Վերջին քանի մը օրերուն Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ տարածուած գարշահոտին պատճառով «Ազդակ» կապ հաստատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի հետ: Մսըրլեան յայտնեց, թէ ինք երէկ անձամբ այցելած է ծովեզերեայ շրջան` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանը կուտակուած նախկին աղբերու փոխադրութիւնը Նաամէի աղբանոց արդէն աւարտած է: Նոր աղբերու առժամեայ ամբարման վայրին մէջ առժամաբար տեղադրուած կապոցներէն ոչ մէկ հոտ կը տարածուի:
Գարշահոտը հետեւանք է նաւահանգիստին մէջ (Քարանթինայի շրջան) անցնող ամիսներուն կուտակուած աղբերու վերացման: