Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային. Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան Ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանը` Իբրեւ Հայ Մշակոյթի Համաշխարհային Խորհրդանիշ

Յունիս 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-26-15_Arminee16-26-15_Arminee2Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի դաշնակահար փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի կողմէ զեկուցում-ներկայացում` «Արամ Խաչատուրեանը` հայ մշակոյթի համաշխարհային խորհրդանիշը» խորագիրով:

Աշոտ Ճենտերեճեան քանի մը խօսքով ձեռնարկին բացումը կատարեց:

Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան, որ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն է, հարց տուաւ, թէ քանի՛ հոգի ինքզինք իբրեւ հայ կը ծանօթացնէ Արամ Խաչատուրեանով:

Գրիգորեան աշխարհահռչակ հայ երաժիշտին կենսագրականը ներկայացուց տուն-թանգարանին ներկայացումին ընդմէջէն: 1976 թուականին հիմնուած է թանգարանը, որ նախապէս Արամ Խաչատուրեանին նուիրուած է Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Ի դէպ, 1947-ին Արամ Խաչատուրեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Հայկանուշ Դանիէլեանին եւ Յովհաննէս Բաղրամեանին առանձնատուներ շնորհուած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ:

1984-ին մեծ շուքով բացուեցաւ տուն-թանգարանը եւ տարբեր երկիրներէ հիւրեր ներկայ եղան բացումին:

Տուն-թանգարանին մէջ տասը սրահներ կան, որոնք կը ներկայացնեն Խաչատուրեանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնները:

Նախիջեւանէն Թիֆլիս տեղափոխուած ընտանիքի զաւակ Խաչատուրեանը իր ասպարէզին ընթացքին 50 երկիր այցելած է` հիւրախաղերու հրաւիրուելով:

Գրիգորեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Խաչատուրեանի Լիբանան այցելութեան` մէջբերելով Խորհրդային Միութեան հիւպատոս Պետրոս Պետրոսեանի յուշերէն հատուած մը, ուր նկարագրուած է Արամ Խաչատուրեանի պատմական այցելութիւնը Լիբանան: Գրիգորեան նաեւ յիշեց Արամ Խաչատուրեանի այցելութիւններէն մէկ քանին, ինչպէս` այցելութիւնը Իրան, ուր շահը յոտնկայս ծափահարած է ի տես Արամ Խաչատուրեանի կախարդական կատարողութեան: Թեհրանի հանդիսատեսները հինգ անգամ «պիս» կանչելով կատարումի կրկնութիւն պահանջած են Խաչատուրեանէն:

Յատկանշական դրուագներէն Գրիգորեան պատմեց Չարլի Չափլինի հետ Զուիցերիոյ հանդիպումին մասին: Չափլին հիւրընկալած է Խաչատուրեանը եւ իր աշխատասեղանէն անոր ձայնապնակը հանած ցոյց տուած է հայազգի երաժշտահանին: Չափլին Արամ Խաչատուրեանին նուիրած է վարդի փունջ, զոր վերջինս մինչեւ վերջ իր մօտ պահած է տունը:

Զեկուցումէն ետք Գրիգորեան տեսաշարի ցուցադրութեամբ ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը եւ անոր գործունէութիւնը, որմէ ետք Գրիգորեան Խաչատուրեանի հեղինակութեամբ «Թոքաթթա»-ն նուագեց դաշնակի վրայ:

Ապա Գրիգորեան հերթաբար ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց:

Գրիգորեան ընդգծեց, որ Արամ Խաչատուրեան առաջին խորհրդային քաղաքացին էր, որ Հռոմի պապին կողմէ ընդունուեցաւ:

Արամ Խաչատուրեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէնը շեշտեց, որ մեծավաստակ հայ երաժիշտին ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ ներկայացուած չէ աշխարհի մէջ, եւ տակաւին ահագին աշխատանք ունինք Խաչատուրեանը աշխարհին ճանչցնելու իմաստով:

Գրիգորեան եզրափակեց Արամ Խաչատուրեանի մարդկային եւ ազգասիրական արժանիքները վկայող յուշեր վկայակոչելով:

 

 

Նախորդը

Տե՛ս Մօրդ Արցունքը

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում
Գաղութային

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Յուլիս 15, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?