Գաղութային

Լիբանանի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտի Միօրեայ Աշխատանքային Հաւաք Եւ Սուրբ Պատարագ

Լիբանանի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտի Միօրեայ Աշխատանքային Հաւաք Եւ Սուրբ Պատարագ

Շաբաթ, 11 եւ կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին աշխատանքի եւ յատուկ աղօթքի ու պատրաստութեան օրեր էին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուներուն համար: Արդարեւ, շաբաթ, 11 հոկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց վերամուտի միօրեայ աշխատանքային հաւաք` գլխաւորութեամբ վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի: Օրը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց վարդապետներու տօնին առիթով, որմէ ետք հաւաքական յատուկ ...

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պուրճ Համուտի ու Սին Էլ Ֆիլի հաստատութիւններու աշխատանքի համակարգման յանձնախումբին եւ Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի հովանաւորութեամբ երէկ` ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2025-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի եւ Սին Էլ Ֆիլի ընկերային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ նահանգապետի ներկայացուցիչ, Մեթնի գայմաքամ Մարլեն Հատտատի, Պուրճ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Օգտուելով ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Սամ Կարապետեանի Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Նորվեկիոյ մէջ կազմակերպած ծրագիրին մասնակցութեան առիթէն, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Նորվեկիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւ Նորվեկիական Քրիստոնէական-ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Եոնաս Սայետին: Հայ դատի մարմինը նորվեկիացի երեսփոխանին ուշադրութեան յանձնեց, որ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնագիրին իբրեւ նպատակ կը նշուի «արդար, համապարփակ եւ...

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հինգշաբթի, 16 հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցած «Ազդակ»-ի 81-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր «Հայ-ճափոնական միջպետական յարաբերութիւնները եւ հայագիտութիւնը Ճափոնի մէջ»: Դասախօսն էր Թոքիոյի համալսարանի օտար լեզուներու բաժնի դասախօս դոկտ. Թաքայոքի Եոշիմուրա: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Եոշիմուրա  խօսեցաւ հայոց ժամանակակից պատմութեան տարբեր փուլերուն, յատկապէս Խորհրդային Միութեան օրերուն ներգաղթի երեւոյթներուն վերաբերեալ իր կատարած գիտաշխատութիւններուն մասին: Ճափոնցի հայագէտին...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը շարունակէ հայ համայնքի կառոյցներուն իր շրջագայութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը առիթ կը ստեղծէ մօտէն ծանօթանալու կառոյցներու գործունէութեան եւ դիմագրաւուած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմք կը հանդիսանայ համագործակցութեան հարթակի մը ստեղծումին: Այս ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեանի եւ անդամ`...

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանի, ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի  երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին Բ. յարկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, հրապարակագիր եւ հրապարակախօս Համբիկ Մարտիրոսեանի երեք գիրքերուն` «Բաժակ մը սէր», «Կեանք ու կարօտ-Երազ ու սէր» եւ «Նոր հայերգութիւն», շնորհահանդէսը: Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» մշակութային յանձնախումբի անդամ Աւետիս Տիպան, որ հաստատեց ձեռնարկին...

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ընդունեց «Անկախներ Լիբանանի համար» հանդիպման պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Րաֆֆի Մատէեանի, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեանի եւ անդամ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նոր ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէն եւ ներկայացուցիչը: Մատէեան իր խօսքը սկսաւ Հայկական հարցէն` շեշտելով հայերու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը իբրեւ կամուրջ` լիբանանցիներուն միջեւ: Քննարկուեցան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Քանատայի հայոց թեմը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերը: Յիշեալ թեմերուն մէջ վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար պիտի այցելէ Մոնրէալ, Թորոնթօ, Լոս Անճելըս, Ֆրեզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի եւ այլ շրջաններ: Վեհափառ հայրապետին հովուապետական...

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին կը յայտարարուի բացումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանին: Առ այդ, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան մատուցեց ս. պատարագ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Դպրեվանքի տեսուչ հայր սուրբին քարոզին կիզակէտն էր Մարկոսի Աւետարանի 8-րդ գլխուն մէջ...

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը» եռօրեայ միջշրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողով: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան ՀՅ Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական հետեւեալ 12 միութիւնները. Զաւարեան ուսանողական միութիւն (Լիբանան), Լիբանանի երիտասարդական միութիւն,  «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւն (Հայաստան), Հայաստանի երիտասարդական միութիւն, Արցախի երիտասարդական միութիւն, «Յովնան Դաւթեան» ուսանողական միութիւն (Իրան), «Ռուբէն» երիտասարդական միութիւն (Նոր Ջուղա, Իրան), «Ռոստոմ» երիտասարդական միութիւն (Թեհրան, Իրան),...

