Գաղութային

Իր Այցելութիւններուն Ծիրին Մէջ  ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Լիբանանի Մէջ Մեքսիքայի Դեսպանին

Իր Այցելութիւններուն Ծիրին Մէջ ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Մեքսիքայի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան, Լիբանանի մէջ օտար դեսպանատուներ իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ այցելեց Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Մեքսիքայի դեսպան Խայմէ Կարսիա Ամարալի եւ անոր տեղակալ Անթոնիօ Քրուզ-Տիազի հետ: Շուրջ երեսուն վայրկեան տեւողութեամբ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումին ընթացքին...

«Ազդակ»-ի Ապրիլեան Բացառիկը`  Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ  Եւ Անի Պէզիքեաններու Հովանաւորութեամբ

«Ազդակ»-ի Ապրիլեան Բացառիկը` Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններու Հովանաւորութեամբ

Շուտով լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»-ի ապրիլեան բացառիկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր 35 աշխատակիցները: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդող հանգրուանին մասին իրենց մտածումներն ու վերլուծումները «Ազդակ»-ին ճամբով կը հրապարակեն ինչպէս լիբանանահայ գաղութէն, այնպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ «Ազդակ»-ին աշխատակցող մամուլի գործիչներ եւ մտաւորականներ: «Ազդակ-բացառիկ»-ի հովանաւորներն են «Ազդակ»-ի բարեկամ եւ մնայուն աջակից տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, որոնք գործակցելով Մեծի...

Ապրիլեան Բազմամարդ Ձեռնարկ`  Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղին

Ապրիլեան Բազմամարդ Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ձեռնարկ: Նախքան ձեռնարկին սկսիլը, ներկաները ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ քայլարշաւ կատարեցին Ֆանարի մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի դաշտ, ուր Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Արազ Գազանճեան: Ան նկատել տուաւ, որ «ապրիլ»-ը խորհրդանիշն...

Հայ Աւետարանական Քոլեճ.  «Հայոց Պատմութեան Յաղթական Երթը»  Խորագիրով Վաւերագրական  Ցուցահանդէսի Պաշտօնական Բացում

Հայ Աւետարանական Քոլեճ. «Հայոց Պատմութեան Յաղթական Երթը» Խորագիրով Վաւերագրական Ցուցահանդէսի Պաշտօնական Բացում

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճին, նախագահութեամբ քոլեճի հոգաբարձութեան, պատրաստութեամբ քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ քոլեճի ուսուցիչ, արուեստագէտ Վազգէն Մուղալեանի գեղարուեստական դասաւորումով, երէկ` երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Հայոց պատմութեան յաղթական երթը» խորագիրը կրող, Ն. Ք. դարերէն մինչեւ մեր օրերը երկարող վաւերագրական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի...

«Դէպի Ակունք-Գ.» Խորագիրով Պատանիներու Ձիրքերու Բացայայտման Ձեռնարկ

«Դէպի Ակունք-Գ.» Խորագիրով Պատանիներու Ձիրքերու Բացայայտման Ձեռնարկ

Կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համախարբերդցիական միութեան «Դէպի ակունք-Գ.» ձեռնարկը, որուն նպատակն է քաջալերել պատանիներու տաղանդներու յայտնաբերման: Այս առիթով խօսք առաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Մանկասարեան, որ ըսաւ, թէ իրենց հիմնական նպատակն է յայտնաբերել հայ պատանիներուն ձիրքերը, բանալով անոնց մտքի ու հոգիի դռները, զարգացնելու եւ գնահատելու զանոնք: Ան փոխանցեց, որ վարչութիւնը այս...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները  Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Ու Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ու Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը

Կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններէն 190 պատանիներ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք: Հաղորդութիւն ստանալէ ետք, անոնք Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Կարին Մինասեան ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» կտորը, որմէ ետք ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Նաթալի Մարգարեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը»: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական...

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն.  Թրքական Արտադրութիւններու Դէմ  Արշաւ` Արաքս Եւ Մարաշ Թաղերուն Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն. Թրքական Արտադրութիւններու Դէմ Արշաւ` Արաքս Եւ Մարաշ Թաղերուն Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, շաբաթ, 16 ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ թրքական արտադրութիւններու դէմ արշաւ մը` Պուրճ Համուտի Արաքս եւ Մարաշ թաղերուն մէջ: Արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մասնաճիւղերէն ընկերներ, որոնք խումբերու բաժնուելով պաստառներ ցուցադրեցին վերոյիշեալ փողոցներուն վրայ: Որոշ հեռաւորութիւններու վրայ զետեղուեցան ձայնի սարքաւորումներ, որոնք Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ սփռեցին ազգային եւ յեղափոխական երգեր, նոյն միջոցին ԼԵՄ-ականներէ բաղկացած...

