ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը, որ կը կրէր «Տէր Զօրէն Թալիշ` մէկ դատ, մէկ պայքար» նշանաբանը, տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի կից «Խաչիկ Պապիկեան» կառատան մէջ, ուր համախմբուած հոծ թիւով հայորդիները ոտքի դիմաւորեցին «Սողոմոն Թեհլիրեան»-էն ջահերով տողանցող ԼԵՄ-ականները` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, որ հնչեցնելով Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները` բացուած յայտարարեց ոգեկոչման ձեռնարկը, ապա Ալիսիա Իշխանեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու ապրիլեան ու արցախեան նահատակներուն յիշատակը: Ա. Իշխանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ 1915-ին երիտթուրքերուն կազմակերպած Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Նոյն թուրքն է, որ անցնող շաբաթներուն խախտելով զինադադարը յարձակեցաւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ: «Կը գիտակցինք, ըսաւ ան, որ Թուրքիան ճիգ պիտի չխնայէ ոչնչացնելու հայ ազգը, բայց լա՛ւ, մենք ալ 1915-ի հայերը չենք: Մենք պահանջատէր ժողովուրդի զաւակներն ենք, Մայիս 28 կերտողներու, Արցախ ազատագրողներու եւ ազրպէյճանական յարձակումներուն դէմ դնող հերոսներու զաւակներն ենք: ՀՅԴ ԼԵՄ-ին համար ամէն օր Ապրիլ 24 է, ամէն օր պայքարի ու պահանջատիրութեան օր է: Պայքարէն յոգնողը պիտի մահանայ, պայքարով լեցուածը` պիտի ապրի ու տիրէ: Իսկ խօսքի աւարտին Իշխանեան ըսաւ. «Կը խոնարհինք նահատակներու մեծութեան դիմաց, կ՛երդնունք շարունակել հերոսներու ուղին, ըլլալ ջահակիրները Հայ դատի աշխատանքներուն եւ տէր կանգնիլ պայքարի առաջին գիծին: Միասին կերտենք հայոց արդարադատ պայքարի վճռական յաղթանակը»:
Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի կիթառահարներու համոյթը, որմէ ետք օրուան պատգամը տուաւ Լեւոն Աւետանեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ տարիներու հեռաւորութիւնը եւ յետեղեռնեան սերունդներու հերթափոխութիւնը պէտք չէ ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգներուն հաւաքական յիշողութենէն աստիճանաբար ջնջէ գործուած ոճիրին եղելութիւնը, ապա շարունակեց խօսքը ըսելով, թէ Ցեղասպանութեան յաջորդած առաջին հարիւրամեակը եղած է հայութեան վերականգնումի եւ ցեղասպանութեան հարցի արծարծման ու քաղաքականացման հարիւրամեակ, իսկ երկրորդ հարիւրամեակը պէտք է ըլլայ ցեղասպանութեան արդար ու ամբողջական հատուցման հանգրուան:
Ան հաստատեց, որ պայքարի առաջին ուղին պէտք է ըլլայ պահանջատիրութեան իրաւական թղթածրարի գործնականացումը, իսկ երկրորդ ուղին` հայրենի պետութեան հզօրացումը` քաղաքական տնտեսական եւ ընկերային առումներով:
Լեւոն Աւետանեան յայտնեց, որ մարտահրաւէրներու հետապնդման համար անհրաժեշտ է պահանջատիրութեան ընդհանուր ռազմավարութիւն մը:
Ան ըսաւ, թէ հայութիւնը կրնայ ձախողութեան մատնել Թուրքիոյ երազները եւ իրաւական, քաղաքական ու ազատագրական ուղղութիւններու առաջադրանքները յաջողութեամբ պսակել ներքին ճակատի հզօրացումով:
Պատգամախօսը նշեց, որ Արցախի դէմ շղթայազերծուած յարձակումները նորովի դրսեւորումներն են թուրք-ազրպէյճանական հայատեաց եւ ցեղասպանական հակումներուն, բայց ազրպէյճանական ծաւալապաշտական փորձերը լաւագոյն ձեւով զսպուած են Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողմէ:
Լեւոն Աւետանեան դիտել տուաւ, թէ Արցախի պատերազմի կարճատեւ հանգրուանը բաւարար էր վերահաստատելու, որ իրաւունքի տէր հայը անպարտելի է, եւ ամէնէն արդիական զէնքերն անգամ կը խոնարհին հայ զինուորի անխախտ կամքին ու պողպատեայ բազուկին առջեւ:
Աւետանեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ հայութիւնը իր քաղաքական աշխատանքին մէջ ալ պէտք չէ ակնկալիք ունենայ միջազգային ընտանիքէն, հայ ազգի դաշնակիցը ինքը հայ ազգն է: «Բոլորին յստակ պէտք է ըլլայ, որ զիջելու հող չունինք», նշեց Աւետանեան, ապա եզրափակելով ըսաւ. «Երկար է մեր դատի արդար լուծման տանող ճանապարհը, սակայն երկար է նաեւ մեր շունչը` 1915-էն անցած է 100-ամեակ եւ տարի մը: Եկող հարիւրամեակը պիտի ըլլայ մեր դատի արդար ու վերջնական լուծման հարիւրամեակ»:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ալիսիա Իշխանեան, որ ասմունքեց Յ. Շիրազի «Ամենայն սրտով» բանաստեղծութիւնը` շուիի ընկերակցութեամբ Հայկ Քէշիշեանի եւ Նաթալի Ապոքեանի, Կարինէ Մինասեան, որ ասմունքեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հայոց լեռներում» բանաստեղծութիւնը: Նարեկ Ճեմճեմեան մեկնաբանեց «Տլէ Եաման» երգը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն ընկերներ, որոնք մեկնաբանեցին ազգային հայրենասիրական փունջ մը երգեր:
Ցուցադրուեցաւ «Պայքար Ազատեան» խորագիրը կրող տեսերիզ մը, որ կը խօսի հայու ինքնութեան մասին, պատնէշի վրայ միշտ պատրաստ եւ յանձնառու հայ երիտասարդութեան տարած պայքարի ու յաղթական երթին մասին:
Պէտք է նշել, որ ձեռնարկին ընթացքին ԼԵՄ-ականները ջահերով հրկիզեցին թրքական դրօշը, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն բաժնեցին «Ռազմիկ» պարբերաթերթէն թիւեր:
Ձեռնարկի աւարտին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաները` տարեց, փոքր, երիտասարդ ու պատանի, վառած մոմերով, ջահերով, Եռագոյն դրօշներով լուռ ու խիտ շարքերով քալեցին մինչեւ Ազատութեան յուշարձան, ուր տեղադրելով մոմերը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին եւ ուխտը վերանորոգեցին` անկոտրում կամքով շարունակելու պայքարը յանուն հայութեան իրաւունքներու վերատիրացման ու հայրենիքի հզօրացման: