապետին մարմինը կը փոխադրուի եւ կ՛ամփոփուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ: Կիրակի, 28 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին հաւատացեալներու բազմութիւն մը եկած էր Աւետման Սրբոյ Կուսին...

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ Թարմունի Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Ի Յարգանս Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Վախճանումին

Ի յարգանս Տանն Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կոչ կ՛ուղղեն, որ երեքշաբթի, 30 յունիս 2015-ին, հոգեւոր տիրոջ թաղման կարգին եւ յուղարկաւորութեան ընթացքին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 5:00, փակ պահուին բոլոր հայկական հաստատութիւնները:

Հայրենի Հիւրեր  «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Հայրենի Հիւրեր «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Վրէժ Շառոյեան, Յարութ Եաւէրեան եւ Ռոլանտ Շառոյեան Մերուժան Տէր Գուլանեան, Էդիկ Մինասեան եւ Աշոտ Մելքոնեան Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին համահայկական խաղերու կոմիտէի անդամներ Ռոլանտ Շառոյեան, Յարութ Եաւէրեան եւ Վրէժ Շառոյեան: «Ազդակ»ի այցելուներէն էին  նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի վարիչ Էդիկ Մինասեան, «Անդին» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Մերուժան Տէր...

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Հայ Դատի Եւ Պատմաքաղաքական Հարցերու Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութեան Յանձնախումբի Ժողովը

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Հայ Դատի Եւ Պատմաքաղաքական Հարցերու Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութեան Յանձնախումբի Ժողովը

«Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի Հայ դատի եւ պատմաքաղաքական հարցերու ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան յանձնախումբը իր պարբերական նիստը գումարեց շաբաթ, 27 յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ: Նիստին կը նախագահէր ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, եւ կը մասնակցէին յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ Շահան Գանտահարեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ դիւանապետ խաչիկ Տէտէեան: Նիստը քննեց յանձնախումբին յղուած առաջարկները, ուսանողական աւարտաճառերու եւ աշխատասիրութիւններու համար...

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2014-2015 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2014-2015 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` նախագահութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ ներկայութեամբ «Արամ Խաչատրեան»-ի անուան տուն-թանգարանի տնօրէն փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի: Հայ մշակոյթի պահպանման դժուարին եւ վեհ առաքելութեան, մշակոյթի ճամբով ազգային դիմագիծ ու նկարագիր կերտելու լծուած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան»...

Հարցազրոյց` Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի Հետ

Հարցազրոյց` Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի Հետ

Շաբաթ, 27 յունիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Արժանթինի Սան Անտրեսի համալսարանի եւ Լանուսի պետական համալսարանի դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի հետ: Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին յատկացուած հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով հարաւային ամերիկեան բազմաթիւ երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման երեւոյթին մասին` Տէր Ղուկասեան նշեց, որ առաջին երկիրը, որ նման նախաձեռնութիւն...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Ընտրութեան Եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձ  Եւ Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահավառութիւն.  Հայաստանը Միայն Հող Չէ, Հայաստանը Ժողովուրդն Է  Իր Պետականութեամբ. Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոսc

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձ Եւ Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահավառութիւն. Հայաստանը Միայն Հող Չէ, Հայաստանը Ժողովուրդն Է Իր Պետականութեամբ. Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոսc

Կիրակի, 28 յունիս 2015-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Նահատակաց վերանորոգ յուշարձան -Մատուրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահավառութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի սկաուտութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վերահսկիչ պալատի եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, կաթողիկոսութեան միաբան հայրերուն, բազմաթիւ հիւրերու եւ...

«Մինի Մարաթոն-2015»-ի Ծիրին Մէջ,  250 Մասնակիցներ Իրենց «Ո՛չ»-ը Ըսին  Ընկերութիւնը Կործանող Ախտին`  Թմրամոլութեան

«Մինի Մարաթոն-2015»-ի Ծիրին Մէջ, 250 Մասնակիցներ Իրենց «Ո՛չ»-ը Ըսին Ընկերութիւնը Կործանող Ախտին` Թմրամոլութեան

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ նախազգուշական գրասենեակին, երէկ`  կիրակի, 28 յունիս  2015-ին տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Մինի մարաթոն -2015» վազքի մրցումը` «Միասնաբար վազենք թմրամոլութեան դէմ» նշանաբանով: «Մինի մարաթոն-2015»-ի վազքի մրցումի երկարութիւնը 2.5 քմ էր եւ ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:45-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւէն եւ աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակը: Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 250 հայորդիներ, որոնց...

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 80-Ամեակի Հանդիսութեան  Գնահատուեցաւ Տարուած 80-Ամեայ Աշխատանքը  Եւ Շեշտը Դրուեցաւ Շարքերու Երիտասարդացման Վրայ

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 80-Ամեակի Հանդիսութեան Գնահատուեցաւ Տարուած 80-Ամեայ Աշխատանքը Եւ Շեշտը Դրուեցաւ Շարքերու Երիտասարդացման Վրայ

80 տարիներ առաջ Քարանթինայի հիւղաւանին մէջ ծնունդ առած ԼՕԽ-ի նախ «Քարանթինա», ապա «Աստղիկ» անունը կրող մասնաճիւղը երէկ` կիրակի, 28 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը` տպաւորիչ ու մարդաշատ հանդիսութեամբ մը, որ կը կրէր հովանաւորութիւնը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Զուիցերիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը

Դեսպան Պարրաս եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Ուրբաթ, 26 յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Պարրաս: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ տեղի ունեցաւ երկար հանդիպում մը, որուն ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Զուիցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր` այդ ծիրին մէջ ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ-ի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ...

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը

Հռոմի Ֆրանչիսկոս քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի վախճանումին առիթով: Ֆրանչիսկոս քահանայապետը խորին ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ վերյիշեց իր սերտ համագործակցութիւնը երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքին հետ, որուն կարեւորագոյն արդիւնքներէն էր վերջերս եկեղեցւոյ կողմէ Ս. Գրիգոր Նարեկացին տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու քայլը: «Ես ողորմած Հօր ձեռքերուն կը յանձնեմ այդ նուիրական հովիւի հոգին....

Համազգային.  Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան Ներկայացուց Արամ  Խաչատուրեանը` Իբրեւ Հայ Մշակոյթի  Համաշխարհային Խորհրդանիշ

Համազգային. Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան Ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանը` Իբրեւ Հայ Մշակոյթի Համաշխարհային Խորհրդանիշ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի դաշնակահար փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի կողմէ զեկուցում-ներկայացում` «Արամ Խաչատուրեանը` հայ մշակոյթի համաշխարհային խորհրդանիշը» խորագիրով: Աշոտ Ճենտերեճեան քանի մը խօսքով ձեռնարկին բացումը կատարեց: Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան, որ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն է, հարց տուաւ, թէ քանի՛ հոգի...

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ Թարմունի Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը եւ  Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը  կը գուժեն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումը հինգշաբթի, 25  յունիս 2015, առաւօտեան ժամը 8:45-ին: Երանաշնորհ հայրապետը ծնած էր Գահիրէ, 17 յունուար 1940-ին: Կուսակրօն քահանայ  ձեռնադրուած էր  15 օգոստոս 1965-ին եւ օգնական  նշանակուած գերապատիւ Յովհաննէս վրդ. Գասպարեանին, հետագային` Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարք: 1968-1990...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Երէկ` չորեքշաբթի, 24 յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը` ընկերակցութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական խաղերու փոխատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանին: Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Հիւրերը վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին յառաջիկայ կիրակի Անթիլիասի Նահատակաց մատրան առջեւ տեղի ունենալիք ջահավառութեան ձեռնարկին մանրամասնութիւններն ու նպատակը:  

Page 342 of 364 1 … 341 342 343 … 364

Արխիւներ