«Ո՛չ Անարդարութեան,  Ո՛չ Անտարբերութեան, Ո՛չ Ժխտումին»  Պատանեկան Միութիւններու Քայլարշաւներ`  Զալքայի, Անթիլիասի Եւ Այնճարի Մէջ

«Ո՛չ Անարդարութեան, Ո՛չ Անտարբերութեան, Ո՛չ Ժխտումին» Պատանեկան Միութիւններու Քայլարշաւներ` Զալքայի, Անթիլիասի Եւ Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, շաբաթ,16 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ  քայլարշաւ մը` Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով «Ո՛չ անարդարութեան, ո՛չ անտարբերութեան, ո՛չ ժխտումին» կարգախօսով այս քայլարշաւէն ետք, մասնակիցները հասնելով մայրավանք, ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան մատրան դիմաց` ի յարգանս Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ Արցախի մէջ զոհուած...

Ծաղկեայ Փիլոնի Տուչութիւն`  Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեանին

Ծաղկեայ Փիլոնի Տուչութիւն` Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեանին

«Հայրենական Ճակատներուն Վրայ Մեր Զինուորները Իրենց Արիւնով Կը Պաշտպանեն Հայրենի Հողը» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան Երէկ` կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Պատարագի ընթացքին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոնդակը, որուն հիմամբ Ս. Նշան...

Դեսպանատուներ Իր Այցելութիւններուն  Ծիրին Մէջ.  ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատուն

Դեսպանատուներ Իր Այցելութիւններուն Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատուն, ուր դեսպանին երկրէն բացակայութեան պատճառով հանդիպում ունեցաւ դեսպանի տեղակալ Պենճամին Ուասթնէյճի եւ դեսպանատան երկրորդ քարտուղար, քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Նիքոլա Տի Լուցիոյի հետ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան...

«Ապրիլեան Դատով, Արցախի Ոգիով»  Ոգեկոչման Ձեռնարկ Եւ Մոմավառութիւն

«Ապրիլեան Դատով, Արցախի Ոգիով» Ոգեկոչման Ձեռնարկ Եւ Մոմավառութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով եւ Արցախի վերջին զարգացումներուն իբրեւ արձագանգ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի  «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին կազմակերպած «Ապրիլեան դատով, Արցախի ոգիով» ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին կից կառատան մէջ: Գուրգէն Փափազեան Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Եղեռնի զոհերուն եւ  անցնող օրերուն Արցախի մէջ զոհուած զինուորներուն յիշատակը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Քարոզչական Մարմին.  Արցախ Գործուղուած Լիբանանցի Լրագրողներու Հետ Հանդիպում Եւ Լրահաղորդումներու Ներկայացում

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Քարոզչական Մարմին. Արցախ Գործուղուած Լիբանանցի Լրագրողներու Հետ Հանդիպում Եւ Լրահաղորդումներու Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին երէկ` հինգշաբթի, 14 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արցախ գործուղուած եւ իրենց դիտանկիւնով Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային գօտիներուն վրայ տիրող իրավիճակը ներկայացուցած լիբանանցի լրագրողներուն հետ: Անոնք էին` «Էմ. Թի. Վի.», «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներ` Ժոել Քոզէյլի, Էտմոն Սեսին եւ Նաուալ Պըրրի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի...

Սուրիահայութիւնը Խիտ Շարքերով  Մասնակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն

Սուրիահայութիւնը Խիտ Շարքերով Մասնակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ սուրիահայութիւնը, իր համայնքապետներով, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով եւ ժողովրդային խիտ շարքերով, Սուրիոյ զանազան նահանգներուն մէջ մասնակցութիւն բերաւ խորհրդարանական ընտրութեանց: Հալէպի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, թեկնածու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Ազգային  վարչութեան հետ ուղղուեցաւ ընտրական կեդրոն` մասնակցելու քուէարկութեան: Նշենք, որ նշեալ ընտրութիւններուն սուրիական խորհրդարանի...

Իր Ձեռնարկած Այցելութիւններու Ծիրին Մէջ.  ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ  Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ

Իր Ձեռնարկած Այցելութիւններու Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի հետ: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ վերջին զարգացումները` իր մտահոգութիւնը յայտնելով 1994-ին Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Հայ Զինուորական Մը Զոհուեցաւ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ գամիշլիահայ Սպիտակ Ազատ Ղազարեան, Դամասկոսի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին արկածի մը իբրեւ հետեւանք զոհուած է: Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է շաբաթ, 9 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը այսու կը ծանուցէ, թէ 1962-ին ծնունդ առած «Բագին»-ը այս տարի կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը: 54 տարիներէ ի վեր, սփիւռքի մտաւորական ընտրանին «Բագին»-ի մէջ գտած է ստեղծագործական եւ բանասիրական երկակի հարթակ մը, որուն վրայ վաւերական անուններու կողքին երեւցած ու կազմաւորուած են անոնց յաջորդող սերունդները: Կարօ Սասունիով, Եդուարդ Պոյաճեանով ու Պօղոս Սնապեանով ձեւաւորուած...

SAT-ի Ծրագիրի Անվճար Դասընթացքներ

SAT-ի Ծրագիրի Անվճար Դասընթացքներ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Ուսանողական գրասենեակին (ԶՈԳ) , Ամանոսի «Աբօ Աշճեան» Երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ սկիզբ առին SAT-ի ծրագիրի անվճար դասընթացքները: SAT-ը, որ համալսարանի մուտքի քննութիւնն է, փոխեց իր նախկին ծրագիրը եւ քննութեան տեսակը: Առ այդ, ԶՈՄ-ը ծրագրեց այս անվճար դասընթացքներուն, որպէսզի առաւելագոյն թիւով հայ աշակերտներ առիթ ունենան ծանօթանալու եղած փոփոխութեան եւ լաւատեղեակ ըլլան համալսարանի մուտքի այս քննութեան, բնոյթին եւ...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան-Գրատարած Գիրքի Պատրաստութեան Մրցանքի Նախապատրաստական Հաւաք

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան-Գրատարած Գիրքի Պատրաստութեան Մրցանքի Նախապատրաստական Հաւաք

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած մանկական գիրքի պատրաստութեան մրցանքի բնոյթին եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար, ուրբաթ, 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին,  Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքի մասնակցութեան դիմում կատարած աշակերտներու հաւաք - նախապատրաստական հանդիպում մը: Յայտնենք, որ լիբանանահայ 13 վարժարաններէ 70 միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ կը մասնակցին այս մրցանքին: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուսուցիչներ: Նախ եւ...

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան  Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթին Առիթով.  Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Թրիփոլիի  Միւֆթիին` Մաղթելով, Որ Խաղաղութիւնը  Տիրէ Թրիփոլիի Եւ Համայն Լիբանանի Մէջ

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթին Առիթով. Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Թրիփոլիի Միւֆթիին` Մաղթելով, Որ Խաղաղութիւնը Տիրէ Թրիփոլիի Եւ Համայն Լիբանանի Մէջ

«Կ՛աղօթենք Լիբանանի հայ եւ արաբ երիտասարդներուն համար, որպէսզի անոնք միասնաբար գործակցին ի խնդիր Լիբանանի զարգացման ու յառաջդիմութեան», յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, երէկ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթին առիթով Թրիփոլիի եւ հիւսիսի Լիբանանի միւֆթի դոկտ. շէյխ Մալեք Շաարի տուած իր այցելութեան առիթով: Առաջնորդ սրբազանը, որուն կ՛ընկերակցէր պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Թրիփոլիի թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հարունեանի եւ...

«Դաշնակցութեան Ուժը Իր Առաջադրած  Գաղափարներու Վեհութեան Մէջ Է»  Ըսաւ Կարօ Յարութիւնեան

«Դաշնակցութեան Ուժը Իր Առաջադրած Գաղափարներու Վեհութեան Մէջ Է» Ըսաւ Կարօ Յարութիւնեան

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՅԴ-ն երէկ, այսօր եւ վաղը (անցեալի հետքերով, ապագայի տեսլականով)» նիւթով ձեռնարկը, որ սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, ինչպէս մաեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պատանի պարմանուհիները ներկայացումներով, կենդանի պատկերներով,...

Page 309 of 364 1 … 308 309 310 … 364

Արխիւներ