Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենաց Ծառը` Այսօր

Ապրիլ 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԻՆԱ

Scan0011_42016fՑեղասպանութեան փոխարէն` վերապրում: Մահուան փոխարէն` կեանք: Կենաց ծառը, բեռնաւորուած` հիւթեղ նուռերով: Հայկական մշակոյթին մէջ կենաց ծառը հազարամեակներէ ի վեր կը ճառագայթէ պայծառագեղ գոյներով` մանրանկարչութեան եւ բարձրաքանդակներուն մէջ, իբրեւ հայկական մշակոյթի հարստութեան վկայ: Ան կը խօսի «արեւահամ» հայերէնը, ինչպէս կ՛ըսէ Եղիշէ Չարենց, կը մեկնաբանէ ժողովրդական երգերը, որոնք մեզի հասած են ժամանակներու խորքէն, լուսաւոր աղօթքները, որոնք կ’արձագանգեն երկինքին մէջ, կը փոխանցէ շատ յաճախ արիւնոտ, բայց նաեւ փառաւոր պատմութիւնը, կ՛արտայայտէ հայ ժողովուրդին պայքարի ոգին, կը բացայայտէ արհեստներն ու ձեռարուեստը, որոնք ներդաշնակութեամբ մարդը կը միացնեն տիեզերքին, եւ վերջապէս` զարդանախշերու արուեստը, որ կը  պարէ ծառին ճիւղաւորումներուն մէջ…

Կենաց ծառին գոյատեւման սպառնացող մրրիկները միշտ ցնցած են զինք, սակայն երբեք չեն կրցած զայն արմատախիլ ընել: Այսօր կենաց ծառը ոտքի է, շնորհիւ այն կենսատու հիւթին, որ զայն կը հարստացնէ եւ կը սնանէ, ոտքի է նաեւ հայը, որուն երակներուն մէջ տակաւին կը հոսի նոյն կենսատու հիւթը:

Հայուն համար կենաց ծառը, որուն արմատները տարածուած են աշխարհով մէկ, դիմացկունութեան խորհրդանիշ է եւ յիշողութեան պահապան…

Այս տարի, «Պատկեր»-ը կենաց ծառը կը փորձէ պատկերացնել մակերեսներէ դուրս, անջատ, բոլորովին անկախ, կանգնած` իր ամբողջ հմայքով: Այս իմաստով, «Պատկեր» մշակութային տունը կոչ կ՛ուղղէ ձեւաւորողներու կամ որեւէ արուեստագիտական ձիրք ունեցող անհատներու` վերստեղծելու համար կենաց ծառը այնպէս, ինչպէս իւրաքանչիւրը կը պատկերացնէ զայն այսօր: «Պատկեր»-ը այս արուեստասէրներուն տրամադրութեան տակ պիտի դնէ հիմնական երկու նիւթեր` կտաւի տեսակներ եւ բուրդէ թելեր, ինչպէս նաեւ բոլոր այն նիւթերը, որոնց կարիքը կ՛ունենան արուեստագէտները: Շինուածքին չափերը պիտի ըլլան 1,5 մեթր տրամագիծի եւ 3 մեթր բարձրութեան սահմաններուն մէջ: Աշխատանքին, որ պիտի կատարուի «Պատկեր» կեդրոնին մէջ, յատկացուած են երեք օրեր` 23, 24 եւ 25 ապրիլ, որմէ ետք արուեստագէտներուն վերստեղծած կենաց ծառերը պիտի ցուցադրուին կեդրոնին մէջ: Շաբաթ, 23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ելոյթ կ՛ունենայ Մարիա Եագուպեան (քանոն)` հայկական ժողովրդական երաժշտութեամբ, իսկ երկուշաբթի, 25 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ելոյթ կ՛ունենան Պեթի Սալխանեան-Գուրդեան (դաշնակ) եւ Հրաչ Իսահակեան (սրինգ)` Արամ Խաչատուրեանէն ընտրուած երաժշտական կտորներու ցանկով մը:

 

 

 

Նախորդը

Ի Խնդիր Նոր Քաղաքական Մշակոյթի

Յաջորդը

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարի Խորհրդական Նունէ Վարդանեան Կը Ներկայացնէ Հայաստանի Մէջ Համալսարանական Ուսման Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?