Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, հինգշաբթի, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամար» դաշնամուրային երկեակին` դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի տպաւորիչ ելոյթը:
Ձեռնարկին հովանաւորն էր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի, նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները:
Նորաստեղծ «Կամար»-ը, նախորդ տարուան իր անդրանիկ համերգէն ետք, այս անգամ արուեստասէր հանրութեան ներկայացաւ զուտ հայկական գլուխ գործոցներով` դաշնակի վրայ:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեանը, որ ողջունեց ներկայութիւնը մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն: Ան շեշտը դրաւ ելոյթի ցանկին խորքային բովանդակութեան վրայ` ըսելով, որ մեր երաժշտութեան վերածնունդ տալով, առաջին հերթին մեր պարտքը կատարած կ’ըլլանք մշակութային ժառանգութեան եւ քաղաքակրթութեան պահպանման իմաստով, իսկ երկրորդ հերթին հաստատած կ՛ըլլանք մեր ամուր հաւատքը մեր արուեստին նկատմամբ եւ մեր կառչածութիւնը հայկական արժէքներուն: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց աջակցութեան համար:
Յայտագիրին ընթացքին արուեստագէտները երկու անջատ դաշնակներու վրայ ներկաներուն հրամցուցին Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» ստեղծագործութիւնը, Ալեքսանտր Յարութիւնեանէն վեց կտորներ, Էտկար Յովհաննիսեանի «Ատաճիօ» ստեղծագործութիւնը, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ն: Չորս ձեռքով մէկ դաշնակի վրայ միանալով դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան ներկայացուցին Առնօ Բաբաջանեանի «Նոքթիւրն»-ը եւ Էդուարդ Միրզոյեանէն երեք յատուկ ստեղծագործութիւններ` «Էմփրոմփթիւ», «Վալս» ու «Լեզգինքա»: Յայտագիրի վերջին կտորը հանդիսացաւ Ալեքսանդր Յարութիւնեան-Առնօ Բաբաջանեանի «Հայկական ռափսոտի»-ն:
Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ երկրորդ անգամն ըլլալով հրամցուցին նորաստեղծ «Կամար» դաշնամուրային երկեակին յատուկ երաժշտական վայելքը` մեծ ոգեւորութիւն պատճառելով հանդիսատեսներուն:
Ելոյթը աւարտեցաւ ջերմ ծափահարութիւններով, որոնց տարափին տակ Կամիլան եւ Արմինէն անգամ մը եւս բարձրացան բեմ եւ ներկայացուցին «Հայկական ռափսոտի»-ն: