Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը գուժեն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումը հինգշաբթի, 25 յունիս 2015, առաւօտեան ժամը 8:45-ին:
Երանաշնորհ հայրապետը ծնած էր Գահիրէ, 17 յունուար 1940-ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 15 օգոստոս 1965-ին եւ օգնական նշանակուած գերապատիւ Յովհաննէս վրդ. Գասպարեանին, հետագային` Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարք: 1968-1990 եղած էր Գահիրէի արուարձաններէն Հելիոպոլսոյ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:
18 փետրուար 1990-ին, ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.ին կողմէ նշանակուած էր Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմին առաքելական վարիչ: 1993-ին մաս կազմած է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին եւ ապա մնայուն սիւնհոդոսին:
7 հոկտեմբեր 1999-ին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ կ՛ընտրուի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք` առնելով Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը:
Իր 16 տարիներու գահակալութեան ընթացքին, երջանկայիշատակ հայրապետը անխոնջ նուիրումով ծառայեց հայ եկեղեցւոյ, ազգին եւ Լիբանանին, եւ գործեց ի խնդիր Հայաստան-սփիւռք մերձեցումին: Խորապէս մտահոգուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայութեան ճակատագիրով: Երանաշնորհ հայրապետը ճիգ ու ջանք չխնայեց ի խնդիր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան ու համակեցութեան, եղաւ համերաշխութեան ու երկխօսութեան ջատագով մը յատկապէս հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւններուն հետ:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
ՄԱՀԱԶԴ
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը
Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը
Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու համաժողովը (APECL)
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը
Ժորժ Թազա եւ ընտանիքը
եւ համայն Թազա ընտանիքը
կը գուժեն
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՏԷՐ ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ
ԺԹ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
վախճանումը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 8:45-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:
Եկեղեցւոյ թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին երեքշաբթի, 30 յունիս 2015, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա հանգուցեալ հայրապետին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին երկուշաբթի, 29 յունիսին եւ չորեքշաբթի, 1 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 13:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00 եւ երեքշաբթի, 30 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 13:00, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:
Կիրակի, 28 յունիսի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին հանգստեան Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հաւատացեալները պիտի հրաւիրուին վերջին հրաժեշտը տալու երանաշնորհ հայրապետին, մինչեւ երեքշաբթի կէսօրուան ժամը 1:00:


