Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Գարակէօզեան Ամառնային Դպրոց 2015-ի Հանդիսաւոր Բացում

July 2, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-01-15_kar-27Առօրեայ դպրոցներու աշխատանքի աւարտին եւ ամառնային արձակուրդի սեմին «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութիւնը հայ մանուկները առողջ միջավայրի մէջ պահելու եւ ուրախ ժամեր տրամադրելու միտումով 9-րդ տարին ըլլալով կազմակերպեց ամառնային դպրոցի ծրագիր` երեքէն մինչեւ տասներեք տարեկան փոքրիկներու համար:

Ծրագիրին բացումը կատարուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 1 յուլիս   2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր առաւօտեան կանուխ ժամերէն տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Բակը զարդարուած էր իւրայատուկ յարդարանքով: Աշակերտներուն հասնելէն ետք դիմայարդարում տեղի ունեցաւ: Հուսկ եկան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմնի անդամներ Սօսի Պալեան եւ Վահէ Պարսումեան:

Ամառնային դպրոցի բացման մեկնարկը կատարեց Ամառնային դպրոցի պատասխանատուներէն Քրիստին Սարգիսեան: Ան նախ փոխանցեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ողջոյնի խօսքը, որ բանաւոր պատճառով քաղաքէն դուրս կը գտնուէր: Ապա Սարգիսեան ներկայ գտնուող բազմահարիւր երեխաներուն եւ ծնողներուն յայտնեց, որ եկած են ուրախ ժամեր անցընելու: Ան Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շրջափակին մէջ գտնուելու պահը նկատեց իւրայատուկ, որովհետեւ այս եկեղեցին եւ վարժարանը ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդի եւ ուսման առաջին միջավայրը եղած են: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը անկորնչելի հաւատքով կը քալէ դէպի ապագայ: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, վարժարանի տնօրէնութեան եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը: Ան ըսաւ, որ պարզուած պատկերը ուրախութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ առկայ է հայկական ոգին, շունչը եւ երաժշտութիւնը: Ի տես աւելի քան 300 աշակերտներու ներկայութեան տէր հայրը ըսաւ, թէ «Գարակէօզեան»-ը համազգային հաստատութիւն մըն է իր բազմազան ծրագիրներով: Ան փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեանի ողջոյնները: Իր խօսքի աւարտին ան գնահատանքի խօսք ուղղեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն:

Վերջապէս, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինին անունով հանդէս եկաւ Սօսի Պալեան: Ան ըսաւ, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը ուրախ է, որովհետեւ աւելի քան 300 երեխաներ գիտելիքներ պիտի սորվին եւ ուրախ ամառ մը պիտի անցընեն: Ս. Պալեան այս տարին իւրայատուկ նկատեց, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, եւ այս երեխաները մեր գոյատեւման երաշխիքն են:

Ապա աշակերտները ծանօթացան իրենց ուսուցիչներուն եւ հետեւեցան աճպարար Քրիսթինայի հետաքրքրական խաղերուն ու աճպարարութիւններուն:

«Գարակէօզեան» ամառնային դպրոց կը յաճախեն երեքէն տասներեք տարեկան աշակերտներ: Անոնք պիտի հետեւին յատուկ ծրագիրի մը, պիտի մասնակցին պտոյտներու եւ եօթը շաբաթներու աւարտին` հինգշաբթի, 13 օգոստոսին ժողովուրդին պիտի ներկայանան հրապարակային հանդէսով մը:

 

 

Նախորդը

Շատ Ուրիշ Ապրիլ Կամ Մտքի Յեղափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Հայաստանի Մէջ Ելեկտրական Հոսանքի Գինի Բարձրացման Դէմ Շարժումին Մասին

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.