Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տասներեք Միաբաններ Ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Չորս Աստիճանները
Արամ Ա. վեհափառ hայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, կիրակի, 12 յուլիս 2015-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան տասներեք աբեղաներ` Արտակ աբղյ. Արապեան, Վարդան աբղյ. Թաշճեան, Հրանդ աբղյ. Թահանեան, Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, Պօղոս աբղյ. Թինքճեան, Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան, Յովհաննէս աբղյ. Սաղտճեան, Տաճատ աբղյ. Աշըգեան, Նշան աբղյ. Լախոյեան, Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան, Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան, Սմբատ աբղյ. Սապունճեան եւ...




















