
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ իւրաքանչիւր երեքշաբթի առաւօտ ժամը 10:00-11:00 տեղի կ՛ունենայ հոգեւոր լսարան, որուն կը մասնակցին շուրջ 150 կիներ եւ օրիորդներ: Լսարանը կը կազմակերպուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ:
19 ապրիլ 2016-ի լսարանի աւարտին, մասնակիցները ուղղւեցան դէպի Նահատակաց մատուռ, ուր ծաղիկներ զետեղելով իրենց աղօթքները առ Աստուած բարձրացուցին` խնդրելով, որ նահատակ սուրբերուն բարեխօսութիւններուն ճամբով պահէ ու պահպանէ ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ
եկեղեցին` հայրենիքի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:


