Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ Քայլարշաւ Եւ Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչում

Ապրիլ 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Troshag2_42016

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայոց ցեղասպանութեան 101¬ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբէն դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու դիմաց գտնուող կառատունը, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկը:

Troshag4_42016Troshag3_42016Լիբանանի եւ Հայաստանի  քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Պասմաճեան, որ անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, հայութեան ցուցաբերած հզօր կամքին եւ զօրակցութեան: Ան իր խօսքին մէջ  քննադատեց օտարամոլութեան երեւոյթը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը քաջալերեն թրքականն ու իրենց արձակուրդները կ՛անցընեն թրքական «կարմիր ափեր»-ուն վրայ: Պասմաճեան շեշտեց, որ հայը կառչած պիտի մնայ իր Դատին եւ ամէն գնով պիտի պայքարի հասնելու իր տեսլականին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:

Բացման խօսքին յաջորդեց ջութակով նուագ մը` կատարողութեամբ Շնորհք Չերչեանի: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` թրքական արտադրութիւններ քաջալերելու դէմ:

Troshag7_42016Անկէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, որ իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով Արցախի նուիրուած ռատիոթոնին ընթացքին լիբանանահայ գաղութին ցուցաբերած հրաշալի ներդրումին, որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, անտեսելով երկրին տնտեսական անկայուն վիճակը, իր ունեցած-չունեցած լուման նուիրեց Արցախին: Ան կարեւոր նկատեց մանաւանդ ծերունիներու եւ ոչ հարուստ դասակարգին  պատկանող երիտասարդութեան ներդրումը: Ան տուաւ յուզիչ օրինակներ, ինչպէս` երիտասարդի մը պարագան, որ իր գանձանակը ամբողջովին նուիրած է Արցախին: Կիտանեան արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն հայութեան կատարած զօրակցական բոլոր աշխատանքները եւ մանաւանդ ռատիոթոնին լիբանանահայութեան կեցուածքը նկատեց  յաղթական արտայայտութիւններ: Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ հայութեան պատմութեան մէջ ընդհանրապէս ոչ փայլուն էջերը եղած են գերակշռող, սակայն անոնք, որոնք փորձած են բնաջնջել մեզ, մեծամասնութեամբ ձուլուած են, եւ անոնց անունները միայն կրնանք տեսնել պատմութեան գիրքերուն մէջ:

Օրուան բանախօսը անդրադարձաւ օտարամոլութեան ճամբան բռնող հայերուն, եւ քննադատեց այդ պարագան` ըսելով, որ ընդունելի չեն այդ երեւոյթները մեր առօրեային մէջ: Կիտանեան աւելցուց, որ մենք հայ մնալու պարտականութիւն ունինք եւ ամէն ճիգ թափելու հասնելու համար մեր գերագոյն երազին:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կրկին կը խօսէր թրքական արտադրութիւններուն մասին: Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Ալինա Քէօշկերեան, որ Գէորգ Էմինէն ասմունքեց «Խօսիր Հայաստան» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւեց մասնաճիւղին անդամներու պատրաստած կենդանի պատկերը, որ կը խօսէր ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հարցին մասին, եւ որ յստակօրէն ցոյց տուաւ ազրպէյճանական բարբարոս ռազմավարութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ:

Troshag6_42016

Troshag1_42016

 

 

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. Բանակի Հասունութիւնն Ու Քաղաքական Վերնախաւի Տհասութիւնը (1)

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ` «Տէր Զօրէն Թալիշ` Մէկ Դատ, Մէկ Պայքար» Նշանաբանով

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?