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս կը յիշատակէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը եւ այս առիթով երախտագիտութեամբ պատիւ կ՛ընծայէ` հայ գիրերու գիւտի հեղինակ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին ու անոնց անմիջական աշակերտներուն ու հետեւորդներուն, որոնք 5-րդ դարէն սկսեալ սեփական գիր ու գրականութեան ճամբով ո՛չ միայն մտքի լոյս բերին հայ ժողովուրդին ու կերտեցին հայոց մշակութային ոսկեդարը, այլեւ սեփական մշակոյթով երաշխաւորեցին մեր...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ծիրին մէջ, ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, այցելեց Ազգային Միացեալ վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի եւ հաշուական պատասխանատու Սարգիս Աւետիսեանի...

Յուղարկաւորութիւն` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի

Յուղարկաւորութիւն` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի

9 հոկտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի վերջին հրաժեշտը, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Այնճարի գերեզմանատան մէջ: Ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայացուիչ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի ներկայացուցիչը, հանրապետութեան...

«Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղի Ներկայացումները Սկսան

«Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղի Ներկայացումները Սկսան

Երէկ՝ 10 հոկտեմբեր 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղին աշակերտական ներկայացումը՝ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն յատուկ։ Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ առաջին երեկոյթը՝ ներկայութեամբ թատերասէրներու։ Թատերախաղի բեմադրիչն է Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, իսկ հեղինակը` Վաչէ Ատրունին: Դերասաններն են Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, Ժան Պէքէրէճեան, Անի Պարիկեան, Դալար Արսլանեան, Զաւէն...

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.   Զիատ Ռահպանի Նուիրուած Նախաձեռնութիւն

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Զիատ Ռահպանի Նուիրուած Նախաձեռնութիւն

 Ն. ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ-ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ Այնճարի մէջ  այս տարուան Մեծարենցեան երեկոներու մշակութային ձեռնարկներու վերջինը` չորրորդը, նուիրուած էր  երգահան, երգիծաբան, քննադատ, դերասան, թատերագիր, Ֆէյրուզ եւ Ասի Ռահպանիներու զաւակ` Զիատ Ռահպանիի: Կիրակի, 7 սեպտեմբեր 2025-ին կայացած երեկոյին հանդիսավարն էր Այնճարի Աւետարանական վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան, իսկ օրուան դասախօսն էր Մեծարենցեան երեկոներու արաբ մշակոյթի մասին դասախօս Ուաժտի Պըրպերին, որուն իններորդ ելոյթն էր Մեծարենցեան երեկոներու...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, այցելեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Գայեանէ Մսըրլեանի եւՄերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Արամ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Ցաւակցական Գրառումը` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի Մահուան Առիթով

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Ցաւակցական Գրառումը` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի Մահուան Առիթով

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի մահուան առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով մեծ ցաւով կը գուժենք մահը նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի. անոր, որ լիբանանեան բանակի կառոյցին, լիբանանեան քաղաքական կեանքին եւ հայ հասարակութեան մէջ իր պարկեշտութեամբ եւ հասարակաց շահին համար իր...

Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Նախարար Փանոս Մանճեան Երէկ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեան կնքեց իր մահկանացուն: Մանճեան ծնած է 3 դեկտեմբեր 1952-ին, Պէյրութ: Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» քոլեճին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ: 1972 թուականին մուտք գործած է Լիբանանի Սպայից վարժարան, ուրկէ վկայուելով 1975-ին դարձած է լիբանանեան բանակի սպայ: Բանակին մէջ ծառայած է 38 տարիներ: 2001-ին...

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Հինգերորդ Տարելիցի Նշում

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Հինգերորդ Տարելիցի Նշում

«Եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել,  պէտք է երթալ եւ հայ զինուորի կողքին կենալ» Գէորգ Հաճեան Կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2025-ին Այնճարի մէջ ոգեկոչուեցաւ Այնճարի արժանաւոր զաւակ, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան 5-րդ տարելիցը: Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի հոգեհանգստեան  արարողութիւն կատարուեցաւ անոր յիշատակին: Անկէ ետք, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական- քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, «Գ....

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Արդարեւ, Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւններ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն պիտի այցելեն գաղութին մէջ նշեալ հաստատութիւնները եւ հանդիպում ունենան անոնց տնօրէնութիւններուն, խնամակալութիւններուն եւ պաշտօնէութեան հետ: Այս ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Page 28 of 364 1 … 27 28 29 … 364

Արխիւներ