Ի յարգանս Տանն Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կոչ կ՛ուղղեն, որ երեքշաբթի, 30 յունիս 2015-ին, հոգեւոր տիրոջ թաղման կարգին եւ յուղարկաւորութեան ընթացքին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 5:00, փակ պահուին բոլոր հայկական հաստատութիւնները: