Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարան

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, այցելեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Գայեանէ Մսըրլեանի եւՄերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Արամ Սոմունճեան:

Տնօրէն Գայեանէ Մսըրլեան գոհունակութիւն յայտնեց պատուիրակութեան այցելութեան համար: Ան ներկայացուց տեղեկութիւններ դպրոցի պատմութեան եւ անոր ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ ներկայ գործունէութեան եւ գալիք ծրագիրներուն մասին, որոնք պիտի նպաստեն դպրոցի որակաւորման եւ մակարդակի բարձրացման: Անդրադարձաւ նաեւ դպրոցի դիմագրաւած զանազան դժուարութիւններուն եւ շեշտեց, որ պէտք է կարելին ընել հայ աշակերտին համար հայ դպրոցը շարունակական կրթօճախ պահելու, այդ առումով ալ կարեւոր նկատեց օժանդակութիւններու տրամադրումը: Ան շեշտեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, դպրոցը, իր ուսուցիչներով եւ աշխատակազմով, իր կարելին կ՛ընէ աշակերտութեան փոխանցելու հայկական դիմագիծ, ինչպէս նաեւ լաւագոյն կերպով կ՛իրականացնէ կրթական ծրագիրը:

Պալապանեան իր կարգին յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ մօտէն ծանօթանալ դպրոցի գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որպէսզի միասնաբար կարելի ըլլայ խնդիրներու լուծումին հասնիլ: Ան աւելցուց, որ այսօր Լիբանանի մէջ կը պակսի կենսունակ կեանքը` վերջին տարիներու հարցերուն պատճառով: Առ այդ, կայ հրամայականը հաւաքաբար գործելու եւ ուժերը մէկտեղելով նպաստելու հայ համայնքի բարօրութեան: Պալապանեան կարեւոր նկատեց այս ձեւաչափի հանդիպումները, որովհետեւ անոնք նախ եւ առաջ ոգեշնչման դրական մթնոլորտ մը կը ստեղծեն, ինչպէս նաեւ դուռ կը բանան համագործակցութեան` պահպանելու համար հայկական պատկանելիութիւնը:

Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին հետ` լսելու համար անոնց դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւնները եւ մտահոգութիւնները:

Աւարտին, պատուիրակութիւնը շրջեցաւ վարժարանին մէջ` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոր գործունէութեան եւ անցուդարձերուն:

Նախորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Ցաւակցական Գրառումը` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի Մահուան Առիթով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (8 Հոկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?