Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նունէ Վարդանեան Բարձրագոյն Դասարաններու Աշակերտութեան Բացատրեց Հայաստանի Համալսարանական Կրթութեան Համակարգը

April 21, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Noune_42016

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի խորհրդական Նունէ Վարդանեանի Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն հետ:

Կրթական ֆոնտի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտներուն յայտնեց, թէ իբրեւ աւարտական դասարաններու աշակերտներ կը գտնուին կեանքի նոր հանգրուան մը մտնելու սեմին մէջ, որովհետեւ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու իմաստով եթէ կողմնորոշուած չեն, ապա անպայմանօրէն յառաջիկայ օրերուն պէտք է կողմնորոշուին, որպէսզի իրենց ապագայ ուսումը շարունակեն համալսարաններուն մէջ: Տոքթ. Էլի Թաշճեան նկատել տուաւ, որ ցարդ բոլոր կարելիութիւնները, որոնք մատուցուած են իրենց, կը վերաբերին հիմնականօրէն Լիբանանի մէջ գործող այլազան համալսարաններու` աւելցնելով, որ սոյն հանդիպումին ընթացքին իրենց պիտի խօսուի այն կարելիութեան մասին, որ իրենց բարձրագոյն ուսումը կարենան շարունակել Հայաստանի մէջ: Ան ըսաւ, որ այս տարի Ազգային առաջնորդարանը նախաձեռնեց քայլի մը, որ յաջորդող տարիներուն 20 ուսանողներու ամբողջական կրթաթոշակ պիտի յատկացնէ: Բոլոր անոնք, որոնք կը լրացնեն պայմանները, պիտի ստանան սոյն կրթանպաստը, որ կը վերաբերի միայն կրթաթոշակին եւ ոչ թէ կեցութեան ծախսերուն:

Այնուհետեւ Նունէ Վարդանեան խօսք առնելով շեշտեց, որ մեր ուժը մեր հաւաքականութեան մէջն է, եւ անհրաժեշտ է բոլորս համախմբուինք մեր հայրենիքին շուրջ` աւելցնելով, որ հայը պէտք է ըլլայ հայրենասէր, ուժեղ, խելացի, կրթուած եւ բանիմաց: Ան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող պետական եւ ոչ պետական համալսարանները, որոնց վկայականները միջազգային իմաստով վաւերացուած են Լիբանանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, նաեւ անդրադարձաւ այն բոլոր կարելիութիւններուն, զորս Հայաստանը կ՛ընձեռէ իրենց` բարձրագոյն ուսումը հոն շարունակելու համար` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելով իրենք կրնան շփուիլ իրենց հայրենակիցներուն հետ եւ եթէ ուզեն կրնան աշխատիլ այդտեղ: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործադրուող կրթական համակարգը` բացատրելով անոր ունեցած կարելիութիւնները, մասնագիտութիւնները, նաեւ անդրադարձաւ համալսարան յաճախելու պայմաններուն, դիմում ներկայացնելու միջոցներուն եւ իրենցմէ պահանջուած փաստաթուղթերուն:

Աւարտին աշակերտները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին Նունէ Վարդանեանին:

 

Նախորդը

Հոգեւոր Լսարանի Մասնակիցներ Կը Խնդրեն Նահատակ Սուրբերուն Բարեխօսութիւնը

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Ապրիլեան Նահատակաց Ոգեկոչում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.