ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Արդարեւ, Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւններ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն պիտի այցելեն գաղութին մէջ նշեալ հաստատութիւնները եւ հանդիպում ունենան անոնց տնօրէնութիւններուն, խնամակալութիւններուն եւ պաշտօնէութեան հետ:
Այս ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Տնօրէն Կրեկուար Գալուստ գոհունակութիւն յայտնեց պատուիրակութեան այցելութեան համար: Ան ընդգծեց հայկական կառոյցներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը` ի շահ համայնքի բարեկեցութեան: Անդրադառնալով դպրոցի շրջակայ տարածքի դժուարութիւններուն` Կրեկուար Գալուստ բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած կառուցման, նորոգութեան եւ մաքրութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ օժանդակութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ համայնքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, նամանաւանդ վերջին տարիներու տագնապալի եւ պատերազմական վիճակի ընթացքին:
Պալապանեան իր կարգին շեշտեց հաւաքական աշխատանքի կարեւորութիւնը: Ան յայտնեց, որ համայնքի շարունակական գոյութեան եւ բարեկեցութեան համար իւրաքանչիւր անհատ պէտք է իր մասնակցութիւնը ցուցաբերէ եւ համերաշխութեամբ համագործակցի, որպէսզի այսպիսով հաւաքական աշխատանքի շնորհիւ կարողանանք լաւապէս իրագործել համայնքի պահպանման աշխատանքները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ դպրոցի ներկայ իրավիճակին: Կրեկուար Գալուստ ներկայացուց դպրոցի գործունէութիւնը եւ սկսած ծրագիրները` յայտնելով, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կը շարունակէ յառաջդիմել` հանդիսանալով կրթօճախ մը հայ համայնքի զաւակներուն:
Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի տնտեսական տագնապին պատճառով ստեղծուած դժուարութիւններուն, քննարկուեցան նաեւ օժանդակութեան տրամադրման աշխատանքները, որոնք ուսումը հասանելի կը դարձնեն հայ աշակերտին:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին հետ` լսելով անոնց դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւնները եւ մտահոգութիւնները:
Աւարտին, պատուիրակութիւնը շրջեցաւ վարժարանին մէջ` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոր գործունէութեան եւ անցուդարձներուն:
Յաջորդ այցելութիւնն էր «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, ուր Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը դիմաւորեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան:
Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ տարածքին մէջ` մօտէն ծանօթանալով անոր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ զրոյցներ ունեցաւ այդտեղի այցելուներուն հետ:
Ապա, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ հաստատութեան տնօրէնին եւ ընկերային ծառայողներուն հետ:
Պալապանեան յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է մօտէն ծանօթանալ հաստատութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կապերը սերտացնել եւ միասնաբար գործել համայնքի բարօրութեան համար: Ան յայտնեց, որ Լիբանանը վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին անցաւ բազմաթիւ փորձութիւններէ, այդ պատճառով ալ այսօր աւելի քան երբեք համախմբման եւ համերաշխ գործելու պահանջը կայ, որպէսզի հայ համայնքը կարենայ վերակազմաւորուիլ ամուր հիմքերու վրայ:
Կիտանեան յայտնեց, որ այսպիսի հանդիպումները առիթ կ՛ընծայեն քննարկելու հաստատութեան եւ առհասարակ համայնքի դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ միասնաբար լուծումներ առաջադրելու:
Տնօրէն Օհանեան իր կարգին գնահատեց կուսակցութեան տարած գործունէութիւնը, որով ան կը ձգտի տեղական մարմիններուն հետ սերտ կապեր պահել` ապահովելու համար համայնքի բարեկեցութեան առիթները, ինչպէս նաեւ կարելին կ՛ընէ հասնելու ժողովուրդի պէտքերուն:
«Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութեան առումով, տնօրէն Օհանեան ներկայացուց բժշկական, հոգեբանական, դեղորայքի տրամադրումի եւ այլ ձեւի տարուած աշխատանքները: Այս ծիրին մէջ ան յայտնեց, որ հաստատութիւնը առաջնահերթութիւն կը նկատէ հայուն օժանդակելու եւ անոր կարիքներուն հասնելու հրամայականը:
Պալապանեան անդրադարձաւ բարեսիրական հաստատութիւններու համագործակցութեան: Ան բարձր գնահատեց հաստատութիւններու միջեւ կապի պահպանումը եւ համագործակցութեան հիմքի յառաջացումը: Ինչպէս նաեւ շեշտեց հարթակ մը պատրաստելու կարեւորութիւնը` գործունէութիւնը մէկտեղելու եւ համախմբուած ծառայելու յանուն համայնքի բարօրութեան: