Երէկ՝ 10 հոկտեմբեր 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղին աշակերտական ներկայացումը՝ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն յատուկ։ Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ առաջին երեկոյթը՝ ներկայութեամբ թատերասէրներու։
Թատերախաղի բեմադրիչն է Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, իսկ հեղինակը` Վաչէ Ատրունին: Դերասաններն են Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, Ժան Պէքէրէճեան, Անի Պարիկեան, Դալար Արսլանեան, Զաւէն Պաաքլինի եւ Մելիք Պետրոսեան։
Այսօր գիշեր տեղի կ՛ունենայ երկրորդ երեկոյթը, իսկ կիրակի, 12 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին՝ վերջին ներկայացումը: