Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` նախագահութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ ներկայութեամբ «Արամ Խաչատրեան»-ի անուան տուն-թանգարանի տնօրէն փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի:
Հայ մշակոյթի պահպանման դժուարին եւ վեհ առաքելութեան, մշակոյթի ճամբով ազգային դիմագիծ ու նկարագիր կերտելու լծուած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը այս տարեշրջանին տուաւ 7 շրջանաւարտներ` Հայկ Աշգարեան, Կասիա Էճիտեան, Անի Գասպարեան, Ռիթա Տիգրանեան, Աւօ Տագէսեան, Նաթալի Մարկոսեան, Արեւիկ Սարգիսեան եւ Նարօտ Տէյիրմենճեան, իսկ եօթնամեայ կրթական ծրագիրը բոլորեցին եւ համապատասխան վկայականի տիրացան այլ 7 աշակերտներ` Չորպաճեան Մարթա, Խաչատուրեան Արենի, Պուէյրի Ռոյա, Մելքոնեան Լիաննա, Մելքոնեան Մարիանա, Մինասեան Քրիսթինա եւ Սուսանի Ալեքս:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան իր բացման խօսքին մէջ վեր առաւ տարուած աշխատանքին հունձքով հանրութեան ներկայանալու երեւոյթը` կրթական մշակը նկատելով հողագործ, իսկ հողը` ուսանողները: «Հողագործը քրտնաթոր հունձքին արդիւնքը կը քաղէ իւրաքանչիւր տարուան եղանակին, մինչ կրթական մշակը տքնաջան եւ հետեւողական անդուլ քայլերով` մեր պարագային առնուազն 7-10 տարիներ շարունակ պիտի ապրի իր ուսանողին հետ` սիրելով եւ սիրցնելով նուագարանն ու երաժշտութիւնը, որոնք միաժամանակ պիտի ազնուացնեն ուսանողին միտքն ու հոգին: Ուսանողը իր մասնագիտական ու տեսական դասընթացքներու սերտողութեամբ տարուէ տարի զարգանալով` պիտի դառնայ պարարտ հող, եւ հունձքը պիտի ըլլայ արդիւնաբեր», հաստատեց Կարպիս Գապասագալեան: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ բոլորին առօրեան ծանրաբեռնուած է, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը անգամ մը եւս եկաւ պատգամելու, որ` իբրեւ ծնողներ եւ կրթական հաստատութիւններ պէտք է յամառօրէն շարունակել առաքելութիւնը:
Կարպիս Գապասագալեան ըսաւ, որ Հայաստանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին միջեւ կնքուած համաձայնագիրով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով աւարտական դասարաններու քննութեանց դատական կազմին նախագահելու համար Լիբանան կը գտնուի դաշնամուրի դափնեկիր եւ «Արամ Խաչատուրեան»ի անուան տուն-թանգարանի տնօրէն փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց փրոֆեսէօրին, որ նաեւ մասթըր քլասի դասընթացքը հովանաւորեց եւ դասախօսական նիւթ ներկայացուց:
Իր խօսքի աւարտին Կ. Գապասագալեան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց քոլեճի զոյգ տնօրէններուն` Ճենտերեճեան եղբայրներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն:
Ապա շրջանաւարտները ներկայացան տարբեր կատարումներով. Հայկ Աշգարեան եւ Կասիա Էճիտեան կիթառի վրայ նուագեցին Ֆորէի «Բավանա»-ն եւ Թարրեկայի «Մազուրքա»-ն, անկէ ետք դաշնակի վրայ նուագեցին Անի Գասպարեան` Չայքովսկիի «Պարկարոլլա»-ն, Ռիթա Տիգրանեան` Պապաճանեանի «Էլեկիա»-ն, Աւօ Տագէսեան` Մենտելսոնի «Երգ առանց խօսքի»-ն, Նաթալի Մարկոսեան` Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը, Արեւիկ Սարգիսեան` Կոմիտասի «Գարուն»-ը:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Աշոտ Ճենտերեճեան, որ տարեշրջանը յատկանշական նկատեց, որովհետեւ անիկա կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ան ըսաւ, թէ հպարտ է, որ այս տարի քոլեճը կ’աւարտեն հրաշալի սաներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին 100-ամեակի գրեթէ բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ա. Ճենտերեճեան դիտել տուաւ, որ քոլեճին մէջ աշխատանքը եռանկիւնաձեւ կ’ընթանայ` աշակերտ-ուսուցիչ-ծնողք, որոնցմէ ոեւէ մէկը եթէ թերանայ, աշխատանքը չ’արդիւնաւորուիր: Ան նաեւ նշեց, որ իրենց աշխատանքը միայն կատարող պատրաստել չէ, այլ նաեւ կիրթ, բարձրաճաշակ ու նրբաճաշակ ունկնդիրներ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան շնորհակալութիւն յայտնեց փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանին, խնամակալութեան եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները:
Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճին հետ համագործակցութիւնը բաւական արդիւնաւէտ է, սակայն պէտք է նոր եռանդ տալ անոր, որպէսզի առաւել թափ ստանայ: Սփիւռքահայութեան ապրած կեանքէն մեկնելով իր մտորումներուն անդրադառնալով` Արմինէ Գրիգորեան ըսաւ, որ ինք նկատած է, թէ ամէնուրեք եւ միշտ պայքար կայ հայ մնալու, պահելու ինքնութիւնը եւ ազգային նկարագիրը: Ան հիացումով յայտնեց, որ լիբանանահայութեան մօտ նկատած է հպարտութիւնն ու աւելի բարձրին ձգտելու տենչն ու ձգտումը: Ան անհրաժեշտ նկատեց Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ համագործակցութեան յաւելեալ եզրեր ու առիթներ գտնել ու ստեղծել, որովհետեւ բոլորիս երակներուն մէջ հոսող արիւնը նոյնն է, բոլորս ունինք ընդհանուր ձգտում, տենչ, ուստի միասին կրնանք նորանոր ծրագիրներ իրականացնել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւն: