Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ Ժիրայր Ռէյիսեանի Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի Կենսագրական Գիծերը

April 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի երկուշաբթի օրուան թիւով տուած էինք Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին սուրիահայ համայնքի միասնական թեկնածու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեանի ընտրութեան լուրը:

Ստորեւ կու տանք երկու երեսփոխաններուն կենսագրական գիծերը.

ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ

jirayr_42016Ժիրայր Ռէյիսեան ծնած է Հալէպ: Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Լոնտոնի համալսարանին մէջ հետեւած է ակնաչափութեան: Սուրիա – Ֆրանսա միջպետական համաձայնագիրի մը տրամադրութեամբ ղրկուած է Ֆրանսա, Մոնփելիէ քաղաքի Փոլ Վալերի համալսարան` հետեւելու ֆրանսական մշակոյթի խտացուած դասընթացքի մը:

Գերմանական «Կէօթէ» հիմնարկին հրաւէրով ղրկուած է Գերմանիա, Թրոսինկեն քաղաքի համալսարանը` երաժշտական խտացուած դասընթացքի հետեւելու:                                                                                                  Ծառայած է կրթական մարզին` դասաւանդելով Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ  եւ երկար տարիներ վարած Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ նաեւ Հալէպի պետական երաժշտանոցին մէջ, ուր միաժամանակ անդամ է տեսչական խորհուրդին  եւ ղեկավարը տեսական բաժինին:

Ունեցած է երաժշտական եւ հասարակական լայն գործունէութիւն: Երաժշտական գետնի վրայ, ղեկավարած է երգչախմբային համերգներ, ստեղծած է ծանօթ «Պարոք» եռեակը, ղեկավարած է երաժշտանոցի աշակերտական նուագախումբը, ունեցած է երաժշտական բազմաթիւ դասախօսութիւններ, ուսումնասիրական աշխատանքներ  եւ յօդուածներ:  Իր գործերէն  հրատարակուած են չորս երաժշտական դասաւանդական գիրքեր եւ աշխատասիրութիւն մը`  կոմիտասեան երգերուն մէջ ազատագրական գաղափարներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան  անդրադարձներու մասին: Հեղինակած է շարժապատկերի երաժշտութիւն, թատրոնի, ինչպէս նաեւ մանկական ու հոգեւոր երգերու շարք մը:

Ազգային հասարակական կեանքին մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու, ինչպէս` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ընդհանուր ժողովին  եւ անոր մասնակի  զանազան ժողովներուն ու դասընթացքներուն:

Անդամ է Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական  օրէնսդիր  ժողովին, որուն ատենապետներէն մէկն  է ներկայիս: Անդամ է Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային դատաստանական խորհուրդի վերաքննիչ ատեանին: Եղած է Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Հալէպի խորհրդատու մարմինի անդամ: Երկար տարիներ աշխատած է Հայ դատի մարզին մէջ: Անդամ է Սուրիոյ պատմահնագիտական «Էլ Ատիաթ» ընկերակցութեան եւ կրկնակի գնահատուած յատուկ պատուոյ գիրերով: Վարչական մարմինի անդամ է Հալէպի Ազգային սկզբունքներու մարմինին, նաեւ Ազգային  հաշտեցման խմբաւորման:

Անկախ պետական թէ զանազան պաշտօնական կողմերէ ստացած գնահատագիրներէն եւ պատուոյ գիրերէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ձեռամբ` «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

nora_42016Դոկտ. Նորա Արիսեան ծնած է Դամասկոս, 1967-ին: Աւարտած է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ճեմարանը: 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է: 1988-ին եւ 1989-ին ֆրանսայի Սորպոն համալսարանէն ֆրանսերէնի մասնագիտացման երկու վկայականի տիրացած է: 1990-ին տիրացած է թարգմանութեան մասնագիտութեան բարձրագոյն ուսման վկայականին: 2001-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին:

1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը` իբրեւ գրասենեակի վարիչ, մամուլի պատասխանատու եւ թարգմանիչ` կատարելով նաեւ պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու բանաւոր թարգմանութիւններ: Դեսպանատան թարգմանութիւնները կը կատարէ մինչեւ օրս:

2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ: 2010-2013-ին աշխատակցած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ` իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու:

Կ’աշխատակցի Սուրիոյ մէջ հրատարակուող Արաբական հանրագիտարանին, ուր յօդուածներ կը հայթայթէ հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին: Ցեղասպանութեան նիւթով մասնակցած եւ ելոյթներ ունեցած է զանազան գիտաժողովներու` Միացեալ Նահանգներու «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Պէյրութի Հայկազեան եւ Գահիրէի համալսարաններուն մէջ: Զանազան առիթներով, արաբերէն եւ հայերէն դասախօսութիւններ ներկայացուցած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի զանազան քաղաքներուն մէջ: Զանազան լեզուներով մասնագիտական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ ունի շատ մը երկիրներու մէջ լոյս տեսած մամուլին մէջ: Քաղաքական եւ պատմական նիւթերով հանդէս եկած է պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն: Խմբագիրն է «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքին: Անդամ է Արաբ գրողներու միութեան (2007-ին. միակ սփիւռքահայ կին գրողն է, որ այս միութեան անդամակցած է):  2013-էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Դամասկոսի համալսարանին մէջ գործող Հայկական բաժինին: Հեղինակ է հինգ արաբերէն եւ հայերէն գիրքերու. 1.- «Հայերու արհաւիրքը սուրիական մտքին մէջ, սուրիացի մտաւորականներու դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ», Պէյրութ, 2002 (արաբերէն): 2.- «Հայոց ցեղասպանութեան արձագանգները սուրիական մամուլին մէջ (1877-1935)», Պէյրութ, 2005 (արաբերէն): 3.- «Տէր Զօր, մարտիրոսաց քաղաք», Հալէպ, 2010 (հայերէն): 4.- «Սուրիահայ երեսփոխանները Սուրիոյ խորհրդարաններուն մէջ 1928-2011», Դամասկոս, 2011 (արաբերէն): 5.- «100 տարի Հայոց ցեղասպանութեան – 100 արաբական վկայութիւններ», Պէյրութ, Հայկազեան համալսարան, 2015 (արաբերէն):

Դոկտ. Արիսեան ունի արաբերէնի թարգմանած շուրջ տասը հրատարակուած գիրքեր. 1.- Յակոբ Պարոնեանի, «Քաղաքավարութեան վնասները»: 2.- 2005-ին Յարութ Սասունեանի «The world speaks out» (անգլերէնէ թարգմանուած): 3.- 2005-ին «Վերապրողներու վկայութիւններ»: 4.- 2006-ին «Ընդդէմ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան» վերնագիրով գիրքը: 5.- 2006-ին Ալֆրետ Տը Զայասի «Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը եւ անոր առնչութիւնը Ցեղասպանութեան համաձայնագիրին հետ» վերնագիրով գիրքը: 6.- 2006-ին Գէորգ Աբելեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» պատմուածքներու գիրքը: 7.- 2006-ին Շահէ Աւագեանի «Լեռնային Ղարաբաղ – իրաւական ասպեկտներ»: 8.- 2014-ին Թաթուլ Յակոբեանի «Ղարաբաղի օրագիր»: 9.- 2015-ին «Հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան մէջ»: 10.- 2016-ին, «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը»:

Դոկտ. Նորա Արիսեան պարգեւատրուած է ստորեւ նշուած մետալ-շքանշաններով: 2006-ին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Վահան Թէքեան» շքանշանով: 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով: 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարի Խորհրդական Նունէ Վարդանեան Կը Ներկայացնէ Հայաստանի Մէջ Համալսարանական Ուսման Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Կոչ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.