Ն. ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ-ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Այնճարի մէջ այս տարուան Մեծարենցեան երեկոներու մշակութային ձեռնարկներու վերջինը` չորրորդը, նուիրուած էր երգահան, երգիծաբան, քննադատ, դերասան, թատերագիր, Ֆէյրուզ եւ Ասի Ռահպանիներու զաւակ` Զիատ Ռահպանիի:
Կիրակի, 7 սեպտեմբեր 2025-ին կայացած երեկոյին հանդիսավարն էր Այնճարի Աւետարանական վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան, իսկ օրուան դասախօսն էր Մեծարենցեան երեկոներու արաբ մշակոյթի մասին դասախօս Ուաժտի Պըրպերին, որուն իններորդ ելոյթն էր Մեծարենցեան երեկոներու շարքին:
Օրուան հանդիսավարը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Ղարիպեաններուն, որոնք բնաւ չեն զլանար ամէն տարի Մեծարենցեան երեկոները կազմակերպել իրենց տան բակին մէջ, ապա հրաւիրեց հիւր դասախօսը:
Ուաժտի Պըրպերի խոստովանեցաւ, որ օրուան դասախօսութիւնը թէեւ նուիրուած էր Ռահպանի եղբայրներուն, բայց անոնց որդիին` Զիատի անժամանակ մահը` 26 յուլիս 2025-ին, պատճառ եղաւ, որ անիկա Զիատին նուիրուի:
Դասախօսը ըսաւ, որ Զիատի գործերը` որակով եւ քանակով, առաւել սերունդներու ունեցած սէրը անոր երաժշտութեան նկատմամբ, մեզ կը ստիպեն ամբողջ օր մը յատկացնել` անդրադառնալու անոր գործերուն եւ ունկնդրելու անոր յօրինած երաժշտութիւնը:
Ապա ան ներկայացուց Զիատ Ռահպանիի կենսագրական ընդհանուր գիծերը: Ան ծնած եւ մեծցած էր երաժշտահան ընտանիքի մը յարկին տակ, սակայն ունեցած էր դժուար ու բարդ ընտանեկան պարագայ: Իր աշակերտական տարիներէն իսկ անոր հայրը միշտ խնդրած էր իրմէ, որ դաշնակ նուագէ հօրը արձանագրութիւններու ընթացքին, եւ այս մէկը մղած է զինք յաճախ փախուստ տալու դպրոցէն, ինչ որ ալ միւս կողմէ առիթ եղած է, որ անոր տաղանդը զարգանայ` թէ՛ երաժշտական յօրինումներով, թէ՛ գրական նիւթերով:
Զիատ Ռահպանի 9 տարեկանին սկսած է դաշնակի դասերուն` Ռեմոնտ Ճելալեանին հետ, ապա շարունակած է Ռեմոնտի ամուսնոյն` Պօղոս Ճելալեանին հետ: 14 տարեկանին սկսած է երգեր յօրինել` ազդուած մեծ երաժիշտներէ, ինչպէս` Սայիտ Տարուիշ եւ շէյխ Զաքարիա Ահմատ: Իր առաջին բառերով երաժշտական յօրինումներ են Մարուան Մահֆուզի եւ Հուտայի մեկնաբանութեամբ երգեր:
Ուաժտի Պըրպեր Զ. Ռահպանին նմանցուց ջինջ հայելիի մը` յստակ ու վճիտ կերպով արտացոլացնողը իր շրջապատի վիճակին, որ մնայուն ներկայութիւն է իր գործերուն, մանաւանդ թատրոններուն եւ երգերուն մէջ: Ան ուշիմութիւնը ժառանգած էր իր հօրմէն, ինչպէս նաեւ` մօրմէն: Ան երեւութապէս ընբոստացած էր իր ծնողքին դէմ, սակայն խորքին մէջ ան կը ցոլացնէր անոնց միտքերը եւ կը ներկայացնէր զայն երգիծական եւ քննադատական ոճով:
2018-2019 թուականներուն Զիատ Ռահպանի աշխուժօրէն վերադարձաւ իր աշխատանքներուն եւ բեմին` Պէյթէտտին փառատօն, հարցազրոյցներ, ներկայացումներ տարբեր շրջաններու մէջ, մինչեւ 2019, երբ 6 ներկայացումներով հանդէս եկաւ 5 տարբեր երկիրներու մէջ: Սակայն գործին ճնշուածութիւնը ազդեց անոր առողջութեան վրայ եւ ստիպեց զինք հրաժարելու շատ մը աշխատանքներէ ու ներկայացումներէ: Ըստ բանախօսին, Զիատի յաջողութեան սկիզբը «Մայս էլ ռիմ»-ն էր, որ հասցուց զինք համաշխարհայինի եւ ճազի ոճին մէջ իր կարեւոր տեղը գրաւելու:
Դասախօսութեան աւարտին Ուաժտի Պըրպերի հաստատեց, որ Զիատի վսեմ ու իւրայատուկ երաժշտութիւնը պիտի շարունակէ հարստացնել բոլոր իր ունկնդիրներուն ներաշխարհը, ուր պիտի թափանցէ անոր վսեմ հոգին, շեշտելով, որ ան մեկնեցաւ` իր ետին ձգելով հարուստ ժառանգութիւն մը մեզի համար:
Հետաքրքրական եւ հարստացնող երեկոյ մըն է Զիատ Ռահպանիի նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը: