Գաղութային

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» գրասենեակի բացում: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի անդամ Լուսիկ Աֆարեան, որ անդրադարձաւ նախաձեռնութեան նպատակին` յիշել, յարգել եւ արժեւորել բոլորին շատ սիրելի Սարգիս Կիրակոսեանը, որ իր ինքնուրոյն ստեղծագործական ուղիով ու աւանդով իւրայատուկ եւ պատուաւոր տեղ գրաւած...

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, 9-17 օգոստոս 2025-ին, Լիբանանի Տէր  Հարըֆի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին տարեկան բանակումը, որ կը կրէր «Պուրճ Համուտը` սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը» խորագիրը: Մասնաճիւղի սկաուտական ութ խմբաւորումները ստանձնեցին եւ ներկայացուցին Պուրճ Համուտը խորհրդանշող եւ նշանաւոր դարձնող բաժիններ: Խումբերը ձեռային աշխատանքներով,  պատի թերթերով եւ օգտաշատ...

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Առցանց Նիստ

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Առցանց Նիստ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 07:00-ին (Պէյրութ), Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց նիստը կայացաւ։ Վեհափառ Հայրապետը նախ զեկուցեց Ղազախիստան կատարած այցելութեան եւ այնտեղ տեղի ունեցած միջ-կրօնական միջազգային գագաթաժողովին մասին։ Նիստերու մասնակցութեան առընթեր Հայրապետը առիթ ունեցած է տեսակցելու ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին, Երուսաղէմի յոյւնաց պատրիարքին եւ Պապի անձնական ներկայացուցիչին հետ։ Քիրիլ Պատրիարքին հետ Նորին...

Խաչվերացի Տօն Եւ Միաբանական Խոստում

Խաչվերացի Տօն Եւ Միաբանական Խոստում

Զմմառու մայրավանքի Փոխման Սուրբ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ  Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ մեծ հանդիսութեամբ: Կիրակի, 14 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին մայրավանքի թանգարանին մէջ մեծ խանդաղատանքով պահուած Քրիստոսի Կենաց խաչի մասունք պարունակող խաչը` զարդարուած ռեհանով, տեղադրուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի խորանին վրայ: Այդ պահուն ցնծաց եւ պայծառացաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը, քանզի քառաթեւ վայելչական պսակի փուշովը զարդարեց իր խորանը, որ սրսկուած էր...

Յարգանք` Նիկոլ Աղբալեանի Եւ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէութեան Ննջեցեալներուն

Յարգանք` Նիկոլ Աղբալեանի Եւ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէութեան Ննջեցեալներուն

Հայկական իրականութեան, յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունեցող բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու կերտիչ ու պահապան, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, կուսակցական անձնուրաց տիպար Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակը վառ պահելու նպատակով,  կիրակի, 28 սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ խումբ մը կուսակցականներ այցելեցին Ֆըրն...

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ՝ Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2025-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կազմակերպած միջ-ուսանողական խորհրդաժողովի մասնակիցները։ Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններ։ Խօսք առնելով միութեան վարչութեան ատենապետ Սամիկ Կարապետեան` խորին երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր օրհնութեամբ ու հայրական ներկայութեամբ կարելի դարձաւ մեկնարկել միութեան կազմակերպած յիշեալ խորհրդաժողովը: Ապա,...

Լուսաբանութիւններ` Վնասներու Չափագրումին Եւ Պետական Հատուցումներուն Մասին

Հաղորդագրութիւն

Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ նորութիւններ եւ տեղեկատուութիւն տարածելու երեւոյթը հետզհետէ աւելի կ՛աճի: Այս անհատներէն ոմանք տեղեկատուութիւն կը տարածեն անկեղծօրէն եւ արհեստավարժ կերպով` ազնուօրէն կատարելով իրենց լրատուական պարտականութիւնները: Այս անհատներուն մեծ մասը լրատուամիջոցներու ոլորտին մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող հաստատութիւններ եւ անհատներ են: Սակայն միւսները իրենք իրենց կ՛արտօնեն լուրեր եւ տեղեկատուութիւն պատահականօրէն տարածել` առանց փաստերը հետաքննելու եւ...

«Ազդակ»-Ի 80-րդ Առցանց Լսարան.  «Հայերը Եւ Ամերիկայի Ու Գերմանիոյ Ցեղային Քաղաքականութիւնը» Նիւթը Ներկայացուց Վարդան Մատթէոսեան

«Ազդակ»-Ի 80-րդ Առցանց Լսարան. «Հայերը Եւ Ամերիկայի Ու Գերմանիոյ Ցեղային Քաղաքականութիւնը» Նիւթը Ներկայացուց Վարդան Մատթէոսեան

«Ազդակ»-ի 80-րդ առցանց լսարանը  տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 սեպտեմբեր 2025-ին: Նիւթն էր «Հայերը եւ Ամերիկայի ու Գերմանիոյ ցեղային քաղաքականութիւն», դասախօսը` պատմաբան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան: Դոկտ. Մատթէոսեան նախ խօսեցաւ ցեղի գաղափարի հոլովոյթին մասին, անդրադարձաւ անոր լեզուաբանական բացատրութիւններուն, մարդկային ցեղի 5 դասակարգումներուն, հնդեւրոպական լեզուներու գաղափարին եւ անոր աշխարհագրական տարածականութեան: Դասախօսը լուսարձակի տակ առաւ արիացիներու Ասիայէն դէպի...

Միջկուսակցական Հանդիպում

Միջկուսակցական Հանդիպում

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 սեպտեմբերին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։ Ժողովականները նախ քննարկեցին շրջանային խնդիրները, ստեղծուած թէժ իրավիճակները, յատկապէս Կազայի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ընդգծելով, որ նման վարքագիծ չի կրնար առաջնորդել իսկական խաղաղութեան։ Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած հաստատումներուն՝ ժողովը նկատեց, որ ցեղասպանութեան թեման կը շահագործուի յատկապէս Անգարայի հետ լարուած յարաբերութիւններու ընթացքին, եւ ճանաչումը...

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 սեպտեմբեր 2025-ին Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։ Պատուիրակութիւնը մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Ղասսան Հասպանի, Մելհեմ Ռիաշի, Ռազի Հաժ, նախկին նախարար Ռիշարտ Գույումճեան, ինչպէս նաեւ շարք մը շրջանային համակարգողներ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ...

Բագրատունի Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ  Ազգային Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց  Դեսպան Պուխարին

Բագրատունի Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ Ազգային Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց Դեսպան Պուխարին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ ազգային տօնին առիթով շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, թագաւորութեան ու սէուտցի եղբայրական ժողովուրդին մաղթելով յաւելեալ յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում: «Այսօր, Սէուտական Արաբիոյ մէջ եղբայրներուն հետ կը կիսենք հայրենիքի բերկրանքը եւ մեր աչքերուն առջեւ կը բերենք...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 110-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 86-Ամեակի  Հանդիսաւոր Տօնախմբութիւն

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 110-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 86-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնախմբութիւն

Մուսա լերան հերոսամարտի 110-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 86-ամեակին առիթով սեպտեմբերի կիսուն սկսած ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնականը` ժողովրդային տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 20 սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան համալիրի կից գտնուող տարածք, ուր կայացաւ ձեռնարկը: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին` Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց...

Արուեստագէտ Զոհրապի Գործերէն Մէկը Կը Նուիրուի ԼՕԽ-ին

Արուեստագէտ Զոհրապի Գործերէն Մէկը Կը Նուիրուի ԼՕԽ-ին

6 սեպտեմբեր 2025-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշանաւոր արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի ստեղծագործութիւններէն գեղանկար մը նուիրուեցաւ ԼՕԽ-ին` ներկայութեամբ Զոհրապի զարմուհի Թալին Գանլէճեանի, արուեստագէտ Ժագլին Օհանեանի, Սեդա Խտըշեանի եւ Յակոբ Փանոսեանի: Զոհրապ իր կտակին մէջ յիշած էր, որ իր գործերը բաժնուին, սփիւռքի եւ հայրենիքի ազգային կառոյցներուն: Անոր զարմուհին Զոհրապի գործերէն նուիրած է արդէն Զմմառու Սուրբ Տիրամօր վանքին, Լիբանանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ  Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի  Ներկայացուցիչին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Ներկայացուցիչին Հետ

Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական միջազգային վեհաժողովին պետութեան հրաւէրով իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ բացման նիստին խօսքեր արտասանեցին Ռուսիոյ Քիրիլի պատրիարքը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Այս առիթով անոնք առանձին հանդիպում ունեցան: Երկու հոգեւոր պետերը լայնօրէն քննարկեցին հայ եւ ռուս եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները: Կրօնական հարցերու առընթեր, արծարծուեցան նաեւ հարցեր ու մտահոգութիւններ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութեան, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւման,...

Ղազախստանի Միջկրօնական Վեհաժողովին`  «Միջկրօնական Երկխօսութիւնը  Անհրաժեշտ Է Վերածել Գործակցութեան»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ղազախստանի Միջկրօնական Վեհաժողովին` «Միջկրօնական Երկխօսութիւնը Անհրաժեշտ Է Վերածել Գործակցութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող միջկրօնական վեհաժողովի բացման նիստին խօսք առնելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց երկրի նախագահին ու պետութեան ճիգը կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, եւ ներկայ վեհաժողովի մասնակից աշխարհի բոլոր կրօններու հոգեւոր պետերն ու անոնց ներկայացուցիչները: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ միջկրօնական երկխօսութեան ու անոր յատուկ կարեւորութեան` տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ: Ան շեշտեց, որ երկխօսութեան օրակարգը պէտք...

Եւրոպական Երգչախմբային Միութեան Ուսուցողական Շրջապտոյտին Առիթով.    Եւրոպացի Խումբ Մը  Երաժիշտներ Եւ Երգչախմբային Կատարողներ Այցելեցին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Եւրոպական Երգչախմբային Միութեան Ուսուցողական Շրջապտոյտին Առիթով. Եւրոպացի Խումբ Մը Երաժիշտներ Եւ Երգչախմբային Կատարողներ Այցելեցին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Երկուշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ գեղարուեստի պատասխանատուներուն ծանօթացման հանդիպումը Եւրոպական երգչախմբային միութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող եւրոպացի երաժիշտներուն եւ երգչախմբային կատարողներուն: Հաւաքի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Սարգիս Մակարեան, որ ներկայացուց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութիւնը, մթնոլորտը եւ բաժինները: Ան հաստատեց,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Ղազախստանի  Մայրաքաղաք Ասթանայի Մէջ Գումարուող  Միջազգային Միջկրօնական Համագումարին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Ղազախստանի Մայրաքաղաք Ասթանայի Մէջ Գումարուող Միջազգային Միջկրօնական Համագումարին

Հրաւէրով Ղազախստանի պետութեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մասնակցեցաւ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուող միջկրօնական միջազգային վեհաժողովին, չորեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2025-ին: Վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի գրեթէ բոլոր կրօններու` քրիստոնէութեան, իսլամութեան, հրէութեան, պահայի, հինտուականութեան, պուտտայականութեան, շինթոյականութեան եւ այլ տեղական-աւանդական կրօններու հոգեւոր պետերը: Անոնց առընթեր նաեւ ներկայ էին միջազգային կրօնական կազմակերպութիւններու, միջկրօնական երկխօսութեան կառոյցներու եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները: Յայտնենք, որ...

«Մուսա Լերան 18 Նահատակները»  Եւ «Լեռ Փառապանծ» Միացեալ Գիրքի Գինեձօն

«Մուսա Լերան 18 Նահատակները» Եւ «Լեռ Փառապանծ» Միացեալ Գիրքի Գինեձօն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մուսա Լերան 18 նահատակները» եւ «Լեռ փառապանծ» միացեալ գիրքի գինեձօնը: Բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակը, ապա իր խօսքին մէջ յիշատակեց լեռ  փառապանծը, կախարդական, սրբազան լեռը,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Մասնակցեցաւ Վատիկանի Մէջ Կայացած 21-րդ Դարու  Նահատակներու Նուիրուած Արարողութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Վատիկանի Մէջ Կայացած 21-րդ Դարու Նահատակներու Նուիրուած Արարողութեան

Կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ, Լեւոն ԺԴ. պապին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական յատուկ արարողութիւն` նուիրուած 21-րդ դարու բոլոր նահատակներուն: Յիշեալ արարողութեան մասնակցելու համար Պապը պաշտօնական հրաւէր ուղղած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներու պետերուն: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին, արարողութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան: Այս...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Ղազախիստան`  Ընդառաջելով Պետութեան Հրաւէրին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Ղազախիստան` Ընդառաջելով Պետութեան Հրաւէրին

Երկուշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Տուպայի ճամբով մեկնեցաւ Ասթանա` ընդառաջելով Ղազախիստանի պետութեան հրաւէրին: Վեհափառ հայրապետը պիտի մասնակցի պետութեան կողմէ կազմակերպուած աշխարհի բոլոր կրօններու հոգեւոր պետերու միջազգային վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ ներկայ պիտի գտնուի այլ ձեռնարկներու: Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ ռուս եկեղեցւոյ պետ Քիրիլ պատրիարքին, Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Թէոֆիլոս Գ. պատրիարքին եւ այլ...

Page 29 of 364 1 … 28 29 30 … 364

Արխիւներ