Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Նախագահը Լիբանան Կ՛այցելէ
Կիրակի Օր Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահավառութեան Պաշտօնական Արարողութիւն` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կիրակի, 28 յունիսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահավառութեան պաշտօնական արարողութիւնը` ներկայութեամբ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան: Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը...




















